«Կառավարութիւնը Տապալելու Կոչերը Անպատասխանատու Են Եւ Ոչ Ոք Պիտի Ընդառաջէ Անոնց» Շեշտեց Վրէժ Սապունճեան
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը` լրջութեամբ եւ արդիւնաբերութեամբ:
Վ. Սապունճեան հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կառավարութիւնը տապալելու պահանջը անպատասխանատու արտայայտութիւն է եւ ոչ ոք պիտի ընդառաջէ անոր, որովհետեւ մենք յանձնառու ենք երկրին ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական կացութեան:
Ճարտարարուեստի նախարարը հաստատեց նաեւ, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն իրաւունքն է, որ յաւելումներ ստանան իրենց աշխատավարձերուն վրայ` աւելցնելով, որ այդ մասին իրենք համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` նախարար Վրէժ Սապունճեան շեշտեց, որ պէտք է սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտները յարգել:
Միւս կողմէ, Սապունճեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է համալսարաններուն եւ ճարտարարուեստի մարզին միջեւ ամուր կապ մը հաստատել եւ ճարտարարուեստի մարզը կարող դարձնել համալսարանաւարտ երիտասարդները հմայելու եւ անոնց աշխատանք ապահովելու:
Վ. Սապունճեան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն ներդրումներ կատարելու փոքր ծրագիրներու մէջ եւ յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք ընդարձակելու իրենց աշխատանքն ու ծրագիրները:


