Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Մարդը Կ՛ուզէ Սպանական Ակումբ Գնել
ArmFootball.com մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդը` մեքսիքացի միլիառատէր Քարլոս Սլիմ, կ՛ուզէ սպանական ակումբներէն մէկը գնել:
Սպանական մամուլը կը յայտնէ, որ ան կ՛ուզէ մեծ ներդրումներ կատարելով այդ ակումբին մէջ` պայքարիլ ախոյեանութեան տիտղոսներու համար:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, Սլիմ կ՛ուզէ գնել Աթլեթիքօ Մատրիտը` նկատի ունենալով, որ մատրիտցիները նախորդ տարի կ՛ուզէին ծախել իրենց ակումբը` պարտքերու տակ մխրճուած ըլլալու պատճառով:
«Ֆորպս»-ի ամէնէն հարուստ մարդոց ցանկին մէջ Սլիմ կը գրաւէ առաջին դիրքը: Անոր ունեցածը կը գնահատուի 61 միլիառ տոլարով:
CATEGORIES Մարզական

