Ֆրանսայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծ Ներկայացնելու Նոր Խոստում
Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան «Արմենփրես»-ին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընկերվարներու կուսակցութեան նախագահ Պրունիօ Լէ Ռուն Ֆրանսայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի պատուիրակութեան համանախագահներու հետ հանդիպման ընթացքին վերահաստատեց կուսակցութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման մտադրութիւնը:
«Լէ Ռուի կուսակցութիւնն էր, որ վեց տարի առաջ այս օրինագիծը ներկայացուց խորհրդարանին, նոյն կուսակցութիւնն էր, որ երկու տարի առաջ ծերակոյտին առջեւ առաջարկեց նոյն օրինագիծը. հետեւաբար` կը սպասենք, որ ատիկա կը շարունակէ իր բռնած ուղին», ըսաւ Թորանեան:
Ըստ խորհուրդի համանախագահին, Լէ Ռուն նշեց, որ ոչինչ չէ փոխուած, պարզապէս իրենք դեռ վերջերս իշխանութեան եկած են, պէտք է սպասել, վստահեցնելով, որ իրենց սկզբունքներուն մէջ որեւէ բան չէ փոխուած: Լէ Ռու ընդգծեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ պէտք է յարգէ իր խոստումը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրէնքի մը նախագիծը իրենք պէտք է առաջարկեն ապրիլ 24-ին ընդառաջ: Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսուա Հոլանտի` 12 նոյեմբերին տեղի ունենալիք հանդիպումը, ըստ Թորանեանի, առիթ պիտի դառնայ, որ այս բոլորը աւելի պաշտօնական հիմքերու վրայ դրուին:
Փարիզի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Հրաչ Վարժապետեան «Արմենփրես»-ին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են, Էլիզէեան պալատին հետ արդէն կապ ալ հաստատուած է, դեսպանատունն ալ աշխատանքներ կը տանի այդ ուղղութեամբ: Ֆրանսահայ համայնքը իր կարգին ամէն ինչ կ՛ընէ նախագահին պատշաճ ընդունելութեան համար: Հայ համայնքի եւ Հոլանտի նախատեսած հանդիպումին մասին ան ըսաւ, որ ճշդուած չեն ժամկէտները, հանդիպումը կը ձգձգուի, այդ իսկ պատճառով տակաւին ոչինչ չի յայտարարեր:

