ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ. «ՄԵՐ ՀԱՅ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՕԹԻ ԽԱՐԱՆ ՄԸՆ Է ՈՃԻՐԸ ԳՈՐԾՈՂՆԵՐՈՒ ՃԱԿՏԻՆ» «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»ԻՆ ԸՍԱՒ ՊՇԱՐԱ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

«Մեր հայ եղբայրներուն նահատակութիւնը ամօթի խարան մըն է ոճիրը գործողներու ճակտին», յայտնեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ` պատասխանելով «Վանայ Ձայն»ի արաբերէն բաժինի խօսնակ Հալա Հատտատի հարցումներուն:

«Յարութեան այս օրերուն, երբ կ՛անդրադառնանք հայոց նահատակութեան, պատմական ըմբռնումով անիկա Ցեղասպանութիւն է, սակայն քրիստոնէական դիտանկիւնէն` վերածնունդ է հայութեան համար», հաստատեց Ռայի պատրիարքը` ողջունելով հայ եկեղեցին ու հայ ժողովուրդը:

Մարոնիներու պատրիարքը բարձր գնահատեց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներու յարաճուն կամքը, «երբ անոնք ամէն տարի չեն մոռնար ոգեկոչելու իրենց նահատակներուն յիշատակը»:

«Այսուհանդերձ, հարկ է չարը փոխարինել բարիով, քանզի ա՛յս է մեր առաքելութիւնը», եզրափակեց Ռայի պատրիարքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES