Առողջապահական. Սնունդը Եւ Կեանքի Տարբեր Տարիքային Շրջանները

Կեանքի առաջին 20 տարիներու ընթացքին ընդունած սնունդը մարմինը կ՛օգտագործէ որպէս շինանիւթ: 25 տարեկանին վերջնականապէս կազմաւորուած կ՛ըլլան` կմախքը, մկանները եւ միւս օրկանները: 25 տարեկանէն ետք ընդունուած սնունդը կը ծառայէ պահպանելու արդէն կազմուած համակարգերուն բնականոն գործունէութիւնը: 50-ականներու սեմին պէտք է այլեւս սնանիլ ոչ թէ ախորժակը բաւարարելու, այլ օրկանիզմը վերակառուցելու համար: Անհրաժեշտ է այլեւս ուշադրութիւն դարձնել ուտելիքներու ճիշդ ընտրութեան եւ պատրաստութեան եղանակներուն, որպէսզի սնունդը ամրապնդէ մեր առողջութիւնը, իսկ քիմքին գոհացում տալու համար կարելի է դիմել համեմներու օգնութեան:

Մարդու օրկանիզմը, իր կեանքի տարբեր շրջաններուն, լիարժէք սնունդին զուգահեռ, կարիք ունի որոշակի սննդատեսակներու յաւելման կամ պակսեցման: Իւրաքանչիւր տարիք, ելլելով օրկանիզմի կառուցուածքէն եւ տարիքին համապատասխան կատարած աշխատանքէն, ունի սնունդի նկատմամբ իր պահանջը: Կուրծքով կերակրելէ ետք, որ ամենաբարենպաստն է առողջ երեխայի մը աճին համար, երեխան պէտք է սնանի լիարժէք սննդականոնով, ուր ներկայ պէտք է ըլլան` բանջարեղէններ, պտուղներ, ընդեղէններ եւ կաթնամթերքներ:

Դպրոցական տարիներուն անհրաժեշտ է կենսանիւթերով հարուստ բազմատեսակ սնունդ: Հնարաւորին չափ խուսափիլ պատրաստ, ֆասթ ֆուտէն, կազային զովացուցիչներէն: Երեխաներու աճին նպաստելու համար, անհրաժեշտ է յատկապէս փրոթէինով հարուստ սնունդը: Անբաւարար սնունդը կ՛ազդէ ֆիզիքական եւ մտային զարգացման վրայ: Փոքրերը սուրճ չխմելով հանդերձ, քաֆէին կը ստանան պատրաստ, արհեստական հիւթերէն, տուրմէն, քոլաներէն, որոնք անոնց մօտ գերգրգռուածութեան եւ գերշարժողականութեան պատճառ կը դառնան` ազդելով անոնց կեդրոնացման, ուսման նկատմամբ անտարբերութեան վրայ:

Քննութեան շրջանին անհրաժեշտ է բազմատեսակ եւ կենսանիւթերով հարուստ սնունդ: Այս շրջանին յանձնարարելի են` տուրմը, պանանը, իսկ եռանդուն եւ աշխուժ ըլլալու համար նախաճաշը դպրոցականներու համար անհրաժեշտութիւն է:

Արբունքի շրջանին կ՛աւելնայ յատկապէս աղջիկներուն ծանրութիւնը, մասնաւորաբար` դաշտանը սկսելէ ետք, եւ անոնք կը դիմեն խիստ սննդականոններու` նուազեցնելու համար յաւելեալ ծանրութիւնը: Սակայն հետեւելով սննդականոնի` անոնք ձեւով մը արգելք կ՛ըլլան մարմնի առողջ եւ հաւասարաչափ աճին: Միայն մասնագէտ բժիշկի խորհուրդներուն հետեւելով, բացառելով որեւէ հորմոնային հիւանդութիւն, կարելի է նուազեցնել աւելորդ ծանրութիւնը: Արբունքի շրջանը կը համընկնի ոսկորներու աճի եւ կմախքի ձեւաւորման հետ, հետեւաբար կարեւոր է քալսիոմը, որուն հիմնական աղբիւրը կը հանդիսանան կաթնամթերքները եւ մութ գոյնի բանջարեղէնները: Ծանրութիւնը պահպանելու համար դիւրին է զանց առնել ճաշերու միջեւ «թեթեւ» ուտելիքները` աւելորդ ջերմուժ չստանալու համար: Նախընտրելի է նաեւ չօգտագործել տապկուած սնունդ, ապխտուած միսի տեսակներ, պահածոներ, թթու դրուած սննդամթերքներ, համեմունքներ, քրեմով եւ սերուցքով թխուածքներ, չիփս, քոքա քոլայի տեսակներ: Երիտասարդները նախապատուութիւն տալով ֆասթ-ֆուտին կը տկարացնեն առողջութիւնը, նախապայմաններ ստեղծելով ապագային շարք մը հիւանդութիւններու:

40-ին մօտեցող կիները իրենց արտաքին բարեմասնութիւնները պահպանելու մտահոգութենէ ազդուած` յաճախ կը դիմեն հակաառողջապահական միջոցներու: Սխալ կարծիք կայ, ըստ որուն, 40-էն ետք, մանաւանդ դաշտանադադարի շրջանին, կիներ պարտադիր կը գիրնան եւ դժուար թէ ծանրութիւնը ետ նուազի: Մինչդեռ սերտուած ճաշացուցակի կողքին մարմնամարզութեան հետեւելով կամ օրական մէկ ժամ քալելով` կիները կը պահպանեն ե՛ւ առողջութիւնը, ե՛ւ բարեձեւութիւնը: Դաշտանադադարի մէջ գտնուող կիներու ոսկորներու դիւրաբեկութիւնը կանխարգիլելու նպատակով անհրաժեշտ է սպառել քալսիոմով հարուստ յաւելեալ սնունդ, կաթնեղէններ, ծովային կենդանիներ, յաճախ օգտագործել փոթասիոմով հարուստ սնունդ` պանան, շոմին, սեխ, նարինջի ջուր, նուազեցնելու համար քալսիոմի կորուստը: Աղի չարաշահումը նոյնպէս կը նպաստէ մէզի ճամբով քալսիոմի կորուստին:

Գիրնալու հակում ունեցող կիներ պէտք է խուսափին ճարպոտ եւ քաղցր ճաշատեսակներէ, սահմանափակեն խմորեղէնները: Այս շրջանին իւրայատուկ բարդութիւններ ունեցող կիներ պէտք է խուսափին օգտագործելէ չափազանցուած աղի եւ կծու սնունդ, սուրճ եւ ալքոհոլ: Սնունդի մէջ նախապատուութիւն տալ պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն: Բարդութիւններէ խուսափելու համար շատ օգտակար է շաբաթը մէկ օր կատարել օրկանիզմի բեռնաթափում:

Ամէնէն կարեւորը, անհրաժեշտ է մաքրել միտքը, լաւատես ըլլալ կեանքի հանդէպ, հնարաւորին չափ զբաղիլ մարմնամարզանքով, քալել, կատարել որեւէ մտաւոր կամ թեթեւ ֆիզիքական աշխատանք, որ հաճոյք կը պատճառէ անձին: Կեանքի այս շրջանին, կնոջ բնաւորութեան տատանումները շրջապատի եւ ընտանիքի անդամներու կողմէ պէտք է ներողամտօրէն ընդունուին` խուսափելու համար հետագայ հոգեկան խանգարումներէ: Կիներու ամէնամսեայ տկարութեան հետ կապուած բարդութիւններէ կարելի է խուսափիլ ուտելով յաճախ եւ քիչ, առաւելութիւնը տալով շաքարով ուտելիքներուն: Այդ շրջանին այտուցուածութեան զգացումէն խուսափելու համար ուտել վարունգ, ազատքեղ, պակսեցնել աղի, սուրճի եւ ալքոհոլի սպառումը: Կիներու քիմքը կը փոխուի տարիքի հետ: 20 տարեկանին կը սիրեն աղանդերներ, տարիքի հետ նախընտրութիւն կու տան գինիին, սուրճին, ծխախոտին: 40 տարեկանին կը խուսափին շաքարեղէն եւ խմորեղէն օգտագործելէ` նրբութիւնը չկորսնցնելու, չգիրնալու համար: 50-է վեր կինը ամէն բան կ՛ուտէ` այլեւս նախընտրութիւն չդնելով ուտեստեղէններու միջեւ, եթէ չի տառապիր ծանրութեան յաւելումէ:

Ծերութիւնը եւ սննդառութիւնը.

Ծերութիւնը հիւանդութիւն չէ, սակայն անիկա հաւանական կը դարձնէ կարգ մը հիւանդութիւններու զարգացումը, ինչպէս` ընկճուածութիւն, պնդութիւն կամ, հակառակը, փորհարութիւն, անմարսողութիւն, երակներու կարծրացում եւ նեղնալու հետեւանքով առաջացած սիրտ-անօթային հիւանդութիւններ: Տարիքի հետ մարսողութիւնը կը թուլանայ, քիչ մը աւելի ուտելու պարագային, կը յառաջանայ անմարսողութիւն, ծանրութեան զգացում, յաճախ` ձգձգուող հիւանդութիւններու սրացում:

Տարեցներու սնունդը պէտք է ըլլայ տեսակաւոր, նաեւ հաւասարակշռուած` նախընտրութիւնը տալով հում եւ հեղուկ ուտելիքներուն: Ընտրել կենսանիւթերով, հանքային աղերով, ամինոթթուներով հարուստ եւ միեւնոյն ատեն քոլեսթերոլէ, շաքարէ զուրկ, քիչ ջերմուժ պարունակող սնունդ: Տարեց եւ ծեր հասակի մէջ ջերմուժի պահանջները համեմատաբար ցած են, այդ պատճառով անհրաժեշտ է սահմանափակել աթերոսկլերոզի եւ ճարպակալման նպաստող սնունդի քանակը: Սնունդը կազմուած պէտք է ըլլայ կանաչ տերեւներով բանջարեղէններէն, պտուղներէն, ձկնեղէնէն, ընդեղէնէն եւ լման հացէ: Ջիղերը հանգստացնելու եւ ուղեղային հիւանդութիւնները կանխելու նպատակով օգտագործել մակնեզիոմով հարուստ չոր պտուղներ եւ բանջարեղէն: Կանոնաւոր սպառել ոչ իւղոտ կաթնեղէն, նախընտրելի է օգտագործել պանիրի ճերմակ տեսակներ: Օգտագործել դանդաղ գործող շաքարի տեսակներ` մեղր, չոր պտուղներ, հատեղէն, բրինձ: Անհրաժեշտ է իջեցնել հացի եւ խմորեղէններու օգտագործումը, օրական ուտել 2-3 հատիկ սխտոր: Տարեցներու մօտ յաճախ հանդիպող ներբաններու այրոցի զգացումը կը յառաջանայ յատկապէս Պէ.12-ի պակասէն, այս անձերը պէտք է սպառեն կենսանիւթ Պէ.-ով հարուստ սնունդ: Ժամանակակից բժշկութիւնը խորհուրդ կու տայ տարեցներուն զբաղիլ որեւէ աշխատանքով` խուսափելու համար հոգեւոր եւ ֆիզիքական շարք մը խանգարումներէ: Յիշողութիւնը եւ աշխատունակութիւնը պահպանելու համար շատ կարեւոր է չկորսնցնել հետաքրքրութիւնը կեանքի նկատմամբ: Զբաղիլ ընթերցանութեամբ, նկարչութեամբ, քալել, ըլլալ ֆիզիքապէս աւելի աշխուժ:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

1

Որպէսզի ձեր հագուստի պահարանները անուշ բուրեն, կտորէ ծրարիկներու եւ կամ թէյի քամոցի (մետաղեայ, կլոր) մէջ հուսամ (լաւանտ) լեցուցէք եւ պահարանին զանազան դարաններուն վրայ զետեղեցէք:

Ծրարիկները եւ քամոցը կրնաք փոխարինել նարինջով, որուն վրայ մեխակի գամեր հաստատած ըլլաք:

2

Եթէ որեւէ տեղ կարմիր գինի թափի, անմիջապէս վրան աղ ցանեցէք, աղը կը ծծէ գինիին մէկ կարեւոր մասը:

Եթէ գինին ճերմակ, բամպակեայ ծածկոցի վրայ թափի, մաքուր լաթ մը առատօրէն թրջեցէք ճերմակ գինիի կամ եռացած կաթի մէջ, ապա անով փորձեցէք մաքրել արատը:

Եթէ ծածկոցը գունաւոր է, պաղ ջուրի մէջ քիչ մը ամոնիաք լուծեցէք եւ ծածկոցը մէջը պահեցէք առնուազն ժամ մը:

 

3

Ձեր մետաքսեայ էշարփը մաքրելու համար քանի մը հաւկիթի ճերմկուց զարկէք, մինչեւ որ ձիւնի վերածուի, էշարփը մէջը մխրճեցէք եւ թեթեւ շարժումներով շփեցէք: Ցօղուեցէք գաղջ ջուրով եւ խոնաւ վիճակի մէջ թեթեւօրէն արդուկեցէք:

4

Որպէսզի ձեր կանկատունկերը (քաքթիւս) երկար դիմանան եւ առողջ տեսք ունենան, չափաւոր ջրեցէք զանոնք, իսկ ձմրան եղանակին երբեք չջրէք:

 

 

 

5

Եգիպտացորենի հատիկները աւելի փափուկ եւ հիւթեղ կ՛ըլլան, եթէ անոնց եփի ջուրին քիչ մը կաթ աւելցնէք:

6

Եթէ քնանալու դժուարութիւն ունիք, գաւաթ մը տաք կաթ խմեցէք` ապուրի դգալ մը մեղր աւելցնելով անոր:

Քունին նպաստող ուտելիքներ են` ընկոյզը, թուզը, խնձորը, հազարը, ամբողջական բրինձը եւ հնդկահաւի միսը:

 

 

Շաբթուան Մարզանքը

Եոկա` Քնանալու Համար

Ստորեւ տրուած եոկայի 5 շարժումները յաջորդաբար կատարելով` կրնաք հանգիստ քուն մը ապահովել:

Նշենք, որ եոկայի մէջ քիթէն շնչելը շատ անհրաժեշտ եւ կարեւոր է: Շնչառութիւնը ինքնին եոկայի մէկ անբաժան մասնիկն է: Հետեւաբար իւրաքանչիւր շարժումի հետ պայման է, որ 8-էն 10 անգամ խորունկ շնչէք եւ արտաշնչէք:

Առ ի գիտութիւն` նշենք, որ թիւ 1 նկարին դիրքը կը կոչուի աղաւնին, թիւ 2 նկարինը` ուրախ երեխան, երեքը` կէս կամուրջը, չորսը` դաշտերու ծաղիկը եւ, վերջապէս, հինգը` ոտքի աքցանը:

Նշենք նաեւ, թէ եոկայի մէջ վայրագ եւ կտրուկ շարժումներ չկան, հետեւաբար հանդարտօրէն պէտք է կատարել զանոնք` շնչառութեան վրայ կեդրոնանալով:

Բարի՛ քուն…

 

Խոհագիր

Հայկական Շիշ Քեպապ

Բաղադրութիւն

Կէս գաւաթ ձէթ, 2 մեծ դգալ կիտրոնի հիւթ, 1 պզտիկ դգալ ճերմակ գինի, 1 մեծ դգալ ծեծուած սխտոր, կէս պզտիկ դգալ աղ, կէս պզտիկ դգալ սեւ փոշի պղպեղ, կէս պզտիկ դգալ փոշի անանուխ, կէս պզտիկ դգալ չոր խնկունի (ռոզմերի), 1 հատ դափնիի տերեւ, 2 քիլօ ոչխարի պուտ` առանց ոսկորի, 2 հատ մեծ սոխ, 2 հատ մեծ կանաչ պղպեղ, 12 հատ սունկ, 2 հատ մեծ լոլիկ:

Պատրաստութիւն

Միսը լուալ եւ քառակուսի կտորներու վերածել:

Լոլիկը, սոխը եւ կանաչ պղպեղը 6-8 կտորներու վերածել: Սունկին մաշկը հանել:

Ձէթը, կիտրոնի հիւթը, գինին եւ ծեծուած սխտորը խառնել, ապա խառնուրդը համեմել աղով, փոշի անանուխով, խնկունիով եւ դափնիի տերեւով: Միսի կտորները դնել աս խառնուրդին մէջ, ծածկել եւ 24 ժամ սառնարանը դնել:

Խորովելու ժամանակ միսի կտորները հանել խառնուրդէն, բայց խառնուրդը վերապահել եւ անոր մէջէն սոխերը, պղպեղները եւ սունկերը անջատել: Սոխը տպակի մը մէջ թմրեցնել շուրջ 12 վայրկեան, միսի կտորները այլ տապակի մը մէջ 10 վայրկեան տապկել, նոյնպէս կանաչ պղպեղները` 7 վայրկեան եւ սունկերը` 3 վայրկեան: Ապա բոլորը մէկդի ձգել, որ պաղին:

Պաղելէն ետք, բոլորը միատեղ պարպել վերապահուած խառնուրդին  մէջ եւ զօրաւոր կրակի վրայ շուրջ 7-10 վայրկեան եփել, մինչեւ որ միսերը ամբողջութեամբ եփին, իսկ բանջարեղէնը թեթեւ սրճագոյն դառնայ:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ԳՆԱԼՈՒՑ ԱՌԱՋ

Ինչպէ՞ս թէ գնաս,
Կարծում ես հե՞շտ է խաչ քաշել վրաս,
Երբ մտել եմ քո ամէն բջիջի,
Հոգու, ոգու մէջ
Ու գոյութիւնն եմ դարձել քո անձի:
Ես այրւում եմ քո շիկացած արեան,
Ամէն հիւլէի բաղադրութեան
Ցոլացումների
Ու անդրադարձման արձագանգներում,
Քո հիւսուածքներում,
Նեարդաթելերի գործուածքների մէջ
Ես նուրբ հենքերի կապ եմ սրտամերձ…
Ինչպէ՞ս թէ գնաս,
Ախ դու չգիտես, չգիտես, հոգիս,
Որ քո մէջ վաղուց, դու վաղուց չկաս,
Ու չես իմանում, որ յաճախ անլուրջ
Երբ բորբոքւում ես, բռնկւում մէկէն,
Այդ ես եմ ներսից միամտօրէն
Հոգիդ փրփրում,
Երբ վրդովուում ես, տագնապից դողում,
Ես եմ քո ներսից քո դէմ բողոքում,
Երբ գորովանք ես շաղ տալիս չորս դին,
Ես եմ քեզ ներսից շոյում մտերիմ,
Երբ ծիծաղում ես, հրճուանքից հարբում,
Ես եմ քո ներսից քեզ ծափահարում,
Իսկ երբ մզզում է ականջիդ ներսում
Վէրքի մի օղակ,
Այդ ես եմ հիւսում ցաւի եղանակ…
Ինչպէ՞ս թէ գնաս,
Դու այդ էութեամբ ու՞ր պիտի գնաս…
Երբ փորձի համար
Քո ներսում քեզնից երես եմ թեքում,
Դու տղամարդու կամքով քո տկար,
Կորչում ես իսկոյն ուրիշ գրկերում:
Երբ ետ եմ բերում
Շռայլանքներով փաղաքշանքիս,
Դու այդ կանանցից արդէն կշտացած
Զղջումների մէջ դառնում ես գերիս…
Ինչպէ՞ս թէ գնաս,
Դու չսերտեցի՞ր մեր կեանքում մի դաս,
Որ միայն մի տեղ,
Լոկ միայն մի տեղ ունես գնալու,
Այն էլ սուրբ հողիդ գիրկը իմացիր,
Եւ իմանալով, ինձ պէս դիմացիր,
Որ ես այն ափում թէկուզ եւ սառած,
Կը լինեմ կողքիդ,
Այնպէս որ հիմա գնալուց առաջ
Քեզ խաչակնքի՜ր…

ՄԵՏԱՔՍԷ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES