Հայրենի Կեանք

Ժան Ալմուխեան Մեծարուեցաւ

6 հոկտեմբերին Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արժանթինահայ երաժիշտ, յօրինող, «Արաքս» երգչախումբի հիմնադիր, խմբավար Ժան Ալմուխեանի ծննդեան 80-ամեակին եւ 55-ամեայ ստեղծագործական գործունէութեան նուիրուած յոբելենական մեծարման երեկոյ:

Համերգ-երեկոյին ընթացքին խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի եւ հեղինակին` Ժան Ալմուխեանի ղեկավարութեամբ հնչեցին ծաղկաքաղ մը Ալմուխեանի բազմաժանր երաժշտական ժառանգութենէն` մենակատարներու եւ Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբին կատարողութեամբ:

Երեկոյին ընթացքին բազմավաստակ երաժիշտին ուղղուած անկեղծ ու սրտառուչ բարեմաղթութիւններ ուղղեցին հայրենի մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ: Իսկ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ջերմօրէն շնորհաւորելով յոբելեարը, զայն պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի «Ոսկէ մետալ»-ով:

Հայաստանի Մէջ Ապրող Սուրիահայութեան
Յատուկ
Տարածք

Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան եւ պատուոյ հիւպատոս Սուրէն Վարդանեան հանդիպում ունեցան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ, որմէ խնդրեցին 5000 քառակուսի մեթր տարածք յատկացնել վերջերս Հայաստան հաստատուած սուրիահայութեան յատուկ կառոյց մը շինելու նպատակով: Անոնք նաեւ խնդրեցին, որ կարելի եղածին չափ դիւրացումներ տրուին, յատկապէս տուգանքներու վերաբերող, որպէսզի կարելի ըլլայ այս կառոյցը մօտիկ ապագային կեանքի կոչել: Նախարար Յակոբեան իր սկզբնական համաձայնութիւնը տալով հանդերձ դիտել տուաւ, որ պէտք է սպասել, որպէսզի նախարարաց խորհուրդը այս գծով որոշում կայացնէ եւ անհրաժեշտ քայլերուն դիմէ` այս ծրագիրի յաջողութեան ի խնդիր:

Այս առիթով Լեւոն Զաքի Ետալեան յուշանուէր մը յանձնեց նախարար Հ. Յակոբեանի` Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիացիներուն վիճակին բարելաւման նպատակով տարած աշխատանքի համար:

Մինչ այդ, Հայաստանի մէջ Լեւոն Զաքի Ետալեան այցելութիւններ տուաւ հոն հաստատուած սուրիահայերուն` մօտէն հետաքրքրուելով անոնց իրավիճակով, տեղեկանալով անոնց դիմագրաւած հարցերուն մասին: Սուրիահայութեան յատկացուած կեդրոնին մէջ եւս ան հանդիպումներ ու խորհրդակցական տեսակցութիւններ ունեցաւ:

Ան նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ պետական անձնաւորութիւններու եւ պատասխանատուներու հետ, որոնց հետ քննարկեց սուրիահայութեան հարցերուն լուծումներ գտնելու կարելիութիւնը, որպէսզի Սուրիոյ ճգնաժամէն ու պատերազմական վիճակէն փախուստ տուած սուրիահայերը տանելի եւ ընդունելի պայմաններ ունենան Հայաստանի մէջ:

Լեւոն Զաքի Ետալեան տեսակցեցաւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին` Մաըմուն Հարիրիի հետ, որուն հետ արծարծեց վերոյիշեալ հարցերն ու մտահոգութիւնները` նպատակ ունենալով կարելի եղածին չափ տարբեր ձեւերով օժանդակել եւ նեցուկ կանգնիլ Հայաստան հաստատուած սուրիահայութեան:

Լեւոն Զաքի Ետալեան իր երախտագիտութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան ունեցած հպարտութիւն առթող վերաբերումին ու դերակատարութեան համար, որ կը դրսեւորուի տարբեր տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերելով Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել այս հանգրուանը: Ան շեշտեց, որ այս օժանդակութիւնը հասցէագրուած է ո՛չ միայն Հայաստան հաստատուածներուն, այլ նաեւ մարդասիրական օգնութիւն կ՛առաքուի Սուրիա` հոն մնացածներուն համար եւս նեցուկ ըլլալու:

Հայերէնի Եւ Հայագիտութեան
Համացանցային
Ընդարձակ Կեդրոն

Արեւելահայերէնի առնչուած դժուարութիւններ ունեցող իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կրնայ դիմել translator.am կայքէջին օգնութեան: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կայքէջը վերածուած է հայերէնի եւ հայագիտութեան համացանցային կեդրոնի, որուն նպատակն է նպաստել հայոց լեզուի պահպանման եւ սփիւռքահայերու ուսուցման գործընթացին: 24 հոկտեմբերին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին այս մասին խօսած է նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան նախագահ Վաղինակ Վարդանեան. ան նշած է, որ  սփիւռքի մէջ տարուէ տարի կ՛աւելնան հայերէնի պահպանութեան հարցերը: «Այս համացանցային կեդրոնը իր ծանրակշիռ ներդրումը կ՛ունենայ հայապահպանութեան հարցին մէջ», յոյս յայտնած է ան:

Կայքէջը կը կատարէ արեւելահայերէնի, արեւմտահայերէնի եւ անգլերէնի միջեւ իմաստային թարգմանութիւններ, ունի բազմալեզու թարգմանական բացատրողական բառարան, հայերէն նախադասութիւններու քերականական վերլուծումի, հայերէն գրութիւններու ուղղագրական սխալներու սրբագրութեան բաժին եւ այլն:

Անոր համաձայն, կայքէջի բազմալեզու թարգմանական բացատրողական բառարանին մէջ ներառուած են հայերէն 85 հազար բառ, անգլերէն` 98 հազար բառ, արեւմտահայերէն` 50 հազար բառ, ռուսերէն` 35 հազար բառ, լատիներէն` 6 հազար բառ, գրաբար` 2 հազար բառ: Հանրագիտարանը կը պարունակէ նաեւ` 75 հազար մտապատկեր:

Համբիկ Մարտիրոսեան Պարգեւատրուեցաւ
Հայաստանի
Գրողներու Միութեան Մետալով

Հայաստանի գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ կայացաւ բանաստեղծ Համբիկ Մարտիրոսեանի «Երկու ափ» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ընթացքին Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան բանաստեղծին իր ստեղծագործական վաստակին եւ հասարակական գործունէութեան համար պարգեւատրեց` գրական վաստակի համար շնորհուող մետալով: Լեւոն Անանեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ Համբիկ Մարտիրոսեան իր գիրքերը կը ստեղծագործէ խստապահանջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ:

«Հեղինակը «Երկու ափ» ժողովածուին մէջ արծարծած է սիրոյ, հայրենիքի եւ մարդկային  արժէքներուն վերաբերող նիւթերը: Գիրքին առաջին հատուածը կարդալու ընթացքին կը հանդիպիս տէրեանական թախծոտ, երազային տրամադրութեան: Շարունակելով ընթերցումը` մեր աչքին առջեւ կը պատկերուի հայ ժողովուրդին պատմութիւնը եւ անոր անցած ուղին: Իսկ գիրքին վերջաւորութեան կը ներկայացուի ամէնէն կարեւոր հարցը, որ մարդիկ շատ յաճախ կը մոռնան մարդկային շատ կարեւոր արժէքները», դիտել տուած է Լեւոն Անանեան:

«Երկու ափ» ժողովածուի հեղինակ Համբիկ Մարտիրոսեան իր այս եւ միւս 7 գիրքերը կարեւոր համարած է այն համոզումով, որ զանոնք ստեղծագործած օրերուն իր աչքին առջեւ պատկերած եւ նկատի առած է սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան դժուարին հարցը:

«Երկու ափ» ժողովածուն, հրատարակութեան թիւով 8-րդ գիրքս է, որ լոյս տեսաւ մէկ ամիս առաջ: Ուրախ եմ, որ գիրքիս շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, մանաւանդ` Հայաստանի գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ: Օտար երկրի մէջ ապրող հայու համար շատ դժուար է ըլլալ բանաստեղծ եւ շարունակել ստեղծագործել, այն առումով, որ հայերէնը սկսած է սփիւռքի մէջ նահանջել: Համաշխարհայնացումը քիչ-քիչ սկսած է սպառնալ մեր մշակոյթին, հայոց լեզուին, իսկ մենք`սփիւռքահայ ստեղծագործողներս, օտար ափերու մէջ մեր գործով կը փորձենք վառ պահել հայոց լեզուն եւ հայ մշակոյթը», շեշտած է Համբիկ Մարտիրոսեան:

 «Վիվասել–Էմ. Թի. Էս.»- Աջակցած Է «Օրրանին»`
Վանաձորի
Մասնաճիւղին Եռայարկ Շէնքի Կառուցման
Եւ
Բնակարան Նուիրած Է Կարիքաւոր Ընտանիքի

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը տեղեկացնէ, որ Վանաձորի մէջ կայացած է «Օրրան-Գրիգորեան» շէնքին հանդիսաւոր բացումը:

Նորակառոյց եռայարկ շէնքը տեղակայուած է քաղաքի սրտին մէջ եւ պիտի ծառայէ նիւթապէս անապահով ընտանիքներու փոքրիկներուն, ինչպէս նաեւ` միայնակ եւ անօգնական տարեցներու կարիքները հոգալու: Շէնքը կառուցուած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դրամաշնորհային ծրագրին շահող CIPS ՀԿ-ի, հայազգի բարերար Գրիգոր Գրիգորեանի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ շարք մը անհատ բարերարներու առատաձեռն աջակցութեան շնորհիւ:

«Օրրանի» վանաձորեան մասնաճիւղը հիմնադրուած է 2009 թուականի հոկտեմբերին` Բաց հասարակութեան հիմնարկի օժանդակութեան հիմնադրամի եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հովանաւորութեամբ: Վանաձորի մէջ  մեծ եւ յարմարաւէտ սեփական կեդրոն ունենալու «Օրրան»-ի երազանքը իրականութիւն դարձուցին կազմակերպութեան հետ համագործակցող օղակները եւ անոր կողքին գտնուող  բարերարները: Ներկայիս կեդրոնին մէջ ընդգրկուած է 55 փոքրիկ:

«Մարդոց աչքերուն մէջ երջանկութիւն տեսնելը ամէնէն սուղ զգացումն է, յատկապէս երբ խօսքը կեանքի դժուարութիւններ տեսած մարդոց մասին է: Փոքրիկները ամբողջութեամբ իրաւունք ունին տանիք ունենալու, անոնք պէտք է տեսնեն միայն սէր եւ ջերմութիւն, եւ այդ սէրն ու ջերմութիւնը անոնց տալը նախ եւ առաջ մեր` չափահասներուս պարտականութիւնն է», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:

«Օրրան»-ի ապահով եւ տաքուկ տանիքին ներքեւ ամէնօրեայ սնունդ, կրթութիւն, ընկերային աջակցութիւն եւ առողջապահական-հոգեբանական ծառայութիւններ կը մատուցուին փողոցէ կտրուած ծայրայեղ կարիքաւոր փոքրիկներուն եւ միայնակ ու անօգնական տարեցներուն:

Նորակառոյց այս շէնքին մէջ ամէն օր տաք ճաշ պիտի մատուցուի տարեցներուն: Դպրոցական օրուան աւարտէն անմիջապէս ետք կեդրոնէն պիտի օգտուին նաեւ նիւթապէս խոցելի ընտանիքներու փոքրիկները: «Օրրան»-ը պիտի օգնէ անոնց` սննդարար ուտելիքներ ապահովելով եւ փորձառու, բանիմաց մանկավարժներու օգնութեամբ պիտի աջակցի անոնց յաջորդ օրուան դասերը պատրաստելու: Կեդրոնը փոքրիկներուն պիտի ընձեռէ նաեւ տարբեր արհեստներ սորվելու,  մշակութային օճախներ այցելելու, անուանի մարդոց հիւրընկալելու եւ ամառնային  արձակուրդներուն` ճամբարներու մասնակցելու կարելիութիւն: Հետագային անոնք պիտի ապահովուին նաեւ աշխատանքով, ինչպէս նաեւ պիտի օգտուին այլ ծառայութիւններէ:

Յայտնենք, որ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը «Օրրան»-ին կ՛աջակցի` տարեկան բարեգործական ընթրիքներուն կատարուող հանգանակութեամբ: Այս տարի կայացած` 7-րդ բարեգործական ընթրիքին ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կատարեց 90 միլիոն դրամի հանգանակութիւն, ինչպէս նաեւ բնակարան նուիրեց կարիքաւոր ընտանիքի մը:

Մայր Աթոռի Շրջափակին Մէջ Նորակառոյց
Մատենադարանի
Բացումը Կատարուեցաւ

Էջմիածինի մէջ հոկտեմբեր 18-ին բացումը կատարուեցաւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին, որ կառուցուած է Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ եւ լոնտոնաբնակ ազգային բարերարներ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու նուիրատուութեամբ:

Մայր աթոռի երեք գրադարանները եւ ձեռագրատունը այս ձեւով մէկտեղուած են նոր համալիր կառոյցի մը մէջ` կարելիութիւն ընձեռելով ընթերցասէր հասարակութեան, աշխարհիկ եւ հոգեւորական գիտնականներուն` օգտուելու Մայր աթոռի կրօնական եւ հայագիտական հարուստ գրականութենէն:

Բացման արարողութեան ներկայ էին նախագահ Սերժ Սարգսեան, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ մշակութային-հասարակական գործիչներ:

Բարերար Վաչէ Մանուկեան նշեց, որ իր այս քայլով կը փափաքի օրինակ դառնալ ուրիշներու, որ օգնեն հայրենիքի բարգաւաճման:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը դրուատեց Վաչէ Մանուկեանին բարերարութիւնը` շեշտելով, որ «Մատենադարանի այս հոյակերտ կառոյցով մարմնաւորուած են եկեղեցասիրութիւնը եւ ազգասիրութիւնը ազգային բարերարներու` տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու: Մատենադարանը համալրած է բարեգործութիւններու այն շարքը, որ ազնիւ եւ նուիրեալ բարերարները տարիներ շարունակ յանձն առած են նախանձախնդիր եւ պատրաստակամ ոգիով` նշանակալի աւանդ բերել եկեղեցական եւ ազգային մեր կեանքին: Մեր գահակալութեան շրջանէն մեծազնիւ բարերարները ամէն տարի իշխանավայել նուիրատուութիւն կը կատարեն ի նպաստ Մայր աթոռի ծրագիրներուն: Անոնց սրտաբուխ ընծայաբերումներով նորոգուած են Մայր աթոռի «Շողակաթ» պատկերասփիւռի եւ տպարանի շէնքերը: Հոգիի խնդութեամբ եւ գնահատանքով կ’անդրադառնանք, որ ազգային բարերար Վաչէ Մանուկեանը ի յիշատակ իր հանգուցեալ հօր` Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին պարգեւած է Լոնտոնի հայ համայնքին` ձեռք բերելով եւ նորոգելով անգլիական եկեղեցւոյ պատմական արժէքաւոր շէնքը: Ձեր վաստակը մեծ է, սիրելի բարերարներ: Կանգուն են ձեր բարեպաշտութեան եւ բարի գործոց վկայութիւնները: Այսուհետ մայրավանքին մէջ Արարատի դիմաց, սերունդներուն համար դարէ դար պիտի մնայ մատենադարանը, իսկ առաքեալը կ՛ըսէ` «Եթէ մէկուն կառուցած գործը մնայ, ան վարձ պիտի ստանայ (Ա Կորնթ. 3. 14):

Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար Գարեգին Բ. Վաչէ Մանուկեանին շնորհեց «Ասպետ Սուրբ Էջմիածինի» հայրապետական շքանշանը:

Յիշեցնենք, որ մատենադարանի հիմնարկէքի  արարողութիւնը կատարուած էր 2009-ին: Մատենադարանը երկյարկանի քարաշէն կառոյց է` նկուղային յարկով: Իւրաքանչիւր յարկին մակերեսը 1500 քառ. մեթր է, նկուղինը` 1000: Նկուղային յարկին վրայ տեղաւորուած են գրապահոցները եւ օժանդակ սենեակները, առաջին յարկին վրայ` նախասրահը, վարչական մասը, ընթերցասրահները, հանդիսասրահը եւ ցուցասրահը, երկրորդ յարկին վրայ` գիտական աշխատասենեակները եւ եւս երկու բազմաբնոյթ դահլիճներ:

Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Վահրամ քհն. Մելիքեան այս առիթով նշեց, որ մատենադարանին կառուցումը կարեւոր ձեռնարկ է եւ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ հանրութեան` անարգել կերպով օգտուելու մատենադարանի կարելիութիւններէն, այն հսկայական գրականութենէն, որ հաւաքուած է դարեր շարունակ:

«Մատենադարանին մէջ կը պահուի եւ հասանելի կը դառնայ մօտաւորապէս 80 հազար միաւոր գրականութիւն եւ երեք հազար ձեռագրեր», նշեց Վահրամ քհն. Մելիքեան:

Այցելութիւն Սօս Եւ Կողբ Գիւղերուն
Դպրոցները
Եւ Հաշմանդամութեան Կեդրոն

Տաւուշի մարզի միջազգային հայրենակցական միաւորման նախագահ, նաեւ Տաւուշի մարզի գործարարներու միութեան նախագահ Սերգէյ Բարսեղեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ եւ Տաւուշի մարզի միջազգային հայրենակցական միաւորման խորհուրդի անդամ Լեւոն Անանեան հոկտեմբեր 21-ին այցելեցին Տաւուշի մարզի ՍՕՍ մանկական գիւղի (մանկատուն)  եւ Կողբ գիւղի դպրոցները եւ հաշմանդամներու կեդրոն: Մանկատան, դպրոցներու եւ հաշմանդամներու կեդրոնին մէջ Սերգէյ Բարսեղեան եւ Լեւոն Անանեան հանդիպեցան կառոյցներու ղեկավարներուն եւ փոքրիկներուն  հետ եւ ծանօթացան անոնց դժուարութիւններուն:

Հայրենակցական միութեան ղեկավարները միաժամանակ կազմակերպած էին բարեգործական աշխատանք վերոնշեալ կառոյցներու փոքրիկներուն, Կողբ գիւղի նիւթապէս անապահով ընտանիքներուն եւ գիւղի գրադարանին համար: Բարեգործական աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ Ամքոր կազմակերպութիւնը եւ Հայաստանի ազգային գրադարանը:

Աւելցնենք, որ Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան եւս հայրենակցական միաւորման խորհուրդի անդամ է:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES