«Տէյլի Մէյլ» Կը Յայտնէ. «Անգլիա Չունի Մխիթարեանի Նման Ֆութպոլիստներ»
Իր լուրը քաղելով հայկական News.am Sport-էն` ArmFootball.com կը տեղեկացնէ, որ անուանի «Տէյլի Մէյլ» պարբերաթերթը յօդուած մը հրապարակած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի Շախտիոր Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին:
Վերլուծելով Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մրցումը, անիկա կ՛եզրակացնէ ըսելով, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոյ Հոճսըն իր տրամադրութեան տակ չունի Անտրես Ինիեսթայի, Անտրէա Փիրլոյի եւ Հենրիխ Մխիթարեանի նման անուանի ֆութպոլիստներ:
«Հենրիխ Մխիթարեան իր խմբակիցներուն հետ գերազանցեց նոյնիսկ լոնտոնեան Չելսին` «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին», կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»:
Անիկա կ՛եզրափակէ ըսելով, որ ուքրանական կազմի մարզիչին` Լուչեսքուի կիրարկած մարտավարութիւնը տակնուվրայ ըրաւ անգլիական ֆութպոլին հիմերը:
CATEGORIES Մարզական

