Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւն. Հաստատուեցաւ Նոր Մրցանիշ Մը` Մասնակցող Երկիրներուն Եւ Վազողներուն Թիւին Գծով
Յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Պէյրութի Մարաթոնի միութիւնը յայտարարեց, որ 2012-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնին հաստատուեցաւ նոր մրցանիշ մը, ինչ կը վերաբերի մասնակցող երկիրներուն եւ վազողներուն:
Նկատի ունենալով, որ Մարաթոնին մասնակցելու պայմանաժամը աւարտեցաւ, յայտարարուեցաւ, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արաբական եւ եւրոպական 96 երկիրներու 33,370 երկսեռ վազողներ` հետեւեալ ձեւով.
1060 վազողներ` գլխաւոր Մարաթոնին, որուն երկարութիւնն է 42,195 քմ:
23,530 վազողներ` 10 քմ վազքի մրցումին:
7900 վազողներ` 5 քմ վազքի մրցումին:
790 վազողներ` ծնողներու եւ զաւակներու 1 քմ վազքի մրցումին:
150 վազողներ` պաշտօնական անձնաւորութիւններու 1 քմ վազքի մրցումին:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ այս տարի արհեստավարժ երկսեռ վազողներուն թիւը կը կազմէ 22, ժամանած` հետեւեալ եօթը երկիրներէ. Եթովպիա, Քենիա, Հարաւային Ափրիկէ, Էրիթրէա, Թանզանիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Մարոք:
Ինչ կը վերաբերի այս Մարաթոնին մասնակցողներուն ստանալիք թիւերուն, անոնց բաժանումը տեղի պիտի ունենայ 7-9 նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 22:00, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ին մէջ` դիմելով Մարաթոնի միութեան կողմէ նշանակուած պատասխանատու Պասել Ֆաքիհի:

