Սուրիական Օդանաւի Բեռը Վերադարձնելու Շուրջ Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Բանակցութիւններ Սկսած Են

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը` վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ 11 սեպտեմբերին Անգարայի մէջ էջք կատարելու պարտադրուած Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական օդանաւէն բռնագրաւուած ռուսական կողմի բեռը վերադարձնելու շուրջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:

«Բանակցութիւնները արդէն տեղի կ՛ունենան, սակայն չի բացառուիր, որ բեռը չվերադարձուի: Երբ արկղերը օդանաւէն դուրս կը բերուէին, սուրիացի օդաչուին ստացագիր չեն տուած, հակառակ անոր որ ան պնդած է», օրաթերթին յայտնած է նոյն աղբիւրը:

Share this Article
CATEGORIES