ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՁԳՁԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ. ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Վարչապետ Միքաթի եւ խորհրդարանի նախագահը

Կառավարութեան կազմութեան գծով լուրջ ու գործնական նախաձեռնութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, դէտեր անհաւանական կը նկատեն այդ կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը:

Սակայն կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն ծիրին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին կառավարութեան կազմութեան ճիգերու նորագոյն զարգացումները:

ՊԸՐՐԻ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է»

Միւս կողմէ, լիբանանցի գրագէտի մը մեծարման ձեռնարկին արտասանած իր խօսքին մէջ Պըրրի զգուշացուց Սուրիոյ անցուդարձերու լիբանանեան հետեւանքներէն` ընդգծելով, որ Սուրիոյ կայունութիւնը ոչ միայն սուրիական ու լիբանանեան պահանջ է, այլեւ` միջին արեւելեան անհրաժեշտութիւն է: «Որեւէ սխալ լիբանանեւսուրիական սահմաններուն վրայ համազօր է կրակի հետ խաղալուն», շարունակեց Պըրրի` դիտել տալով, որ լիբանանցիներուն գծով Սուրիոյ կողմէ կատարուած դատական հետաքննութիւնները պէտք է ըլլան օրինական եւ ոչ քաղաքական մեկնակէտերով եւ ընթանան լիբանանեւսուրիական եղբայրութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրներու տրամադրութիւններուն ծիրին մէջ»:

 

Share this Article
CATEGORIES