«Սքոր» Մարզական Յայտագիրէն. Շարպել Սալամէ` «Էմ. Թի. Վի.»-ի Այսօրուան Հիւրը

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նոր նախագահ Շարպել Սալամէ այսօր` երեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին, պիտի ըլլայ հիւրը «Էմ. Թի. Վի.»-ի «Սքոր» մարզական յայտագիրին որուն ընթացքին ան պիտի ներկայանէ ֆետերասիոնին իրագործելիք ծրագիրները յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին` փորձելով այս մարզաձեւին աւելի լաւ կիրարկումը` 2012-2013 տարեշրջանին նախօրեակին:

Այս յայտագիրը, որ պիտի սկսի ժամը 23:00-ին, կը վարէ մարզական լրագրող Նեժիպ Քահի:

 

Share this Article
CATEGORIES