Գէորգ Դաւթեան Մոսկուայի Մէջ Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ
Եւրոպայի ծանրաբարձութեան կրկնակի ախոյեան Գէորգ Դաւթեան Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) ենթարկուեցաւ ողնաշարի վիրաբուժութեան:
Գիւմրեցի 29 տարեկան ծանրաբարձը Armsport.am-ին յայտնեց, որ այս վիրաբուժութեան բոլոր ծախսերը հոգաց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:
Վերջին ամիսներուն Ռուսիա գտնուող մարզիկը յառաջիկայ օրերուն պիտի վերադառնայ Հայաստան եւ հանգրուանային ձեւով սկսի իր փորձերուն: Շատ հաւանաբար ան փորձի ելոյթները վերսկսի 85 քկ դասակարգի մրցումներով:
Նշենք, որ 2006-ին եւ 2007-ին Գէորգ Դաւթեան հանդիսացած է Եւրոպայի ախոյեան, 2007-ին` աշխարհի փոխախոյեան, իսկ 2008-ի ողիմպիականին` պրոնզէ մետալակիր:
CATEGORIES Մարզական

