Ջրագնդակ. Նոյեմբերին Տեղի Պիտի Ունենայ Արցախեան Պայքարի Ազատամարտիկ Արա Մանուկեանի Անուան Յուշամրցաշարքը

Ջրագնդակի հայկական ֆետերասիոնը աշխատանքներ կը տանի այս մարզաձեւը Հայաստանի մէջ տարածելու:

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին ֆետերասիոնին պատասխանատուները աշխատանքային այցելութեամբ մը պիտի մեկնին Գիւմրի եւ Վանաձոր:

Թէեւ վերոնշեալ քաղաքներուն մէջ այս մարզաձեւով զբաղողներ գրեթէ չկան, սակայն կան լողաւազաններ, ուր կարելի է լաւապէս մարզուիլ:

Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար միջազգային կարգի իրաւարար Էդուարդ Մանթաշեան կը յայտնէ, որ յառաջիկայ նոյեմբերին այս մարզաձեւը աւելի մօտէն ծանօթացնելու համար մարզասէր հասարակութեան, տեղի պիտի ունենայ յուշամրցաշարք մը, նուիրուած` արցախեան պայքարի ազատամարտիկ Արա Մանուկեանի յիշատակին:

Հայկական աղբիւրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ ըստ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքէջին, այս յուշամրցաշարքին պիտի մասնակցի նաեւ Վրաստանի խումբը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES