Յառաջիկայ 14 Նոյեմբերին Տօնական Եւ Յիշարժան Պիտի Ըլլայ Սարգիս Յովսէփեանի Հրաժեշտի Մրցումը

Յառաջիկայ 14 նոյեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը, որուն ընթացքին հայրենի հաւաքականը պիտի հիւրընկալէ Լաթվիան:

Մրցումը պիտի ըլլայ տօնական եւ յիշարժան, որովհետեւ անիկա պիտի ըլլայ հրաժեշտի մրցումը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի հաւաքականին խմբապետ եւ վեթերան ֆութպոլիստ Սարգիս Յովսէփեանի համար, որ արդէն իսկ լքած է միջազգային ասպարէզը:

Անկասկած Հայաստանի հաւաքականը պիտի ձգտի յաղթանակով շնորհաւորել ազգային հաւաքականին 20 երկար տարիներ մաս կազմած եւ 131 միջազգային մրցում կատարած Յովսէփեանը` ներկայութեամբ հազարաւոր հանդիսատեսներու:

Share this Article
CATEGORIES