Ա. Թէ. Սէ. Էլ.- Քարթինկի Ախոյեաններուն Մրցանակաբաշխութիւնը
Ա. Թէ. Սէ. Էլ. Քասլիքի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ կատարեց Լիբանանի Քարթինկի ախոյեանութեան 2012 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուներուն, հովանաւոր ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն, յատուկ հրաւիրեալներու եւ մրցանակ ստացած փոքրերուն ծնողներուն:
Մրցանակաբաշխութիւնը կատարուեցաւ հետեւեալ ձեւով.
10-13 տարեկան.
1- Քրիսթոֆըր Նըժէյմ, 2- Քրիսթոֆ Ռըզք եւ 3- Ռաշետ Ղանեմ
14-17 տարեկան.
1- Մաթիաս Նըժէյմ, 2- Մայքըլ Փաթրիք Ազար եւ 3- Փաթրիք Նըժէյմ:
CATEGORIES Մարզական


