«Թուրքիա Սուրիական Վարչակարգին Հետ Երբեք Երկխօսութիւն Պիտի Չկատարէ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը երբեք երկխօսութիւն պիտի չկատարէ սուրիական վարչակարգին հետ, որ Ատհայի տօնին ընթացքին շարունակեց «իր ժողովուրդը սպաննել»:

Տաւութօղլու կը պատասխանէր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի երկուշաբթի օր Սուրիոյ դրացի երկիրներուն ուղղած` սուրիական վարչակարգին հետ երկխօսութիւն կատարելու կոչին մասին լրագրողի մը հարցումին:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ «բացարձակապէս անիմաստ է երկխօսութիւն կատարել վարչակարգի մը հետ, որ Ատհայի տօնին ընթացքին շարունակեց այսպէս ջարդեր գործել»` շեշտելով, որ Թուրքիա երբեք այդպիսի քայլի պիտի չդիմէ, որովհետեւ այդ քայլը «գործող վարչակարգին օրինականութիւն կու տայ»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ սուրիական ընդդիմութիւնը միաւորելու կարեւորութիւնը շեշտեց: Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «կարելի չէ Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան եւ քաղաքայիններուն օժանդակութիւնները դադրեցնել»:

Հէյկ ըսաւ, որ «Սուրիոյ հարցով միջազգային միացեալ կեցուածք պէտք է որդեգրել, սակայն Ռուսիա եւ Չինաստան ատոր արգելք կը հանդիսանան»:

Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի, անուղղակի կերպով հակադարձելով Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի յայտարարութեան, յայտնեց, որ «այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, քաղաքացիական պատերազմ չէ, այլ «ցեղասպանական պատերազմ», որ տեղի կ՛ունենայ սուրիական կառավարութեան եւ միջազգային արտօնագիրով:

Ան ըսաւ, որ իր երկիրը սկիզբէն գիտէր, որ Ատհայի զինադադարը պիտի ձախողի` սուրիական կառավարութեան կեցուածքին պատճառով: «Բոլոր կողմերը գիտեն, թէ ինչ է պահանջուած լուծումը, գիտեն, թէ սուրիացի ժողովուրդը ի՛նչ կ՛ուզէ: Այն ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ իմ կարծիքովս ժամանակի վատնում է եւ սուրիացի ժողովուրդը սպաննելու ու Սուրիոյ ներուժը քանդելու լիազօրութիւն», ընդգծեց Քաթարի վարչապետը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ «իրաքցիները պէտք չէ Իրանի դէմ արեւմտեան քարոզչութենէն ազդուին»` նշելով, որ «անցեալ ամսուան ընթացքին իրաքցիներուն կողմէ իրանեան երկու օդանաւերու խուզարկումը կը փաստէ, որ Իրան սուրիական վարչակարգին օդային ճամբով զէնք չի մատակարարեր»:

Ան յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է իրաքեան օդային տարածքի ճամբով Սուրիա ուղղուող իրանեան ապրանքատար օդանաւին Պաղտատի միջազգային օդակայան էջք կատարել ստիպելն ու խուզարկելը` վստահ ըլլալու համար, որ անիկա սուրիական իշխանութիւններուն զէնք չի փոխադրեր: Մեհմանփարասթ աւելցուց, որ «ամերիկացիներն ու անոնց դաշնակիցները կը ջանան իրենց կողմէ սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարումէն աշխարհի ուշադրութիւնը շեղել»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES