Էն. Պի. Էյ. Ախոյեան Հիթ Յաղթանակով Սկսաւ 2012-2013 Տարեշրջանը
Երէկ` չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին սկսաւ Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան առաջին օրուան յայտագիրին վրայ գտնուող երեք մրցումները:
Ախոյեան Մայեմի Հիթ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 120-107 պարտութեան մատնեց Պոսթըն Սելթիքսը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տուայն Ուէյտ նշանակեց 29 կէտ, մինչ Սելթիքսի մարզիկ Փոլ Փիրս` 23 կէտ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 99-91 արդիւնքով տեղի տուաւ Տալաս Մավըրիքսի դիմաց:
Քլիվլենտ Քաւալիրզէն պարտութիւն կրեց նաեւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ` 94-84 արդիւնքով:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Տենվըր Նակեթց
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Շիքակօ Պուլզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Նիւ Օրլինզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Եութա Ճեզ – Տալաս Մավըրիքս
Ֆէոնիքս Սանզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ

