«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԱՊՐՈՂ ՀԱՅԵՐԸ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
«Պալատ» օրաթերթի ֆրանսատառ տարբերակը 26 ապրիլի իր թիւին մէջ լոյս ընծայած է Թալալ Ռընէ Տարժանիի «Մէկ դար ետք` ցեղասպանութիւնը մերժողականութեան եւ նոր օսմանականութեան միջեւ կ՛օրօրի» խորագիրով յօդուածը, որ կը մէջբերէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի խորհրդական Էրշատ Հուրմուզլուի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի տեսակէտները:
Հուրմուզլու կը գանգատի, թէ լրատուամիջոցները յաճախ պատմական իրադարձութիւններուն միայն միակողմանի վերլուծութեան վրայ կը կեդրոնանան, լիբանանեան լրատուամիջոցները եւս հայկական տեսանկիւնը միայն կը ներկայացնեն, իսկ սփիւռքահայերը կառավարութեանց, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վրայ ճնշում կը բանեցնեն: «Սփիւռքի կողմէ որդեգրուած ռազմավարութիւնը անորոշ է: Անիկա կասկածելի կամք մը կը թաքցնէ», կ՛ըսէ Թուրքիոյ նախագահին խորհրդականը:
Միւս կողմէ, լիբանանեան խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կ՛ընդգծէ, թէ թրքական իշխանութիւնները պէտք է ի վերջոյ հասկնան, թէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայերը միաձայնութեամբ Անգարայի կառավարութենէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջեն: «Մէկուկէս միլիոն զոհ պատճառած ջարդերն ու աքսորը որեւէ պարագայի չեն կրնար մերժողականութեան օրէնքին ենթարկուիլ», կ՛ընդգծէ ան` աւելցնելով, որ նախքան հայ-թրքական երկխօսութեան որեւէ փորձի ձեռնարկելը, թուրքերը պէտք է ճանչնան 1915-ին գործադրուած ցեղասպանութիւնը:
Խօսելով միջինարեւելեան շրջանին մէջ Թուրքիոյ աշխուժ գործունէութեան մասին` երեսփոխան Բագրատունի կը նշէ, որ ատիկա արդիւնք է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին մէջ ձախողութեան: Թուրքիա կը ձգտի իբրեւ «հաշտուողական, ժողովրդավար, չափաւորական, դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ ունեցող ներկայանալ, սակայն իրականութեան մէջ լուռ կերպով կը պայքարի Օսմանեան կայսրութեան յարութիւն տալու համար` ինքզինք նկատելով ժողովրդավարութեան բնորդ երկիր մը»: Երեսփոխան Բագրատունի կ՛ընդգծէ, որ հայերը պատրաստ են Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք ներելու, սակայն առանց պատմական իրողութիւնները յիշողութենէն ջնջելու: