Սէրուժ Պաղտասարեանի Մասնակցութիւնը` «Իմ Սրտի Մայրաքաղաք»-ի Տօնակատարութեան

«Էրեբունի-Երեւանի 2794»-ամեակի հանդիսութիւնները այս տարի տեղի ունեցան մեծ շուքով եւ բազմաբնոյթ ձեռնարկներով:

Արդարեւ, 14 հոկտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր Երեւանի փողոցները կը խայտային տարբեր տեսակի մշակութային հանդիսութիւններով, որոնք կը կրէին «Իմ սրտի մայրաքաղաք» խորագիրը:

Ամբողջ հայութեան սրտին տրոփող երակը հանդիսացող Երեւանի նուիրուած այս նախաձեռնութիւններուն, ի շարս բազմաթիւ արուեստագէտներու եւ մշակութային գործիչներու, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ լիբանանահայ երիտասարդ եւ խոստումնալից երաժշտական արտադրիչ ու յօրինող Սէրուժ Պաղտասարեան: Ան հրաւիրուած էր «Արմինիըն Տի. Ճէյ. ասոսիյեյշըն»-ի կողմէ: 14 հոկտեմբերի երեկոյեան շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ Սէրուժ Պաղտասարեան ստանձնեց աւելի քան 5 հազար հոգիի ոգեւորութիւն, խանդավառութիւն եւ երաժշտական նոր ոճի մեկնաբանութիւններ հրամցնելու պարտականութիւնը: Ան հնչեցուց իր յօրինած կամ վերամշակած երգերը, ինչպէս նաեւ հայկական այլ մշակումներ: «Իմ սրտի մայրաքաղաք»` Երեւանը շնորհաւորելու եկած հազարաւոր հայորդիներ տօնական իսկական պահեր ապրեցան Սէրուժ Պաղտասարեանի հետ:

Share this Article
CATEGORIES