Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. 7-րդ Հանգրուանի Մրցումով Աւարտեցաւ 2012 Տարեշրջանը

PROFOTO

Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող Լիբանանի Քարթինկի ախոյեանութեան 2012 տարեշրջանը աւարտեցաւ, երբ տեղի ունեցան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները` «Փիթ Սթափ» վազքուղիին վրայ (Զուք):

10-13 տարեկան դասակարգին մէջ 7-րդ հանգրուանի մրցումին տիտղոսին տիրացաւ Քրիսթոֆըր Նըժէյմ (16′ 55″ 72), իսկ 14-17 տարեկան դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Մաթիաս Նըժէյմ (16′ 14″ 13):

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին պատասխանատուներուն կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES