Յառաջիկայ 2-3 Նոյեմբերին Անթուան Շուէյրիի Անուան Փինկ Փոնկի Վեթերաններու Մրցաշարք

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ յառաջիկայ ուրբաթ, 2 եւ շաբաթ, 3 նոյեմբերին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ փինկ փոնկի վեթերաններու 2012-ի մրցաշարք մը, նուիրուած` Անթուան Շուէյրիի յիշատակին:

Տեղի պիտի ունենան 40-49 տարեկան եւ 50 տարեկան եւ վեր դասակարգի մրցաշարքեր:

Ֆետերասիոնը եկաւ շեշտելու, որ մարզիկ մը իրաւունք չունի մէկէ աւելի մրցաշարքի մասնակցիլ:

Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբեր, կէսօրուան ժամը 12:00-ը:

Ուրբաթ, 2 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին տեղի պիտի ունենայ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որմէ ետք ուղղակի մրցումները պիտի սկսին:

Արձանագրութեան համար կարելի է դիմել [email protected] կայքէջին, ինչպէս նաեւ հեռաձայնել հետեւեալ երկու թիւերուն` 09-211364 եւ 04-402926:

Share this Article
CATEGORIES