Մարսէյի Յետսապահը Հրաժարեցաւ Մաս Կազմել Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականին

Իր լուրը քաղելով ֆրանսական lolympien.fr կայքէջէն` PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Մարսէյի յետսապահ Կայել Անտոնեան հրաւէր ստացած է մաս կազմելու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:

Սակայն, ըստ «Լա Փրովանս»-ի, ֆութպոլիստը հրաժարեցաւ մաս կազմել Հայաստանի հաւաքականին, կը շարունակէ հայկական աղբիւրը:

Անտոնեան, որ 17 տարեկան է, մաս կազմած է Ֆրանսայի երիտասարդներու հաւաքականին եւ ներկայ դրութեամբ դաշտ կը ներկայանայ Մարսէյի երկրորդ խումբին հետ:

Share this Article
CATEGORIES