Քասլիքի Համալսարանին Մէջ Սապունճեան Ստորագրեց «Լիրա» Ծրագիրին Վերաբերող Համաձայնագիր Մը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Քասլիքի Ս. Հոգի (ԻՒԶԵՔ) համալսարանին մէջ «ԼԻՐԱ» ծրագիրին շրջագիծին մէջ ստորագրեց համաձայնագիր մը նախարարութեան, համալսարանին եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան միջեւ:
Այս ծրագիրը կ՛ընդգրկէ ճարտարարուեստի նախարարութեան, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան եւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններուն միջեւ գործակցութիւն ստեղծել` ճարտարարուեստի յատուկ հետազօտութիւններ կատարելու առումով:
Համաձայնագիրին ստորագրութեան առիթով նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ անողորմ եւ անխնայ մրցակցութեան դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ է ունենալ քաջալերանքի զէնքը եւ այդ պատճառով ալ պէտք է ստեղծել որակաւոր ճարտարարուեստ, որ բարձր չափանիշերու եւ արժէքներու վրայ հիմնուած ըլլայ:
Իր կարգին, Քասլիքի Ս. Հոգի (ԻՒԶԵՔ) համալսարանի նախագահ հայր Ֆատի Մահֆուզ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն մօտ զգալի է միասնական աշխատանքի բացակայութիւնը եւ այդ պատճառով է, որ Լիբանան մեծ յաջողութիւններ չ՛արձանագրեր:

