ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Լիբանանեան լրատուական կայքէջերն ու թերթերը երէկ շարունակեցին արձագանգել Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի ոգեկոչումի ձեռնարկներուն:

Այսպէս, «Նաշրա», Թայյար, Պետական լրատու գործակալութեան «Լեպանոն ֆայլզ» եւ այլ կայքէջերու կողքին գրեթէ բոլոր թերթերը իրենց երէկուան թիւով արձագանգեցին Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ձեռնարկներուն, յատկապէս Անթիլիասի մայրավանքի հսկումի երեկոյին` մէջբերելով Արամ Ա. կաթողիկոսին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ կուսակցական ներկայացուցիչներուն խօսքերէն հատուածներ:

Կարգ մը թերթեր ու կայքէջեր նաեւ վերլուծական յօդուածներով անդրադարձան, ինչպէս` «Լեպանոն Ֆայլզ»ի կայքէջին վրայ Տանի Հատտատի ստորագրութեամբ եւ «Տը Տէյլի Սթար»ի յօդուածները:

Իսկ «Նահար» եւ «Լ՛Օրիան» տեղ տուած են հայ անհատներու կողմէ ստորագրուած յօդուածներու:

«Անուար» նաեւ անդրադարձած է Երեւանի մէջ կայացած ոգեկոչումի հաւաքին:

Իր կարգին, «Լա Ռեվիւ Տիւ Լիպան» շաբաթաթերթը Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ ունեցած հարցազրոյցով մը անդրադարձած է նոյն առիթին եւ օրուան հրատապ հարցերուն, յատկապէս` կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն եւ արգելքներուն:

Այս առիթով երեսփոխան Բագրատունի վերստին դատապարտած է Թուրքիոյ կեցուածքը` զգուշացնելով Միջին Արեւելքի մէջ վերջինիս կիրարկած նենգամիտ քաղաքականութենէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES