Ժիւտօ. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան Չորս Մարզիկով Պիտի Մեկնի Փրակա

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 16-18 նոյեմբերին Փրակայի մէջ (Չեխիա) տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի ժիւտոյի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան` չորս մարզիկով:

Այդ չորսն են` Գրիգոր Իվանեան (60 քկ), Գոռ Յարութիւնեան, Տիգրան Վարոսեան (66 քկ) եւ Արտեոմ Պաղտասարեան (81 քկ):

Հաւաքականին մարզիչն է Տիգրան Խիթարեան:

Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ եւ միջազգային կարգի իրաւարար Դաւիթ Խիթարեան, որ Եւրոպայի ժիւտոյի ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցաշարքին համար նկատի առնուած է իբրեւ գլխաւոր իրաւարար, կը յայտնէ, որ նախորդ շաբաթավերջին 23 տարեկանէն վար հաւաքականը մեկնեցաւ Արմաւիր (Ռուսիա)` ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու, լաւապէս պատրաստուելու համար այս ախոյեանութեան:

Թէեւ Ռուսիա մեկնողները եղան եօթը մարզիկներ, սակայն յայտարարուեցաւ, որ աւելի ուշ Փրակա մեկնողներուն թիւը պիտի նուազի չորսի:

 

Share this Article
CATEGORIES