Լիլիթ Մկրտչեան Լրջօրէն Կը Պատրաստուի Ճատրակի Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 10 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր 2012, ռուսական Խանթի Մանսիսք քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի աշխարհի աղջկանց ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 33 երկիրներէ ժամանած 64 ճատրակ խաղացողներու:

Մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 450 հազար ամերիկեան տոլար:

Ախոյեանութեան տիտղոսին համար կը պայքարին աշխարհի ախոյեանները, ՖԻՏԷ-ի դասաւորման մէջ առաջնակարգ դիրքը գրաւողները, ճատրակի ֆետերասիոններու նախագահներուն առաջադրած թեկնածուները եւ աշխարհի տարածքին բացառիկ արդիւնք արձանագրողները:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի առաջնակարգ ճատրակ խաղացողներէն Լիլիթ Մկրտչեան կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Ճատրակի այս ախոյեանութեան կը պատրաստուիմ լրջօրէն, այնպէս` ինչպէս իւրաքանչիւր մրցում, ունի աւարտականի տպաւորութիւնը: Այս ախոյեանութիւնը կը յատկանշուի անով, որ անիկա տեղի կ՛ունենայ նաք-աութի դրութեամբ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն կէտը, որ ամէն ինչ կախեալ է նաեւ բախտէն: Յոյսով եմ, որ ամէն գնով լաւ արդիւնք պիտի արձանագրեմ Ռուսիոյ մէջ»:

 

Share this Article
CATEGORIES