Բարձրացէ՛ք Եւ Բարձրացուցէ՛ք

Կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2012, կէսօրէն ետք:

Արտասովոր եռուզեռ մը կը տիրէ Մզհերի մէջ: Շատ մեծ թիւով ինքնաշարժներ շարուած են «Աղբալեան» ակումբին շուրջ, եւ բանակ մը տարազաւորներ համախմբուած են Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի կառատունը: Առիթը` բոլորը անհամբեր կը սպասեն ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական վերամուտը:

Տողանցքը սկսաւ եւ մեծաթիւ խումբերը, փողերախումբին թմբուկներուն եւ եղանակներուն հետեւելով, յառաջացան Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն մինչեւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր: Տպաւորիչ էր երեւոյթը. մօտաւորապէս 180 անդամներ, առաջնորդութեամբ 20 խմբապետներու եւ խմբապետուհիներու, ծայրէ ծայր լեցուցին Մզհերի մայր ճամբան: Ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի բնակիչներու մեծ խումբ մը ներկայ էր` քաջալերելու այս ձեռնարկը: Ոմանք ճամբուն եզերքին քալելով կ՛ընկերակցէին տարազաւորներուն, ուրիշներ պատշգամներէն կը դիտէին եւ կը ծափահարէին, իսկ շատեր ակումբին դրան առջեւ կը սպասէին տողանցողներուն ժամանումը: Լման տարազով եւ կարգապահ անդամներէ բաղկացած այս շարքերը թնդացուցին հայաշատ Ծաղկաձորը եւ ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի ու Անթիլիասի սկաուտութեան իսկական պատկերը:

Դրօշակի արարողութեան ընթացքին հիանալի տեսարան մը պարզուեցաւ բոլորին առջեւ. մասնաճիւղին անդամները իրենց ամբողջական տարազներով կը գեղեցկացնեն ամբողջ դաշտը, գայլիկական կանաչ շապիկով եւ դեղին փողկապով փոքրիկները խանդավառութիւն կը սփռեն ամէն կողմ, արիական սրճագոյն շապիկով պատանիներն ու պարմանուհիները իրենց զուսպ կեցուածքով վստահութիւն կը ներշնչեն բոլորին, իսկ կարմիր գլխարկներով երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները կը ներկայացնեն պատասխանատու եւ խոստմնալից փաղանգ մը: Այս բոլորը արդիւնքն են նախաձեռնող, աշխուժ, առոյգ եւ կազմակերպուած խմբապետական կազմի մը լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքին:

Դրօշակի արարողութենէն ետք խումբերը ներկայացուցին հաճելի եւ ճոխ գեղարուեստական յայտագիր մը: Մոկլիներուն երգն ու պարը, գայլիկներուն եւ արծուիկներուն կենդանի պատկերը, արիներուն եւ երէցներուն մարզական աշխատանքներն ու սքեչները, ինչպէս նաեւ արենուշներուն ու պարմանուհիներուն պարերը ճոխացուցին մթնոլորտը: Ներկաները վայելեցին զուարճալին եւ լուրջը, սկաուտականն ու արդիականը, հայկականն ու օտարը: Բոլորին յուզումը կրկնապատկուեցաւ, երբ համացանցի միջոցով հանդիսատեսները դիտեցին Ֆրանսայէն եւ Քանատայէն ուղղակի սփռում մը, որով մասնաճիւղին մէջ գործած նախկին խմբապետներ իրենց սրտի խօսքն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեցին բոլորին: Աշխատանքի աւարտին, ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ եւ նմանօրինակ սկաուտական հանդիպումներու խոստումներով վերադարձան տուն:

Ձեր վարձքը կատա՛ր, սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, սիրելի՛ խմբապետներ եւ խմբապետուհիներ. այս ձեռնարկով դուք անգամ մը եւս բարձր պահեցիք ՀՄԸՄ-ը, դուք վերահաստատեցիք ՀՄԸՄ Անթիլիասի խիտ շարքերը եւ ներկաներուն ցոյց տուիք ձեր կամքն ու աշխատասիրութիւնը:

Տարիներէ ի վեր սպասուած այս պատկերը դուք այսօր կարողացաք վերակենդանացնել: Ներկաներուն արցունքոտած աչքերը ու  գոհունակ ժպիտները վկայութիւնն էին ձեր այս օրուան յաջողութեան: Սիրելի՛ խմբապետներ եւ խմբապետուհիներ, շարունակեցէք ձեր այս նուիրեալ գործը, շարունակեցէք հետեւիլ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին` բարձրացէ՛ք եւ բարձրացուցէ՛ք: Ձեզի կը մաղթենք յարատեւ վերելք: Ապրի՛ք:

ԾՆՈՂՔ

Share this Article
CATEGORIES