Նախարար Մարուան Շարպել Ընդունեց Մէյ Խալիլը
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պէյրութի Մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլը` ընկերակցութեամբ փոխնախագահ եւ հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմի:
Խալիլ նախարարը տեղեակ պահեց յառաջիկայ 11 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Պէյրութի միջազգային մարաթոնին գծով տարուած եւ տարուելիք աշխատանքներուն մասին:
Նախարար Շարպել գնահատելէ ետք տարուած աշխատանքը յայտնեց, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ եւ անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի այս Մարաթոնը պսակուի մեծ յաջողութեամբ եւ անտեղի որեւէ դէպք տեղի չունենայ:
CATEGORIES Մարզական

