Հայաստան Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ձմեռնային Երիտասարդներու 11-րդ Ողիմպիական Փառատօնին
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ փետրուար 2013-ին Ռումանիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ձմեռնային երիտասարդներու 11-րդ ողիմպիականի փառատօնին:
Այս փառատօնը պիտի ըլլայ մեծագոյն մարզական իրադարձութիւնը` Ռումանիոյ մարզական պատմութեան մէջ:
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէջէն` հայկական աղբիւրը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Ռումանիոյ Պրաշով քաղաքին մէջ 16-20 փետրուարին տեղի ունենալիք այս մարզահանդէսին կը նախատեսուի 49 երկիրներու մասնակցութիւնը:
Նշենք, որ Եւրոպայի երիտասարդներու ողիմպիականին առաջին փառատօնը տեղի ունեցաւ 1993-ին` Իտալիոյ մէջ:
CATEGORIES Մարզական

