Սրտիդ Տախտակին Վրայ Ի՞նչ Ստորագրած Ես
ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Սիրտը տախտակ ունի՞»: Անկասկած չունի, երբ ան կապուած է մարդուս ֆիզիքական կազմուածքին: Վերոխորագրեալ հարցում-մակագիրը սոսկ կրօնաբարոյական բնոյթ ունեցող եւ կամ աստուածաշնչական համարներէն պոկուած հարցադրում մը չէ, այլ` կեանքէն առնուած եւ մարդուս նպատակաուղղուած հարցաքննութիւն մը:
Բնութեան մէկ տարրերէն եղող տախտակը, որ իր իսկութեանը մէջ ծառէն յառաջ եկած է, շատոնց ծառայած է բազում նպատակներու. անով կառուցուած են բնակավայրեր, դղեակներ, կամուրջներ, կահոյքներ եւ այնպիսի գեղատեսիլ կառոյցներ, որոնք ձեւակերպուած են նոյնինքն մարդ արարածին կողմէ: Եթէ տախտակը կառուցողական դեր ունեցած է մարդէն դուրս «թանձրացական» կոչուած կեանքին մէջ` անոր կեանքը հեզասահ դարձնելով, ապա որքան սիրտը իր փոքրակազմ, բայց ուժգին գործունէութեամբ` առողջապահական գետնի վրայ առաջին դերակատար բնախօսական գործիքն է: Ահա թէ ինչո՛ւ գիտութիւնը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ սրտին` անոր գործունէութեան համակարգին մասին զանազան ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծումներ կատարելով ու հետեւցնելով:
Մարդկային կեանքին մէջ մարդ մանուկ հասակէն սկսեալ մինչեւ խոր ծերութիւն սրտո՛վ կը սիրէ, սրտո՛վ կը կապուի իր նմանակիցին կամ ընկերոջ, սրտո՛վ աշխատանքի կը նետուի եւ զայն իր աւարտին կը հասցնէ… Բայց նաեւ այդ սրտով կը սիրէ զԱստուած ատող մարդիկը եւ կ՛ատէ ու կը ծանակէ զԱստուած սիրող մարդիկը: Այդ սրտո՛վ կը գթայ անգութին եւ անգութ կը դառնայ գթութեան կարօտ մարդոց հանդէպ: Սրտի բարի նպատակի համար գործածութիւնը կախեալ է տուեալ անձնաւորութենէն: Երբ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ կ՛ըսենք, կը հասկնանք նախ եւ առաջ մարդը, ապա` անոր կամեցողութիւնը, հայեցակէտը, մտածելակերպը ի բարին եւ ի չար:
Ինչպէ՞ս կարելի է աշխարհակեդրոն սիրտը փոխակերպել աստուածակեդրոն եւ աստուածային առաքիննութիւններով ու բարեգործութեամբ զեղուն սրտի: Ի՞նչն է պատճառը, որ նոյն այդ սրտէն «կ՛արտաբխին» չարանենգ մտածումներ ու չարայօդ արարքներ: Երեխայ մը երբ իր մօր արգանդէն դուրս ելլելով` աշխարհ կու գայ, երբ տակաւին իր անմեղունակ աչքերը նոր կը բանայ սա մեղսալի աշխարհին, զինք շրջապատած կ՛ըլլան խանդաղատալիր սիրով տոգորուած հարազատները: Մանուկը իր չարաճճիութենէն առաջ եւ վեր կը սիրուի իր ԱՆՄԵՂՈՒԹԵԱՄԲ ու ԲԱՐՈՒԹԵԱՄԲ, որոնց ակնաղբիւրը աշխարհի թոհուբոհին մէջ չմխրճուած իր բարի սիրտն է: Սակայն այդ նոյն սիրտը անմեղ իր վիճակին մէջ կը մնա՞յ: Ահա հո՛ս կը կայանայ ծնողի մը, մանաւանդ մօր մը շինիչ եւ ուղիղ դաստիարակութիւնը իր զաւկին հանդէպ: Մայր մը երբ կարենայ իր զաւակը հեռու պահել վատառողջ մթնոլորտէ, չարահամբաւ ընկերութենէ եւ իր աչքի լոյսին` զաւկին ջամբէ առողջ դաստիարակութիւն, իր զաւակը փրկած կ՛ըլլայ մօտալուտ վտանգէ ու փորձանքէ: Ժողովրդական առածը կ՛ըսէ` «Մայրանալը դիւրին է, մայր ըլլալը` տարբեր բան»: Իսկ նոյն առածը կը շարունակէ դրուատել տիպային վարք ունեցող մայրերը` ըսելով. «Իրա՛ւ մայրերը արժանի են հերոսի կոչման»:
Ընկերային թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ, արտաքնապէս «բարի» սիրտ ունեցող մարդիկ կը ներկայանան մեզի` իրենք զիրենք ձեւացնելով մէկական արդարամտութեան եւ բարեգործութեան ջատագովներ: Իբրեւ գոյաւոր էակ` հաւանաբար չկարենաս նման մարդոց բուն ինքնութիւնը ճանչնալ կամ ի յայտ բերել, տարուելով անոնց խաբեպատիր վարուելակերպէն ու խօսակցութենէն: Սակայն Քրիստոս Իր ուսուցումներով զգօն դարձուց մեզ` այդպիսիներու ցեխաթաթաւ սիրտն ու ինքնութիւնը յայտնաբերելով. «Բերնէն մտածը չէ՛, որ կը պղծէ մարդը, այլ, ինչ որ դուրս կ՛ելլէ բերնէն ա՛յն է, որ կը պղծէ մարդը» (Մտ. 15.11): Բերնէն մտածը յստակ է, որ` «ստամոքսը կ՛երթայ եւ ապա դուրս կ՛ելլէ: Մինչդեռ ինչ որ մարդուս բերանէն կ՛ելլէ, սիրտէն դուրս կու գայ, եւ ատիկա է, որ կը պղծէ մարդս: Որովհետեւ մարդուս սիրտէն է, որ կ՛ելլեն չար մտածումները` սպանութիւն, շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սուտ վկայութիւն, հայհոյութիւն» (Մտ. 15.17-19): Մարդկային չափանիշներովդ ու կարողութեամբդ չես կրնար տեսնել կամ ճանչնալ եղբօրդ սիրտը: Աստուա՛ծ Ինքն է, որ կը ճանչնայ իւրաքանչիւրիս սիրտը, այսինքն` մեր էութիւնը կազմող եւ մեր բնութիւնը յատկանշող մտածումներու, զգացումներու, յոյզերու եւ ապրումներու աշխարհը…
Քրիստոսի ժամանակաշրջանին ապրող «օրինասէր» կոչուած փարիսեցիները իրենց փրկութիւնը կը փնտռէին օրինապահութեան եւ օրէնքի նախագծած սահմաններուն մէջ` փոխանակ փնտռելու աստուածապարգեւ այն հաւատքին մէջ, որ կրնար իրենց սիրտը նորոգել եւ իրենց ներսիդին նոր հոգի հաստատել (Հմմտ. Եզ. 36.26): Այսօ՛ր եւս երեւոյթը նոյնն է: Փարիսեցիանման սիրտ ունեցող մարմնաւոր մարդը, այս պարագային Աստուծոյ Հոգիով չապրող եւ եկեղեցւոյ Ս. աւազանէն չվերածնած անձը իր շրթունքներով միայն զԱստուած` կը փառաբանէ (անշուշտ, եթէ կը ճանչնայ) եւ սիրտը կլանուած կ՛ըլլայ աստուածադրոշմ դիմագիծը նսեմացնող ու իր կեանքը քայքայող կործանարար ախտերով: Մինչդեռ Աստուծոյ Հոգիով վերանորոգուած մարդը, անսալով Տիրոջ խօսքին` հոգեպէս եւ գործնականօրէն կը պաշտէ զԱստուած, իր սիրտը դարձնելով Ս. Հոգիին տաճարը (Հմմտ. Ա. Կր. 3.16): «Հոգի է Աստուած, եւ անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն» (Յհ. 4.24):
Դրամապաշտութեամբ գերեվարուող ու պարապող մարդիկ ալ կան, որոնց սիրտը անքակտելիօրէն կապուած է իրենց ունա՛յն հարստութեանց ու ինչքերուն: «Դրա՜մ, դրա՜մ, դրա՜մ». ա՛յս է դրամասէր ու աշխարհամոլ մարդուն տիւ ու ցայգ արտասանած մնայուն յանկերգը: Իսկատիպ քրիստոնեային սիրտը պէտք է ողողուած ըլլայ անժամանացելի հարստութեամբ, այսինքն` Աստուծմով ու աստուածայինով, երկնայինով ու երկնաէջ մանանայով: Յոբ երանելի կ’ըսէ. «Ամենակարողը քու ոսկիդ է եւ քու թանկագին արծաթդ» (Յոբ. 22.25): Եթէ մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին ընդունած ենք զԱստուած իբրեւ մեր ոսկին ու թանկագին արծաթը, բնականաբար մեր սրտերը Անոր կապուած եւ Անոր սիրով ու խաղաղութեամբ լեցուած պիտի ըլլան մեր երկրաւոր թէ երկնաւոր կեանքի ընթացքին: Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «…Աներեւակայելի գանձ մըն է Քրիստոս» (Եփ. 3.8): Քրիստոս պարզապէս գանձաբաշխ չէ, այլ` բաշխուած գանձն իսկ: Աստուած լոկ հարստացնող մը չէ, այլ` հարստութիւնն իսկ:
Երիտասարդ մը յայտարարած էր, թէ իր սիրտը շրջանի ամէնէն գեղեցիկ սիրտն է: Յանկարծ խճողումը ճիշդ մէջտեղէն կիսող ծեր մը երիտասարդին մօտենալով` կ՛ըսէ. «Սիրտդ իմ սրտիս չափ գեղեցիկ չէ»: Ճիշդ այդ պահուն հոն գտնուողներն ու երիտասարդը ծեր մարդուն սրտին կը նային ու կը քննեն: Ծերունիին սիրտը շատ արագ կը տրոփէր: Սրտին մէջ վէրքեր եւ պարապութիւններ կային, իսկ պարապութեանց մէջ` ճեղքեր, իսկ ճեղքերուն վրայ խոր գիծեր յառաջացած էին:
Երիտասարդը խնդալով` կ՛ըսէ. «Անպայման կը կատակես: Իմ սիրտս առողջ եւ կատարեալ վիճակի մէջ է, իսկ քուկինդ արցունքներէ եւ տանջանքներէ յառաջ եկած վէրքի հետքերով լեցուն է»: Ծերը կը պատասխանէ. «Այո՛, սիրտդ կատարեալ կ՛երեւի, բայց ես բնաւ իմ ծեր սիրտս քուկինովդ չեմ փոխեր: Այդ քու տեսած ամէն մէկ վէրքը անձ մը կը խորհրդանշէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ սէր տածած եմ: Անոնց սրտէս հատորիկ մը սիրով տուի, իսկ անոնք ալ իրենց սրտէն կտոր մը ինծի տուին: Այդ կտորները իմ տուած կտորներուս հետ երբեմն չյարմարեցան եւ այս իսկ պատճառով անկիւնները խորտուբորտ դարձան: Սակայն ես անոնց ամէն մէկ կտորը զատ-զատ կը սիրեմ, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մեր բաժնեկցած սէրն ու բարեկամութիւնը կը յիշեցնեն ինծի: Պատահեցաւ, որ իմ սիրոյս եւ բարեկամութեանս փոխադարձը չստացայ, ահա ա՛յս պատճառով սրտիս մէջ վէրքով լեցուն պարապութիւնները անկէ գոյացած են: Սրածայր դանակի պէս են եւ բաւական ցաւ կը պատճառեն, բայց տակաւին պարապ տեղերը լեցնող եւ ինծի սէր ու բարեկամութիւն տուող անձեր պիտի ըլլան: Այսպիսով, այդ պարապութիւնները պիտի լեցուին: Այս բոլորը ինծի յոյս կը ներշնչեն եւ առաւել եւս զիս կեանքին կը կապեն: Հիմա ըսէ՛, ո՛վ երիտասարդ, ըստ քեզի, ո՞ր սիրտը աւելի գեղեցիկ է»:
Երիտասարդին աչքերը սիրոյ արցունքներով կը լեցուին: Ծեր մարդը իր բացատրութիւնը տալէ ետք կը քալէ եւ սրտէն գեղեցիկ կտոր մը բարեկամաբար երիտասարդին կու տայ: Մարդուն սրտին մէջ տակաւին շատ պարապութիւն կար: Երիտասարդը ծերուկին կողմէ իրեն տրուած սիրտը «բարեկամներ» գտնուող բաժնին մէջ կը տեղադրէ, վրան փոսիկներ կը փորէ եւ ապա տեղը կը հանգչեցնէ: Երիտասարդը պահ մը իր սրտին կը նայի եւ կը տեսնէ, որ այլեւս ողորկ եւ կատարեալ չէր, որովհետեւ ծերուկին սրտէն հին, բայց գեղեցիկ կտոր մը զետեղած էր անոր վրայ:
Սիրելի՛ ընթերցող, Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին մէջ կը գրէ. «Քրիստոսի նամակն էք դուք, պարզապէս` մեր ձեռքով գրուած: Գրուած` ո՛չ թէ մելանով, այլ` կենդանի Աստուծոյ Հոգիով. ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու, այլ` ձեր սիրտերու մարմնեղէն տախտակներուն վրայ» (Բ. Կր. 3.3): Իսկ դուն, բա՛րեկամ, սրտիդ նամակի բովանդակութեան մէջ ի՞նչ գրած ես, կամ ո՞վ է անոր հեղինակը: Աշխարհի նամակաբե՞րն ես, թէ՞ Քրիստոսի կենարար խօսքին պատգամաբերը: Այդ գրուածքները քու հարստութի՞ւնդ են: Պատասխանդ եթէ ոչ է, ապա ո՞ւր է մնայուն հարստութիւնդ, ի՞նչ բանի մէջ կը տեսնես կամ կը կայանայ ան: Աստուծո՞յ մէջ, թէ՞ Աստուծոյ պարգեւը եղող երկրաւոր կեանքիդ պայմաններուն մէջ: Աստուծմէ եկող փառքի՞ն մէջ, թէ՞ մարդոց կողմէ քեզի համար հիւսուած գեղեցիկ խօսքերուն եւ ծափողջոյններուն մէջ: Բարձրեալ Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութեա՞նդ մէջ, թէ՞ բարձրադիրք մարդոց հետ ունեցած կապիդ մէջ:
«Սրտիդ մարմնեղէն տախտակին վրայ» Աստուծոյ անունը դաջողը Ս. հոգին Ինքն է, սակայն ընդունողն ու ստորագրողը դո՛ւն ես: Առ այդ, երկնաւոր Հօրդ անունը ստորագրէ սրտիդ տախտակին վրայ, որովհետեւ Ան քեզ անհամբեր կը սպասէ սրտիդ դրան առջեւ (Հմմտ. Յյտ. 3.22): Եթէ յօժար ես, սրտիդ դուռը բաց…

