ՀՄԸՄ-Ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի 2012-2013 Տարեշրջանի Բացման Հանդիսութիւն
Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ու կազմակերպութեամբ սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ սկաուտական 2012-2013 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւն:
Առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ Լիբանանի շեփորախումբին, 200 տարազաւորներ տողանցեցին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն դէպի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, ուր բացօթեայ դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ դրօշակի պաշտօնական արարողութիւն:
Հրաւիրեալներու շարքին էին Պսալիմ- Մզհեր-Մաժզուպ շրջաններու քաղաքապետ Ժորժ Մզհեր եւ փոխ-քաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեան, Անթիլիաս-Նաքքաշի քաղաքապետութեան անդամ Հայկ Ոսկերիչեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան, Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Շրջանային խմբապետութիւնը, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ , ծնողներ, համակիրներ եւ ՀՄԸՄ-ի բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը:
8 արիներ կատարեցին իրենց երդման արարողութիւնը եւ 8 արենուշներ ստացան Բ. կարգ: Տեղի ունեցաւ խմբապետական կազմի աստիճանատուչութիւն հետեւեալ ձեւով` Դալար Մխիթարեան (խմբապետ), Լոռի Ժամկոչեան (աքելլա), Լոռի Ծառուկեան (փոխխմբապետ), Սթիւ Պալեան (փոխխմբապետ), Կարին Կէօքճեան (պալու) եւ Մարլինա Քէշիշեան (պաղիրա):
Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ նուիրուած էր հայ սկաուտութեան 100-ամեակին: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր թատերական ներկայացում մը, որուն դէպքերը տեղի կ՛ունենային 2037 թուականին` հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան 125-րդ ամեակին, եւ որուն ընդմէջէն այդ թուականի նախկին խմբապետները կը յիշէին մասնաճիւղին մէջ իրենց ապրած օրերն ու յիշատակները, մասնաւորապէս, 2012 թուականի վերամուտի աշխատանքները: Այսպիսով, մոկլիները երգեցին մոկլիին երգը, պարմանուհիները պարեցին հայկականը ու եւրոպականը միախառնող պար մը, գայլիկները, արծուիկներն ու մոկլիները կենդանի պատկերով մը ամբողջ դաշտին տարածքը օգտագործելով` գրեցին «100-ամեակ», արենուշները պարեցին սկաուտական շարժումներով պար մը, արիները ներկայացուցին չարքաշ պատկեր մը, բուրգ մը եւ թատերական ներկայացումներ:
Յայտագիրը փակուեցաւ մասնաճիւղային կանչով մը, որուն մասնակցեցան բոլոր սկաուտական խումբերը: Հարկ է նշել, թէ յայտագրի ընթացքին ցուցադրուեցան քանի մը տեսերիզներ, որոնցմէ մէկը կը ներկայացնէր մասնաճիւղին աշխատանքները, իսկ միւս երկուքը ձայնագրուած էին Լիբանանէն գաղթած մասնաճիւղին նախկին խմբապետներուն կողմէ, որոնք իրենց սրտի խօսքն ու հաճելի դրուագներ փոխանցեցին ներկաներուն:
Ձեռնարկին ընթացքին ներկաներուն բաժնուեցան ձեռային աշխատանքներ պատրաստուած տարազաւորներուն կողմէ: Ձեռային աշխատանքը կը բաղկանար չորս ձեռքերէ` միացած իրարու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ սկաուտական չորս ճիւղերէն մէկը` մոկլի, գայլիկ-արծուիկ, արի-արենուշ եւ երէց-պարմանուհի, եւ որոնց վրայ գրուած էր մասնաճիւղի տարեշրջանի աշխատանքներու գլխաւոր թեման` «Դէպի յառա՛ջ»:
Բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան, ծրագրեցին, ղեկավարեցին, դիտեցին, վայելեցին այս ձեռնարկը, կ՛ըսենք վարձքերնիդ կատար:
ՔՈՅՐ ՄԸ

