Մարտ 14. «Լիբանանեան Պետութիւնը Վտանգի Ենթարկուած Է, Իսկ Հըզպալլայի Օդանաւին Գծով Լուռ Պիտի Չմնանք»
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ երեկոյեան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ նախագահեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ անձնաւորութիւններուն ընդարձակ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ:
Նիստէն ետք Սինիորա կարդաց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ իրենք կը մերժեն ընդունիլ սպանութիւնը` այնպիսի անձնաւորութեան եւ ապահովական պատասխանատուի մը, որ բացայայտած է Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարող աւելի քան երեսուն բջիջ եւ յայտնաբերած սուրիական վարչակազմին գայթակղութիւնը:
«Մենք կը մերժենք մահափորձերն ու քաղաքական սպանութիւնները եւ կը սպասենք, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ յաջորդ զոհը: Իսկ Սըմահա- Մեմլուք ոճրային դաւադրութեան բացայայտումէն ետք, մենք կը մերժենք սուրիական ներկայ վարչակարգին հետ յարաբերութիւններ ունենալ: Իսկ դէպի Իսրայէլ ղրկուած Հըզպալլայի օդանաւին գծով լուռ պիտի չմնանք», ըսաւ Սինիորա:
Ան աւելցուց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան հարցով իրենց պայքարը կառավարութեան դէմ պայքարի նժարին վրայ զետեղելու բոլոր փորձերը:
Սինիորա հաստատեց, որ Լիբանան, լիբանանեան պետւթիւնն ու լիբանանցիները վտանգներու ենթակայ են: Ան ըսաւ, որ անոնք ենթակայ են սպանութեան, ազատութեան կաշկանդումի, սուրիական տագնապին ներածումին, Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք իսրայէլեան պատերազմի հաւանականութեան, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի զէնքին գոյութեան զուգահեռ լիբանանեան պետութեան հեղինակութեան բացակայութեան վտանգներուն:


