«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սանճաքի Հայ Գաղթականները. Մուսա Լեռցիները Այնճարի Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ալեքսանտրէթի սանճաքէն հայութեան գաղթը, որ սկսած էր 1939 յուլիսի կիսուն, շարունակուեցաւ մինչեւ օգոստոսի սկիզբը, որմէ ետք սանճաք գրեթէ հայաթափուեցաւ եւ փոքրաթիւ հայեր մնացին Մուսա լերան Վագըֆ գիւղին, ինչպէս նաեւ Սովուգ օլուքի եւ Իսկենտէրունի մէջ: Գաղթականները Պասիթի, Թարթուսի եւ Հալէպի մէջ բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին: Ոմանք Հալէպի մէջ մնայուն բնակութեան հիմեր դրին, շատեր ալ Լիբանան փոխադրուեցան: Մուսա լերան ժողովուրդը քառասուն օր Պասիթի ծովեզերքը մնալէ ետք Լիբանանի Պեքաայի դաշտը փոխադրուեցաւ եւ կազմաւորուեցաւ Այնճար աւանը:
***
23 յուլիս 1939-ի թիւով եւ «Սանճաքի հայերը. Իսկենտէրունի գաղթականները Լիբանան պիտի գան. քեսապցիներու խիստ գովելի հիւրասիրութիւնը» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Այսօր, շաբաթ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին հետեւեալ հեռաձայնային հաղորդագրութիւնը ստացանք Լաթաքիայէն.-
Երէկ, թրքական Պէզկէ գիւղին մօտ, Ճէպէլ Մուսայի նախիրը բերող 70 երիտասարդներ յարձակման ենթարկուեցան թուրքերու կողմէ: Թուրքերը կողոպտելէ վերջ հայերու մօտ գտնուող 330 ս.ոսկին, քշեցին 8 կով, 4 եզ, 307 այծ, 17 ոչխար եւ 4 էշ, սպաննեցին 4 խոզ:
Կատարուած բուռն բողոքներու շնորհիւ վերադարձուեցան կողոպտուած կենդանիներէն միայն 63-ը:
Ճէպէլ Մուսայի հայութեան փոխադրութիւնը գրեթէ վերջացած է: Եօղուն Օլուգ կը մնան միայն 60 ընտանիքներ, որոնց փոխադրութիւնը արգիլած են թուրքերը, զէնք պահանջելով անոնցմէ: Պէտք եղած դիմումները կատարուած են անոնց փոխադրութեան համար եւ կը յուսանք, որ այսօր վաղը անոնք ալ կը հասնին Քեսապ:
Ամբողջ Ճէպէլ Մուսայի մէջ կը մնան միայն 44 ընտանիքներ, մեծ մասամբ Վագըֆ գիւղէն, որոնք չեն ուզեր մեկնիլ: Թուրք կառավարութիւնը սակայն յայտնած է անոնց, որ պարտաւոր են մեկնիլ: Ասոր վրայ անոնք պահանջած են փոխադրուիլ Հալէպ, վախնալով իրենց սպասող ճակատագրէն Պասիթի շրջանին մէջ, ուր կը գտնուին ամբողջ ճէպէլ մուսացիները:
Երէկ Պասիթի նաւահանգիստը հասան 5 նաւակներ, փոխադրելով ճէպէլ մուսացիներու գոյքերը:
Երկու երեք օրէ ի վեր, մանաւանդ Քեսապի մէջ ֆրանսական դրօշի ծածանելու սկսած օրէն ի վեր, դարձեալ կատղած են թուրքերը եւ խիստ ճնշում եւ տպաւորութիւն ցոյց կու տան գաղթականներուն: Այսպէս գոյքերը կ՛ենթարկուին խիստ քննութեան եւ քամիոնները ժամերով կը սպասցուին սահմանին վրայ:
Կաթողիկոսարանի կողմէ այս կողմերը ղրկուած Գեր. Զարեհ վարդապետ օգտակար գործունէութիւն մը ցոյց կու տայ: Երեք օրէ ի վեր Թարթուս կը գտնուի եւ կը հետաքրքրուի գաղթականներու վիճակով:
Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Պաթանեան գերապայծառն ալ կը գտնուի այս կողմերը: Գերապայծառը երկու օր մնաց Թարթուս եւ զբաղեցաւ գաղթականներու վիճակով, դիմումներ կատարեց եւ օգտակար արդիւնքներ ապահովեց: Սրբազանը երէկ այցելեց Պասիթ եւ անկէ անցաւ Քեսապ, ուր կը գտնուի ներկայիս:
Այս գաղթականութեան շրջանին քեսապցիներու ցոյց տուած հիւրասիրութիւնն ու ծառայութիւնը անկարելի է մոռնալ: Անոնք ոչ միայն ապաստան տուին Քեսապ եկող գաղթականներու, այլ սնունդ հայթայթեցին եւ հիւրասիրեցին Ճէպէլ Մուսայէն քալելով եկող բազմաթիւ երիտասարդներ:
Թարթուսի Գաղթականներուն Վիճակը
Այսօր` շաբաթ առաւօտ ժամը 9:00-ին Թարթուսէն ստացանք հեռաձայնային հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.- Երէկ Իսկենտէրունէն մեկնող շոգենաւը, որ 1000-է աւելի գաղթականներ պիտի բերէր Թարթուս, մինչեւ հիմա չհասաւ: Կը սպասուի որ մինչեւ մէկ ժամ հասնի:
Տէօրթ-եոլցի 750 գաղթականներ երէկ ստացան յատկացուած գումարները, մեծերու համար 500-ական ֆրանք եւ փոքրերու համար 200-ական ֆրանք: Որով մօտ 350,000 ֆրանք բաժնուեցաւ երէկ: Այս գաղթականները պատրաստուած են անմիջապէս մեկնելու Լիբանան: Պ. Տաւիտ թելադրած է անոնց տեղաւորուիլ Թրիփոլիի եւ Ժիւնիէի մէջ գտնուող գիւղերու մէջ:
Երէկ առաւօտ պրն. Տաւիտ հոս հասաւ եւ մէկիկ մէկիկ աչքէ անցուց գաղթականները, արժանանալով մեր հայրենակիցներու շքեղ ընդունելութեան: Յետոյ պրն. Տաւիտ մեկնեցաւ դէպի Լաթաքիա:
Գաղթականներու վիճակը բարելաւուած է: Շնորհիւ հայասէր պրն. Ռըպուրի տղուն եւ իր հարսին միջամտութեան: Լաիգներու դպրոցները յատկացուած է բնակութեան: Մօտ 400 գաղթականներ կրնան պատսպարուիլ այդ շէնքին մէջ:
Թարթուսի քաղաքապետութիւնը իր ջրամբարներէն բաւականաչափ ջուր տրամադրեց գաղթականներուն:
Անմոռանալի է նաեւ այն ծառայութիւնն ու վերաբերումը, որ ցոյց կու տան հարիւրապետ Թրաքէ եւ իր ազնիւ տիկինը:
Ազգային Միութեան Պատուիրակութիւնը
Վերադարձաւ
Ինչպէս գրած էինք, երէկ, Ազգային Միութեան փոխ նախագահ Գեր. Եղիշէ արք. Կարոյեան եւ Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ եւ Ազգային Միութեան ատենադպիր տոքթ. Կէրկէրեան մեկնած էին Թարթուս, հետաքրքրուելու համար գաղթականներու վիճակով:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին սրբազանն ու տոքթորը վերադարձան եւ հետեւեալ տեղեկութիւնները հաղորդեցին.
«Մօտ 1500 գաղթականներ հասած են Թարթուս: Թէպէտ ընկճուած են անոնք, սակայն երբեք չեն բարոյալքուած: Ուրախ են, որ ազատուած են թրքական դժոխքէն: Երկու սնտուկ կաթ եւ բաւականաչափ դեղորայք տարած էինք մեզի հետ: Բաժնեցինք կարօտեալներուն: Գաղթականներու վիճակով շատ մօտէն կը հետաքրքրուին հարիւրապետ Թրաքէն եւ իր ազնիւ տիկինը, յաճախակի այցելութիւններ տալով անոնց: Ֆրանսական կառավարութիւնը սկսած է մեծերուն 25-ական ոսկի եւ փոքրերուն 10-ական ոսկի բաժնել: Շատեր պատրաստուած են իսկոյն մեկնելու դէպի Լիբանան: Կը մտածենք Պէյրութ եկողները առժամապէս տեղաւորել դպրոցներու մէջ»:
***
Իսկ 25 յուլիս 1939-ի թիւով եւ «Սանճաքի հայերը ամբողջութեամբ փոխադրուեցան» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Այսօր` երկուշաբթի առաւօտ ժամը 9:00-ին Թարթուսի մեր թղթակցէն ստացան հեռաձայնային հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Շաբաթ առաւօտ ժամը 9:00-ին Թարթուս հասաւ երրորդ շոգենաւը, փոխադրելով 1184 գաղթական, ընդհանրապէս բաղկացած իսկենտէրունցիներէ, աթգցիներէ եւ պէյլանցիներէ: Ցամաքահանումը տեղի ունեցաւ շատ կանոնաւոր կերպով եւ յետ հարկ եղած քննութեանց անոնք փոխադրուեցան գաղթականական կայանը:
Երէկ ալ, կիրակի, հասաւ չորրորդ շոգենաւը, փոխադրելով 891 հոգի, գլխաւորաբար բաղկացած սօւուգ օլուգցիներէ, ֆարթըսլըցիներէ եւ մաս մ՛ալ իսկենտէրունցիներէ:
Այս վերջին կարաւանին փոխադրութիւնն ու ցամաքահանումն ալ տեղի ունեցաւ կանոնաւոր կերպով: Այլեւս Իսկենտէրունէն գալիք գաղթականներ չկան: Շատ քիչ թիւով հայեր մնացած են այդ շրջանին մէջ, անոնք ալ պատրաստուած են փոխադրուելու իրենց միջոցներով, դէպի Հալէպ:
Երէկ հոս եկաւ բարձր քոմիսէրի Լաթաքիոյ պատուիրակը եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ գաղթականներու վիճակով: Պատուիրակը թելադրեց գաղթականներուն օր առաջ փոխադրուիլ Լիբանան, թուելով այդ խճողման պատճառելիք չարիքները:
Այս առթիւ պէտք է դիտել տանք, թէ յետ այսու Ազգային իշխանութեան պարտականութիւնն է հարկ եղած միջոցները ձեռք առնել, որպէսզի Թարթուսի կայանին մէջ գտնուող գաղթականները օր առաջ փոխադրուին Լիբանան, որպէսզի նոր աղէտներու զոհ չերթան մեր հայրենակիցները: Պէտք է նկատի ունենալ, որ քանի մը օրէն սոսկալի տագնապ մը պիտի ստեղծուի ջուրի պակասին պատճառաւ: Արդէն սկսած է պարպուիլ ջրամբարը: Ատոր իբր արդիւնք ծայր պիտի տան հիւանդութիւնները:
Գաղթականներու առողջական վիճակով զբաղող բժիշկն ալ կը հաստատէ այս պարագան եւ կը թելադրէ օր առաջ պարպել գաղթայականները:
Բարեբախտաբար մինչեւ հիմա շատ գոհացուցիչ է մեր հայրենակիցներու առողջական վիճակը. միայն 8 հիւանդներ կան հիւանդանոցներու մէջ:
Երէկ կիրակի Թարթուս հասաւ կաթող. ընդհանուր փոխանորդ Սարաճեան սրբազան, իր հետ ունենալով Գեր. Ղեւոնդ վարդապետն ու Պ. Եղիայեանը: Սրբազանը մօտ երեք ժամ մնաց գաղթականներուն հետ եւ մօտէն տեղեկացաւ անոնց վիճակին: Յետոյ տեսակցեցաւ հարիւրապետ Պրաքէի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր եւ ազնիւ տիկինին, իրենց ցոյց տուած գուրգուրանքին համար:
Սարաճեան սրբազան իր հետ բերած էր քանի մը սնտուկ նեսլէ կաթ, որուն մէկ մասը բաժնեց գաղթականներուն եւ մնացած մասն ալ հետը տարաւ դէպի Քեսապի շրջանը:
Երէկ կիրակի երեկոյ 300 գաղթականներ մեկնեցան դէպի Պէյրութ: Այսօր ալ պիտի մեկնին մօտ 200 հոգի: Սակայն մեծ դժուարութիւն կայ փոխադրութեան միջոցներու շուրջ: Անհրաժեշտ է քամիոն եւ ինքնաշարժ ապահովել, կանոնաւորելու համար Թարթուսի գաղթականներուն փոխադրութիւնը:
Հետաքրքրական դէպք մը: Գաղթականները փոխադրող յունական ֆախրան շոգենաւին մէջ կին մը աշխարհ բերած է մանչ զաւակ մը, որուն անունն ալ կոչուած է Ֆախրան:
Նպաստաբաշխումը կը շարունակուի: Երկրորդ շոգենաւով եկող գաղթականներն ալ ստացան յատկացուած նպաստները: Վաղը կը ստանան նաեւ մնացածները:
Պ. Մալոյեան ալ այսօր հրահանգ ստացաւ մեկնելու Քեսապի շրջանը:
Ութը Քամիոն Հասաւ Այսօր
Այս առաւօտ Թարթուսէն Պէյրութ հասան 8 քամիոններ, փոխադրելով մօտ 300 գաղթականներ: Անոնք իսկոյն տեղաւորուեցան Սահակեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարաններուն մէջ: Գեր. Կարոյեան եւ Քէտիճեան սրբազաններ այցելեցին երկու գաղթակայաններն ալ եւ հարկ եղած հետաքրքրութիւնը ցոյց տուին:
Ազգային Միութիւնը հարկ եղած միջոցները ձեռք առած է հետզհետէ հասնելիք գաղթականներու տեղաւորման եւ հանգիստին համար: Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկներ դրուած են Միութեան տրամադրութեան ներքեւ եւ սկսած են պարպել Պէյրութի եւ Անդր-Նահրի դպրոցները, որոնք պիտի յատկացուին գաղթականներու բնակութեան:
Սրբազանները կը յայտարարեն, թէ եկող գաղթականներու տրամադրութիւնները բարձր են եւ բոլորն ալ առողջ են:
Ճէպէլ Մուսայի Հայերը Փոխադրուեցան
Լաթաքիայէն այս առաւօտ ստացանք հեռաձայնային հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
Եողուն Օլուգ մնացած 60 երիտասարդները, որոնք թուրք կառավարութեան կողմէ վար դրուած էին, շնորհիւ կատարուած դիմումներու ապահով հասան Քեսապ: Անոնցմէ 30 հոգի եկաւ ծովու ճամբով, գոյքերու հետ, իսկ 30 հոգին ալ ցամաքի ճամբով:
Ճէպէլ Մուսայի մէջ կը մնան ներկայիս մօտ 40 ընտանիք, որոնք կեդրոնացած են Վագըֆի մէջ:
***
Պասիթի ծովափը առժամաբար տեղաւորուած մուսա լեռցիները սեպտեմբերին Լիբանան փոխադրուեցան եւ Պեքաայի դաշտին մէջ անոնց տրամադրուեցաւ Այնճարը: Այնճար հասնող գաղթականները սկիզբը վրաններու տակ տեղաւորուեցան, մինչեւ որ հետագային սկսաւ բնակարաններու կառուցումը: 17 սեպտեմբեր 1939-ի թիւով եւ «Նոր ճէպէլ Մուսայի մէջ» խորագիրով յօդուածով «Ազդակ» կը գրէր:
«Այսպէս կը կոչեն այժմ հիւրընկալ Լիբանանի հողի այն մասը, որ տեղափոխուած են ու պիտի տեղաւորուին Սուետիոյ վեց գիւղերու հայութիւնը:
Պեքաայի դաշտին լաւագոյն մէկ անկիւնն է, ջրառատ ու ծառազարդ, ուր տարածուած են այժմ հարիւրաւոր վրաններ եւ անոնց տակ ու շուրջը ապրող սուէտահայութիւնը, պատրաստ շինելու իր նոր բոյնը ֆրանսական կառավարութեան անսահման զոհողութեան եւ գուրգուրանքին, տեղացի ժողովուրդներու եղբայրական վերաբերումին շնորհիւ:
Մէկ շաբաթուան ընթացքին, կարաւան առ կարաւան հասած է ժողովուրդը, յոգնած եւ ուժասպառ, բայց մէկ քանի օրն իսկ բաւական եղած է, որ անոնք գտնեն իրենց ուժն ու կորովը: Տեղի յարմարութիւնն ու առողջ կլիման, ֆրանսական մեծ ազգի եւ կառավարութեան ամէն գնահատութիւն եւ երախտագիտութիւն գերազանցող պաշտպանութիւնն ու գուրգուրանքը, տեղացի ժողովուրդներու եւ ազգակիցներու խնամքն ու սիրալիր ընդունելութիւնները մոռցուցած են անոնց կրած յոգնութիւններն ու զրկանքները, պատրաստ են նոր աշխատութեան եւ շինարարութեան:
Ահա նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու մուտքը այդ ժողովրդեան մէջ, յանձին ընկ. Մովսէս Տէր Գալուստեանի եւ տոքթ. Օննիկ Կէրկէրեանի որոնցմէ առաջինը, որպէս օգնական` կը ներկայացնէ գնդապետ Քոլէն, իսկ երկրորդը` Ազգ. Միութիւնը:
Ի տես դէպի վրանները եւ ժողովուրդը առաջացող ներկայացուցիչներուն, ժողովուրդը կը հաւաքուի, ամէնուն դէմքին վրայ կայ երախտագիտական արտայայտութիւն մը եւ պաշտպանուածի հանդարտ ու խաղաղ կեցուածքը:
Ներկայացուցիչները հազիւ ինքնաշարժէն վար իջած, կը շրջապատուին եւ կ՛ընդունուին կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ, որը ընտրուած է ժողովրդեան կողմէ եւ վաւերացուած կառավարութենէն:
Ձեւականութիւն մը չէ ներկայացուցիչներու այցը: Անոնք կեդրոնական յանձնախումբի առաջնորդութեամբ աչքէ կ՛անցընեն բոլոր գաղթականները:
Շուտով կը հասնի նաեւ Նոր Ճէպէլ Մուսայի պաշտօնական բժիշկը, տոքթ. Պոյաճեան, եւ կը սկսի իր զեկուցման: Կը պարզուի որ հակառակ Պասիթի անձրեւներուն եւ տեղահանութեան, հիւանդութիւնները շատ չեն: Հիւանդներու մեծագոյն մասը թեթեւ են եւ յոգնածութեան արդիւնք միայն, համաճարակի որեւէ հետք չկայ:
Ուրախ` այս կարեւոր զեկուցումէն, ներկայացուցիչները, բժիշկ եւ կեդրոնական յանձնախումբը կը նստին խորհրդակցութեան մը, ծառերու շուքին տակ, կանաչներու վրայ: Խորհրդակցութեան նիւթն է ժողովուրդի պարենաւորման դիւրութիւնները, առողջապահական զգուշութիւնները եւ զանազան խնդիրներ:
Ներկայացուցիչները համբերատար կերպով կը լսեն թէ յանձնախումբի եւ թէ հետզհետէ հասնող գիւղացիներու խնդրանքներն ու պահանջները: Երկու ժամ տեւող խորհրդակցութենէ մը յետոյ, ժողովուրդի խանդավառ ու երախտագէտ տրամադրութիւններուն մէջ կը մեկնին ներկայացուցիչները, իրենց հետ տանելով վեց հազարի մօտ ժողովրդեան հանգիստին եւ տեղաւորման համար անհրաժեշտ խորհուրդներն ու որոշումները:
Այս առթիւ, գուրգուրանքի եւ խնամքի փաստերը ամբողջացնելու համար, յիշենք նաեւ մէկ շաբթուան ընթացքին հասնող կարաւաններուն եղած պաշտօնական թէ եղբայրական օգնութիւնները:
Պեքաայի ֆրանսական ներկայացուցիչը, ամենամօտ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի հասնող ժողովուրդի հանգիստին եւ պէտքերուն, անձամբ ընդունելով բոլոր կարաւանները:
Հասնող կարաւաններու առողջապահական գործին մօտէն հետեւած են Զահլէի եւ Ռայագի Օգնութեան Խաչի մասնաճիւղերը իրենց վարչութիւններով, ներկայացուցիչ բժիշկներով` յանձին տոքթ. Քիւփէլեանի եւ Բրուտեանի, կամաւոր հիւանդապահուհիներով` յանձին տիկին Ալիս Մուրատեանի եւ օրդ. Ս. Պէտէլեանի:
Օգնութեան խաչի զոյգ մասնաճիւղերը հասնող կարաւանները դիմաւորած են անհրաժեշտ ուտելիքներով, լրացնելով Ազգ. Միութեան գործը:
Կարաւաններուն սնունդ հասցուցած են Ռայագի ազգայինները, Ռայագի տեղացի արաբ ժողովուրդը, կաթոլիկ համայնքը, միշտ Օգնութեան Խաչի նախաձեռնութեամբ եւ բաժանումի աշխատանքով: Ռայագի օգնութեան գործին գնահատելի բաժին մը բերած է Միսաք Մահտէսեան:
Սննդական օգնութեան իրենց բաժինը բերած է նաեւ Թալապիէի արաբ ժողովուրդը, Օգնութեան Խաչի միջոցաւ:
Այժմ արագ կերպով կը կատարուին վրաններու պատրաստութեան գործը, որ ժողովուրդը պիտի պատսպարէ մինչեւ բնակարաններու շինութիւնը, որը մեր ստացած տեղեկութեանց համաձայն շատ մօտ է»:



