ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵԼՈՎ. «ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, ԱՅԼԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՈՃԻՐ Է» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՈՒԱՏԻՀ ԽԱԶԵՆ
«Անիկա ոճիր է` գործուած համայն մարդկութեան դէմ եւ ոչ միայն հայ ժողովուրդին դէմ», յայտարարեց Մարոնիներու ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն երէկ` անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի ոգեկոչումի ձեռնարկներուն:
«Կարելի չէ լռել նման ոճիրի մը դէմ, որովհետեւ անիկա միայն հայութեան դէմ չէ, այլեւ` համայն մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է», ընդգծեց Խազէն եւ աւելցուց. «Լիբանանի ժողովուրդին մէկ մասնիկը նկատուող ու իր մշակութային աւանդով հարուստ այս ազգին իրաւունքն է Թուրքիայէն հատուցում պահանջել եւ պնդել այդ ահաւոր ջարդերուն գծով անոր պատասխանատուութեան ճանաչումը»:
«Հայերու Լիբանան մուտքը անոր տնտեսական ու մշակութային կեանքին մէջ հարուստ ներդրում մը եղաւ` մշակութային աւանդի նոր երանգ մը տալով Լիբանանի մարդկային ու մշակութային խճապատկերին: Եւ ինչպէս որ Լիբանան յառաջատար էր դէպի աշխարհի չորս ծագերը, այնպէս ալ հայեր եղան յառաջատար` կազմելով կարեւոր տարր մը լիբանանեան այս իւրայատուկ խճանկարին մէջ», եզրափակեց Ուատիհ Խազեն: