Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին Եւ Պահանջեց Աշխատանքը Աշխուժացնել

Խորհրդարանի դիւանի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երեսփոխանները:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ կարգ մը երեսփոխաններ այս նիստին չեն մասնակցած ճամբորդութեան պատճառով, իսկ ուրիշներ` ապահովական պատճառներով:

Ֆատլալլա շեշտեց, որ նիստին ընթացքին հաստատուած է խորհրդարանի նիստեր կայացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային հարցեր քննարկելու եւ լիբանանցիներուն վերաբերող հարցեր լուծելու առաջնահերթութիւնը:

«Հետեւաբար, երկրին այս ներքին խոհանոցին աշխատանքը պէտք է շարունակուի», ըսաւ Ֆատլալլա:

Միւս կողմէ, չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին Պըրրի երեսփոխաններուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց խորհրդարանական յանձնախումբերուն աշխատանքը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրի ըսաւ, որ ինք կը տատամսի խորհրդարանը լիագումար նիստի մը կանչելու` աւելցնելով, որ ինք յանձնառու է նման նիստի մը քաղաքական բոլոր շերտերուն մասնակցութեան:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստին անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ ժխտական կեցուածքները ոչ մէկ տեղ կը հասցնեն:

 

Share this Article
CATEGORIES