50 Տարի Առաջ ( 1 Նոյեմբեր 1962 )

Ազգային Կեանքը Հատեթի Մէջ

Հազմիէի բարձունքին թառած այս փոքր, սակայն բեղուն ածուն, վերջին շրջանին մանաւանդ, փայլուն յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ իր ծրագրի գործադրութեան ուղիին վրայ: Անոնցմէ գլխաւորը` նորակազմ Ազգ. Զաւարեան վարժարանին հիմնադրութիւնն է, որ քանի մը տարիներէ ի վեր շրջանիս Օգնութեան խաչի վարչութեան խնամակալութեան ներքեւ, անպաշտօն եւ անուն հաստատութիւն մը ըլլալով հանդերձ, տեղացի հայ մատղաշ մանուկներուն կը ջամբէր մայրենի լեզուն եւ ազգային դիմագծի գիտակցութիւն:

Արդարեւ, Հատեթի երիտասարդութիւնը եւ ազգայիններ, սեպտեմբեր 30-ին ի մի համախմբուելով` ժողով մը կը գումարեն, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ կ՛ընտրեն հոգաբարձու մարմին` եօթը անձերէ բաղկացած, հետեւեալ կազմով:

Եփրեմ Զեքեան, Սարգիս Քիլիսլեան, Կիւլպենկ Փափազեան, Յովհաննէս Մելիքեան, Շահէն Տաքեսեան, Սարգիս Մահսերեճեան, Մեսրոպ Չելեպեան:

Անմիջապէս ետք վարչութիւնը ժողով մը գումարելով, դիւանը կը կազմէ հետեւեալ ձեւով`

Եփրեմ Զեքեան` ատենապետ, Կիւլպենկ Փափազեան` Ա. քարտուղար, Յովհաննէս  Մելիքեան` Բ. քարտուղար, Սարգիս Քիլիսեան` գանձապահ, Շահէն Տաքեսեան` հաշուապահ, Սարգիս Մահսերեճեան` խորհրդական, Մեսրոպ Չելեպեան` խորհրդական:

                                            ***

Ժողովին ատենագրութիւնը կը ներկայացուի Ազգ. առաջնորդարան, ուր Ուսումնական խորհուրդը ուրախութեամբ կը  վաւերացնէ հոգաբարձութիւնը:

Այնուհետեւ, մեծ խանդավառութեամբ գործի կը լծուի հոգաբարձութիւնը եւ առաջին հերթին անհրաժեշտ նկատուող նոր շէնք մը վարձելու գաղափարը կը յղանայ, զոր անմիջապէս կը գործնականացնէ: Ապա դպրոցի կրթական պատասխանատուութիւնը կը վստահուի գործունեայ ուսուցչուհի Հռիփսիմէ Մարտիրոսեանին, որ շնորհիւ անցեալ տարուան ձեռք բերած իր փորձառութեան եւ ձեռնհասութեան` նուիրուած մշակ մըն է հատեթահայ ծնողաց կողմէ:

Արդէն իսկ բաւականաչափ աշակերտներ արձանագրուած են, ու դեռ օր ըստ օրէ անոնց թիւը կ՛աւելնայ:

Հատեթահայ այս գաղութը հետզհետէ մեծ նուաճումներ կ՛արձանագրէ ազգային դիմագծի պահպանման մարզէն ներս, ըլլայ ան կրթական, ըլլայ գաղափարական տեսակէտէն:

Կ՛արժէ հոս ի սրտէ ԿՈՉ ուղղել բոլոր մեր ազգային մարմիններուն եւ անհատներուն, որ իրենց աչքերը պահ մը ուղղեն Հատեթի այս բարձունքը` չզլանալով իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը, որպէսզի առաւել թափով յառաջ տարուի դպրոցաշինութեան այս սրբազան գործը, մեր հարազատ ժողովուրդի սիրեցեալ զաւակներուն ջամբելու Սահակ-Մեսրոպի սրբազան շունչն ու վարդանեան սերունդի ազատատենչ ոգին, որուն այնքան կարիքը կը զգացուի մերօրեայ հայ իրականութենէն ներս:

ՀԱՏԵՏՑԻ

 

Հայ Կեանք

Թրքական Թերթերու Գրգռիչ Լուրերը

«Միլլիյէթ» Կը Գրէ, Թէ 1600 Հայեր Դիմած Են
Ռուսիա
Երթալու Համար Եւ Մերժուած Են

Պոլսոյ թրքական թերթերը (11-12 սեպտեմբերին) դարձեալ կ՛արծարծեն հայոց պատրիարքին եւ պոլսահայ պատուիրակութեան Էջմիածին երթալու լուրը եւ կու տան զանազան մանրամասնութիւններ եւ սխալ մեկնութիւններ:

«Միլլիյէթ» «1600 հայեր դիմում կատարած են Ռուսիա երթալու համար, սակայն կառավարութիւնը մերժած է արտօնութիւն տալ» խորագրին տակ կը հրատարակէ Անգլիայէն ղրկուած հետեւեալ հեռագիրը.-

Արտօնութիւն չտրուեցաւ այն 1600 հայերուն, որոնք 26 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիսութեանց մասնակցելու արտօնութիւն խնդրեր էին:

Հայ հայրենակիցներ, շրջան մը առաջ, կրօնական արարողութիւններու մասնակցելու նպատակով դիմում կատարեր էին ներքին գործոց նախարարութեան, որ այս փափաքները դրական կերպով չէ դիմաւորուած, նախարարութեան խորհրդականը պատասխանելով նման հարցումի մը` «հրաման չտրուեցաւ» ըսելով բաւականացած եւ որեւէ լուսաբանութիւն չէ տուած:

«Մարմարա» հրատարակելէ ետք վերի հեռագիրը հետեւեալ ճշտումը կը կատարէ.-

Թիւրիմացութիւն պէտք է գտնուի 1600 հայերու դիմումի հարցին մէջ: Որքան գիտենք, պատրիարք հօր պատգամաւորութեան համար արտօնութիւն խնդրուած էր միայն 7 հոգիի համար: Իսկ անկէ դուրս 100 հոգիի համար միայն դիմում կատարուած էր ճամբորդական գործակալութեան մը կողմէ: Հետեւաբար «Միլլիյէթ»-ի ներկայացուցած 1600 թիւը չենք կարծեր, որ իրականութեան արտայայտութիւնը ըլլայ:

Ցիր Ու Ցան Հայեր
Ամասիոյ
Շրջանին Մէջ

Ամասիայէն կը գրեն Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին.-

Տ. Հայկազուն քահանայ, որ այցելած էր Ամասիա եւ շրջակայքը, 25 օգոստոսին Ամասիայէն 90 քիլոմեթր հեռու գտնուող Մարզուանէն անցնելով` հասած է Կիւմիւշհաճի գիւղը: Տէր հօր ժամանումին նախապէս լուր տրուած ըլլալով` դիմաւորուեցաւ տեղացի հայերու կողմէ ու հիւրընկալուեցաւ Յովհաննէս Միասէրեանի բնակարանը: Հոն մէկ օր մնալէ եւ 22 մկրտութիւն ու մէկ պսակ կատարելէ ետք տէր հայրը Ամասիա վերադարձաւ:

Հաճի գիւղի բնակիչները աշխատասէր ու հայ ժողովուրդին հետ լաւ, եղբայրաբար կ՛ապրին: Հայերուն թիւն է 70 ընտանիք: Խաղողի բերքը թէեւ առատ է, սակայն անձրեւի չգոյութիւնը հունձքի բերքին կէսը բեկանած է. ցորենը առատ է, շուկաները լիք են ամէն տեսակ արմտիք ու պտուղներով: Խաղողին քիլոն 35 ղրուշ է: Հունձքի ժամանակ ըլլալով` հրապարակը ոգեւորուած է: Տէր հայրը երէկ Ամասիա վերադառնալով` 3 մկրտութիւն եւ երկու պսակ եւս կատարելէ ետք դէպի Թոքատ մեկնեցաւ: Տէր հայրը Ամասիա բնակութեան միջոցին հիւրընկալուեցաւ Երուանդ Ահարոնեանի բնակարանը, որուն 80-ամեայ մօրը փափաքով առաւօտ եւ երեկոյ ժամերգութիւն կատարեց Ամասիայի եւ թէ Հաճիգիւղի մէջ բաւական թիւով հաւատացեալներ հաղորդուեցան: Հաճի գիւղի մէջ հաղորդութեան ժամանակ 83-ամեայ ծերունի կին մը` Մարիամ Պուճուիս անունով, փափաք յայտնեց, որ «Մեղայ Ամենասուրբ»-ը ինք կը կարդայ եւ իրեն հետ բերած ժամագիրքը բանալով` դողդղացող ձայնով ամբողջովին արցունքներու տակ կարդաց: Մարիամ Պուճուիսի այս ընթացքը մեծապէս յուզեց ներկաները:

Տ. Հայկազուն քահանայ իր առողջութեան պատճառով եւ վերջերս ունեցած յոգնութիւններուն իբրեւ հետեւանք` տրամադիր չէ երկար մնալու Թոքատի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES