Արուեստի Աշխարհէն. Լասքոյի Քարայրին Փիքասոները

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Վայրի եզան պատկեր` Ալթամիրայի քարայրներուն մէջ:

ՆԱԽԱՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ Ի՛ՆՉ Կ՛ԸՍԷ ՄԵԶԻ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒՂԵՂԻՆ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ, ԿԱՄ` Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇԷ ՄԵՐ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ: ԺԱՅՌԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԱԾ Է ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՁԵՒԵՐՈՎ: ԱՅԺՄ «ՏԸ ՍԼԷՅԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆՔ ՈՒՂԵՂԻ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊ ՄԸ ՓՆՏՌՈՂ ՆՈՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԻ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԱՊԱՑՈՒՑԵԼ, ԹԷ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ  ԾՆՈՒՆԴԷՆ Ի ՎԵՐ ՄԵԾ ԲԱՆ ՉԷ ՓՈԽՈՒԱԾ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԵՐԱՑԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ:

Իւրաքանչիւրս մեր դատողութեամբ տարբեր պատասխան մը կու տանք «ի՞նչ բան կը բնորոշէ մեր մարդկութիւնը» հարցումին: Սակայն, եթէ ազատ արուեստներու ուսանող մըն ենք, հաւանաբար առանց տատամսելու պիտի պատասխանենք` «մարդկային գիտութիւնները»: Թերեւս կրնայինք տալ նաեւ աւելի մասնայատուկ պատասխան մը` մէջբերելով Հալտէյն ՄքՖոլը. «Այն անձը, որ արուեստներէ հեռու է, դաշտերուն գազաններէն միայն քիչ մը վեր է»:

Շա՛տ լաւ: Կը նշանակէ, թէ բաւական ձեւական է մեր հակազդեցութիւնը: Սակայն արդեօք սխա՞լ է մեր կարծիքը: Ո՛չ անպայման: Հին քարէ դարու մասնագէտներ հակամէտ են մարդկային իմացական կարողութեան զարգացումը առնչելու իբրեւ արուեստագէտ եւ պատմագէտ ժայռապատկերներով, քանդակներով եւ նախապատմական արուեստի այլ ձեւերով արտայայտուելու մեր կարողութեան հետ: Աշխարհը խորհրդանիշներով ներկայացնելը հաւանաբար սկիզբն էր լեզուի կազմաւորումին: Ածուխի, երկաթակաւի, անասունի փշրուած ոսկորներու եւ մէզի խառնուրդով  ներկի պատրաստութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հին քարէ դարու մարդը կարողութիւնը ունէր պատկերացնելու տարբեր նիւթերու միացումով` նոր յատկութիւններ պարունակող նիւթեր ստեղծելու կարելիութիւնը: Նորարարութիւն եւ կանխածրագրում կ՛ենթադրէր պատրաստուած ներկը պահելը, հաւանաբար` խեցիի պատեանի մը մէջ, որ պիտի յայտնաբերուէր 100 հազար տարի ետք, Հարաւային Ափրիկէի ծովեզերեայ մէկ քարայրէն:

Ծինական Այլափոխումի Գաղափարը`
Ժամանակավրէպ

Աւելի քան 30 հազար տարուան ձիերու եւ ռնգեղջիւրներու պատկերներ` Շովէի քարայրներուն մէջ:

Այն հարցումը, թէ ուրկէ՞ ստացած ենք մեր մարդկութիւնը, առնուազն 1970-ական տարիներէն ի վեր կը մնայ խճճուած այն յայտնաբերումներուն մէջ, որոնք կը վերաբերին այն հարցումին, թէ ե՞րբ սկսած ենք արուեստի գործեր ստեղծել: Սթանֆորտի համալսարանին մէջ Ռիչըրտ Քլայն օգտագործած է ժայռապատկերներ, ինչպէս` Հոլընշթայն Շթատըլի քարայրէն յայտնաբերուած 30 հազար տարուան մարդառիւծը, ապացուցելու համար իր այն տեսութիւնը, թէ 40 հազար տարի առաջ ծինական այլափոխութիւն մը յանկարծ խթանած է մեր նախահայրերուն մտային ծաղկումը (արդի մարդուն նախահայրը` խելացի մարդը յայտնուած է շուրջ 200 հազար տարի առաջ, սակայն այս ժամանակին մեծ մասը անցուցած է ոչինչ ընելով): Այսուհանդերձ, 1991-ին Հարաւային Ափրիկէէն շուրջ 77 հազար տարուան ուլունքներու եւ կարմիր երկաթակաւի փորագրուած բեկորներու յայտնաբերումը ջրեց Քլայնի վարկածը: Անիկա մտածել տուաւ, թէ խորհրդանշաններով մտածելու ուղղութիւնը ծնունդ առած է շատ աւելի կանուխ, քան ինչ որ կը կարծուէր, թերեւս նոյնիսկ այն ժամանակներուն, երբ եղափոխուած է մարդկային մարմինը` ստանալով արդի իր պատկերը: Ծինական այլափոխումի մը գաղափարը ժամանակավրէպ դարձաւ, երբ ի յայտ եկան հետզհետէ աւելի հին իրեր: Արիզոնայի նահանգային համալսարանին մէջ հին քարէ դարու մասնագէտ Քըրթիս Մարին 2012-ին արդէն կը ձայնակցէր ընդունուած կարծիքին, երբ «Սմիթսոնիըն» թերթին գիտական բաժնի խմբագիր Էրին Ուէյմենի կ՛ըսէր. «Միշտ ալ տրամաբանական կը թուէր այն տեսութիւնը, թէ մարդկային արդի վարուելակերպին, այսինքն մարդկային արդի իւրայատկութեան արմատները ծնունդ առած են հին քարէ դարու մարդկային շառաւիղին ծնունդին հետ»:

Հաւանական է, որ մեր ուղեղը վերացականութեամբ օժտուած է այն օրէն, երբ ապրած ենք իբրեւ մարդ: Սակայն ինչպէ՞ս նախապատմական շրջանի արուեստը կրնայ օգնել մեզի` հասկնալու վերացական մտածողութեան կարողութիւնը, որ այսօր ինքզինք կը պարտադրէ ամէն տեղ, Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարանին (ՄօՄԱ) ցուցադրասրահներէն մինչեւ սմարթֆոներու (զանազան դերեր կատարող բջիջային հեռաձայն) պաստառը` իր խորհրդանշաններով: Լասքոյի, Ներխայի եւ Շովէի քարայրներուն ժայռապատկերները շատ հեռու են գերիրապաշտութենէ: Պարզ բացատրութեան մը կ՛ըսէ, թէ մեր նախահայրերը ժամանակը կամ կարողութիւնը չունէին ձիերն ու նախիրը պատկերելու իրենց բնական երեւոյթով: Այսուհանդերձ, ջղագեղագիտութեան (նիւրօէսթեթիքս) մասնագէտներ սկսած են հարց տալ, թէ արդեօք հին քարէ դարու արուեստին վերացականութիւնը խորքին մէջ կ՛արտացոլէ աշխարհը ընկալելու մեր մտային գործընթա՞ցը:

«Գագաթնակէտի Փոփոխութիւն»

Իրլանտական եղջերուի այս հոյակապ պատկերին մէջ անասունին մարմինը ուրուագծուած է կէտերով:

Այս տեսութեան գլխաւոր ջատագովներէն է Սան Տիեկոյի մէջ Քալիֆորնիոյ համալսարանին ուղեղի եւ իմացական կարողութեան բաժանմունքի տնօրէն Վ. Ս. Ռամաչանտրան, որ նաեւ հեղինակն է «Տը թել-թէյլ պրէյն. է նիւրոսայընթիսթ՛ց քուեսթ ֆոր ուաթ մէյքս աս հիւմըն» (ինքզինք բացայայտող ուղեղը. ջղագէտի մը փնտռտուքը, թէ ի՛նչ բան կը բնորոշէ մեր մարդկութիւնը) գիրքին: Ռամաչանտրան կ՛ուրուագծէ գեղագիտութեան 10 սկզբունքներ, որոնք հաճոյք կը պատճառեն մեր ուղեղին կամ կը հետաքրքրեն ուղեղին մէջ մեր տեսողութիւնը ղեկավարող մասը: Այս սկզբունքներէն մէկը` «գագաթնակէտի փոփոխութիւն»-ն է: Անիկա կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս «խթանի մը դիտումնաւոր աղաւաղումը շատ աւելի խանդավառութիւն կը ստեղծէ, քան` ինքնին խթանը»: «Գագաթնակէտի փոփոխութեան» սկզբունքին հեղինակն է Նիքօ Թինպըրկըն անունով գիտնական մը: 1950-ական տարիներուն ան նկատած է, թէ ճայերու ձագերը իրենց մայրերուն կտուցը կը կտցահարէին` անոնց որոճացած ձուկերով սնանելու համար: Թինպըրկըն որոշած է չէզոքացնել մայր ճայերուն կտուցներուն ա՛յն յատկանիշը, որ կը խթանէր այս հակազդեցութիւնը: Ան տառեխ ուտող ճայերու ձագերուն դիմաց դրած է կեղծ կտուցներ` շինուած փայտի կտորներէ, որոնց ծայրամասերուն կարմիր կէտ մը տեղադրած է, չափահաս ճայի մը կտուցին ծայրամասի կարմիր կէտին պէս: Ձագերը մեծ խանդավառութեամբ կտցահարած են փայտի այս կտորները: Ապա` գիտնականը անոնց դիմաց դրած է փայտի նոյն կտորները, սակայն մէկ կարմիր կէտի փոխարէն` երեք կարմիր կէտերով: Այս անգամ ձագերը շատ աւելի արագ կտցահարած են զանոնք: Փորձարկութիւնը ցոյց տուած է, թէ ճայի ձագերը շեշտուած հակազդեցութիւն մը կը ցուցաբերէին այնպիսի խթաններու, որոնք իրենց կարգին շեշտուած էին: Թինպըրկըն այս ներգործութիւնը կոչած է` «գագաթնակէտի փոփոխութիւն», որովհետեւ կտցահարումը իր գագաթնակէտին հասած է, երբ խթանը փոփոխութեան ենթարկուած է:

Ռամաչանտրանի խորաթափանց տեսութիւնը կը կայանար այն կէտին մէջ, որ ան ճայի ձագերուն տենդահար կտցահարումը կ՛առնչէր կանուխ ժամանակներու մարդոց աշխարհը պատկերելու ձեւին հետ: Եթէ մեր նախահայրերը եւս մեքենականօրէն վարժուած էին աւելի զօրաւոր կերպով հակազդելու աւելի շեշտուած խթաններու, ապա մեզի համար հասկնալի է, թէ այս նախընտրութիւնը ինչպէ՛ս իր արտայայտութիւնը պիտի գտնէր անոնց արուեստին մէջ: Եւ իրապէս, Սպանիայէն մինչեւ Աւստրալիա, քարայրներու մէջ ժայռապատկերներ կը շեշտեն իրենց պատկերած անասուններուն ամէնէն ցայտուն մասերը. վայրի եզները ծաղիկներու կը նմանին` բարակ ոտքերու վրայ գծուած միսերով, ռնգեղջիւրներուն գանկերէն կը ծլին հսկայական կոտոշներ, արջերը գէր են, բայց ունին ուժեղ ծնօտ: Մարդկային կերպարը եւս կ՛ենթարկուի հիմնականը շեշտաւորող մօտեցումի: Օրինակ` Վիլենտորֆի Վենիւսը. 11 սմ բարձրութեամբ փորագրութիւն մը, որ ի յայտ եկած է 1908-ին, Աւստրիոյ մէջ: Անոր կախ կուրծքերը, ուռած որովայնը, ցայտուն սեռայնութիւնը ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ կը նշանակէր կին ըլլալ` 25 հազար տարի առաջ: Արձանիկը թեւեր չունի, ոչ ալ` դիմագիծ, սակայն անոնց կարիքը չունի` արգասաբերութեան գաղափարը փոխանցելու համար: Նոյնիսկ շատ աւելի հին արձան մը` Հոհլը Ֆելսի Վենիւսը գրեթէ չունի թեւեր, ոտքեր եւ գլուխ, սակայն անոր պատգամը յստակ է` սեռայնութիւն, սերնդագործութիւն եւ արգասաբերութիւն, որոնք կ՛արտայայտուին պատկերուած կնոջ լայն կոնքերով:

Հոլընշթայն Շթատըլի քարայրէն յայտնաբերուած 30 հազար տարուան մարդառիւծը:

Մարդաբաններ տակաւին կը վիճին այս արձանիկներուն նպատակին մասին. արդեօք անոնք կրօնական հմայեակնե՞ր էին, արուեստի իրե՞ր, մանուկներու խաղալիքնե՞ր, կամ նոյնիսկ` նախապատմական շրջանի պոռնկագրութի՞ւն: Ուելինկթընի (Նոր Զելանտա) Վիքթորիա համալսարանէն ուսումնասիրողներու համաձայն, ցանկայարոյց արձանները «կը խորհրդանշեն հաւաքականութեան մը լաւ սնանելու յոյսը»: Այս կարծիքը ջղագիտական լեզուով վերարտադրելով` Ռամաչանտրան կը մտածէ, թէ մեր երբեմնի նախահայրերը սկիզբէն լարուած էին հակազդելու առողջութեան եւ յաջող սերնդագործութեան նշաններու: Անոնք ապրած են մինչեւ սառոյցի վերջին դարաշրջանին վերջաւորութիւնը` դիմագրաւելով դաժան ձմեռներ եւ սննդեղէնի պակաս: Զարմանալի չէ, որ յղի կնոջ մը երեւոյթը պիտի լուսաւորէր անոնց ուղեղը` գրաւելով անոնց ուշադրութիւնը եւ հաճոյք պատճառելով:

«Սայքոլոճի Թուտէյ» թերթին մէջ «գագաթնակէտի փոփոխութեան» մասին յօդուած մը գրելով` Եոնա Լերըր կը նկարագրէ ուսումնասիրութիւն մը, որ ցոյց տուած է, թէ ինչպէ՛ս մասնակցողներ աւելի դիւրին եւ արագ ճանչցած են, օրինակ` Ռիչըրտ Նիքսընի նման հռչակաւոր անձեր, երբ տեսած են անոնց երգիծանկարները եւ ոչ` լուսանկարները: Ուղեղին այն մասը, որ գործի կը լծուի դէմք մը ճանչնալու համար, գերազանց կարողութիւնը ունի վերլուծելու այն յատկանիշները, որոնք իր մը կը տարբերեն այլ իրէ մը, այն աստիճան, որ ուղեղը իր նախընտրութիւնը կու տայ իրականութեան քիչ մը ծամածուռ պատկերումներու: Լերըր իր կատարած փորձարկութիւնը կ՛առնչէ Փիքասոյի ի գործ դրած տեսողական ծամածռութիւններուն: Փիքասոյի Կըրթրուտ Շթայնի դիմանկարին մէջ «իրականութիւնը կը սրի»` վերացականութեան լուրջ գործընթացէ մը անցնելով: «Արուեստը այն սուտն է, որ ի յայտ կը բերէ ճշմարտութիւնը», կը գրէ Լերըր` մէջբերելով խորանարդապաշտ գեղանկարչութեան վարպետ Փիքասոն:

(Թէեւ 2009-ին լոյս տեսած վերոնշեալ յօդուածը այս տարուան մարտին արժանացաւ իր ճշգրտութիւնը հաստատող գրութեան մը, սակայն Լերըր ի՛նք վարպետն էր իրականութիւնները աղաւաղելու` աւելի հաճելի եւ աւելի ձեւաւորուած պատմութիւն մը հիւսելու նպատակով: Միայն այս պատճառով ան արժանի է մաս կազմելու ուղեղը կախարդող սուտերու քննարկումներու):

Քարայրներու մէջ պատկերուած արուեստը լոյս կը սփռէ նախապատմական աշխարհի կարգ մը ճշմարտութիւններուն վրայ. գոմէշի միսը բացառիկ ճաշ մըն էր, կիները սերնդագործելու կախարդական կարողութիւնը ունէին, պէտք էր զգուշանալ առիւծին գլուխէն եւ երախէն (ասիկա նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ մեր նախահայրերը անխոնջ որսորդներ էին. քարայրներու պատերուն վրայ գծուած ամէնէն ցնցիչ տեսարանները կը պատկերեն անասուններ, զորս մարդիկ հաւանաբար անհետացուցած են աշխարհէն: Անոնց շարքին են քարայրաբնակ արջը, ցլավայրին (օրաքս), իրլանտական եղջերուն եւ բրդոտ ռնգեղջիւրը):

Սակայն «գագաթնակէտի փոփոխութիւնը» խորքին մէջ չի բացատրեր կրկնուող տարօրինակ այն երեւոյթները, որոնք բնորոշ են Ալթամիրայի եւ Լասքոյի քարայրներուն մէջ պատկերուած անասուններու կարգ մը պատկերներուն: Անոնք կը կազմեն կէտերու, գիծերու, անսկիզբ եւ անվերջ հորիզոնական եւ ուղղահայեաց գիծերու յարափոփոխ հիւսուածք մը: Կրնանք դիմել մտային այն քերականութեան, որ կը ղեկավարէ մարդկային տեսողութիւնը, հիմնական գիծերն ու գոյները ճանչնալու ծառայող անոր կառոյցը: Թերեւս մեր նախահայրերը գեղագիտական առումով հաճելի զգացած են այս խթանները, որովհետեւ անոնց ջղային բջիջները սկիզբէն լարուած են հակազդելու անոնց` առաջին վայրկեանին: Սակայն վերացումի վիճակներ ուսումնասիրող մասնագէտներ այլ տեսութիւն մը ունին: Անոնք կը վիճին, թէ կրկնուող երեւոյթները այնքան ալ վերացական չեն, այլ տառացի վերարտադրութիւններն են զգայախաբութեան այն վիճակներուն, զորս արուեստագէտներ ապրած են քարայրներուն խորը:

Կախարդական Վերացումէ Ծնած Տեսիլքներ

Սանթա Քրուզի (Արժանթին) ձեռքերու քարայրը:

Հոգեբան Տոմինիք Հ. Ֆթչի 2007-ին Լոնտոնի մէջ կատարած է շարք մը փորձարկութիւններ` իր նոր յայտնագործած մէկ խաղալիքով. ակնոցի պէս գործիք մը, որուն ապակիները կը լուսաւորուին` աչքերը ողողելով լոյսի կայծերով, ստեղծելով «պատահական նշաններու ժխոր» մը: Ասիկա թոյլ չէր տար, որ կրողը որեւէ իմաստալից բան տեսնէր իր շրջապատին մէջ: Աչքին ջիղէն տեսողական որեւէ հրահանգ չստանալով` ուղեղին մէջ կը բազմապատկուէր հոն հասած ջղային ժխորը եւ ուղեղը կը ստեղծէր նշաններ, որոնք իրականութեան մէջ գոյութիւն չունէին: Ասիկա կ՛առաջնորդէր կախարդուած վերացումի ցնորական վիճակի մը: Նոյնիսկ, երբ փորձարկութեան մասնակցած անձերը փակ պահած են իրենց աչքերը, անոնք տեսած են փայլփլուն կէտեր, գիծեր եւ զիրար խաչաձեւող բազմաթիւ գիծեր, յար եւ նման անոնց, որոնք կը թեւածեն Եւրոպայի քարայրներուն պատերուն վրայ գծուած կերպարներէն:

Հարաւային Ափրիկէի սան ցեղախումբէն անձերու հետ 19-րդ դարուն կատարուած հարցազրոյցներ կ՛ապացուցեն այս կապը: Ասկէ միայն 200 տարի առաջ անտառաբնակ սան ցեղախումբէն մարդիկ Տրաքենսպուրկի լեռներուն վրայ կը գծէին վերացական պատկերներ, տարօրինակ կերպով յար եւ նման այն պատկերներուն, որոնք գծուած են Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ քարայրներուն մէջ: Հարցազրոյցներուն ընթացքին այս մարդիկը բացատրած են, թէ իրենք կ՛ապրէին կախարդական վերացումի պահ մը, ապա իրենց տեսիլքները կը վերարտադրէին պատկերներով: Անոնց պատմութիւնները մտածել կու տային, թէ հին քարէ դարու քարայրներուն ժայռապատկերները, իրենց կէտերով, գիծերով եւ ուղղահայեաց ու հորիզոնական գիծերու հիւսուածքով վերարտադրութիւնն էին այն տեսիլքներուն, զորս լոյսէ զուրկ քարայրաբնակ մեր նախահայրերը տեսած են նմանօրինակ պայմաններու մէջ: Հեգնականը այն է, թէ հին քարէ դարու ժամանակաշրջանի ամէնէն վերացական ձեւագծումներուն մէջ խորհրդապաշտ մտածողութիւնը հաւանաբար նուազագոյն դեր ունեցած է:

Հետեւաբար, ի՞նչ են այս ժայռապատկերները. արդեօք անոնք պարզապէս ջղագիտութեա՞ն արդիւնք են: Արդեօք անոնք նուա՞զ տպաւորիչ կը դառնան, երբ կը մտածենք, թէ հնադարեան այրերն ու կիները քարայրներուն պատերը զարդարած են ուղեղին մէջ զօրեղ հակազդեցութիւն մը խթանելու միտումով: Միայն Նոր քարէ դարու մարդը «այո՛» պիտի պատասխանէր (հաւանաբար` արուեստագէտի նախանձէն մղուած): Այն իրողութիւնը, թէ մեր ամէնէն հին նախահայրերը բնազդով զգացած են տեսողական ընկալումի օրէնքները եւ ստեղծագործական հնարքով կիրարկած են զանոնք, պարզապէս պէտք է աւելցնէ մեր հիացումը անոնց ստեղծած գործերուն նկատմամբ եւ ոչ թէ` նուազեցնէ: Փիքասօ ձեւով մը գիտէր, որ եթէ աւելի ցայտուն կերպով պատկերէր Կըրթրուտ Շթայնի դէմքին տիրական գիծերը, անոր երկար քիթը եւ տձեւ աչքերը պիտի հմայէին դիտողը: Նոյնպէս ալ, նախապատմական ժամանակներու արուեստագէտները անկախ այն բանէն, թէ ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէին, ստեղծած են գեղեցկութիւն մը` տեսողութեան հասարակաց պարունակի մը յատուկ օրէնքներով:

Աշխարհի տարածքին ժայռապատկերներ պարունակող իւրաքանչիւր քարայրի մէջ կարելի է հանդիպիլ նաեւ այլ խորհրդանիշի մը. տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու ձեռքերու ուրուանկարներու: Այս պարագային եւս ժամանակը աղօտած է անոնց իմաստը: Արդեօք անոնք ստորագրութիւննե՞ր են, ծիսակատարութի՞ւն մը, որուն ընթացքին կախարդ-քուրմերը կամ նկարիչները կը հաղորդակցէին ժայռին հետ: Թերեւս 5 մատներու այս պատկերները պարզապէս նշաններ էին, որոնք կ՛ըսէին` «Ես այստեղ էի»: Այսօր այս պատկերներուն շնորհիւ գիտենք, թէ մեր նախահայրերը ապրած են այս քարայրներուն մէջ, եւ թէ` անոնց ուղեղը շատ կը նմանէր մեր ուղեղին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES