Էրհան Արըքի «Հոռովել» Ցուցահանդէսը Փարիզում

Շաբաթ, հոկտեմբեր 6-ին, բացուեցաւ թուրք լուսանկարիչ Էրհան Արըքի ցուցահանդէսը Փարիզի «Անաքօ» տափանաւուն վրայ: «Հոռովել» վերնագրով ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Էրհանի անձնական աշխատանքը` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանի բնակիչներուն հետ կատարած հարցազրոյցներով, իրենց անձնական եւ ընտանեկան պատմութեան մասին: Էրհանը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մասին մարդկային եւ անկեղծ ձեւով մօտեցած է: Ցուցահանդէսը համակարգեց Շուշան Քերովբեանը` պատմութեան ուսանողուհի Փարիզի EHESS համալսարանին մէջ:

Հ.- Ի՞նչպէս Էրհան Արըքը իր աշխատանքը սկսաւ: Ի՞նչ է իր մօտեցումը Ցեղասպանութեան  վերաբերեալ:

Շ. Ք.- Էրհանը ծնած է Արտահանի մօտ, գիւղի մը մէջ: Իր ընտանիքը Կովկասէն գաղթած էր եւ հաստատուած` այս գիւղին մէջ, 1915-էն ետք: Գիւղը պարպուած էր իր հայ բնակչութենէն, եւ Կովկասէն եկած նոր բնակիչները սկսան ապրիլ հայերուն պարապ տուներուն մէջ: Էրհանին պապերը այդ դէպքերը չտեսան: Միայն ունէին պղտոր տեղեկութիւններ (ազդուած` Թուրքիոյ ազգայնամոլ եւ ժխտական ճառերէն) եւ գիտէին, որ կ՛ապրէին տան մը մէջ, որ հայերու պատկանած էր: Էրհանը մեծցաւ, ինչպէս` Թուրքիոյ շատ ուրիշ բնակիչներ, առանց գիտակցութեան, թէ ի՛նչ պատահեցաւ այդ հայերուն, որոնք լքած էին այդ տուները: Տան այն սրահը, որ հայերուն կողմէ կը գործածուէր իբրեւ կրակատեղ, Էրհանին ընտանիքը կը գործածէր իբրեւ ախոռ:

Գիշեր մը, երբ Էրհան այդ տան մէջ կը քնանար, երազ մը կը տեսնէ: Երազին մէջ ձայն մը զինք կը հետապնդէ` ըսելով. «Այս տունը մերն էր: Երեխաներս այս սենեակին մէջ կը խաղային, կինս այս փուռին մէջ կերակուր կ՛եփէր, բայց դո՛ւն անասուններուն համար կը գործածես…»:

Այս երազը տեսնելէ ետք է, որ Էրհան կ՛որոշէ  պատմութիւնը սորվիլ` այցելելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանին երկու կողմերու գիւղերը եւ լսելով բնակիչներուն պատմութիւնները: Այս ճամբորդութիւնը շատ անձնական ծրագիր մը եղած է, այս պատմութեան եւ իր երազին հետ հաշտուելու համար: Էրհանին մօտեցումը Ցեղասպանութեան, շատ մարդկային եւ ոչ քաղաքական մօտեցում մըն է, որովհետեւ ինք սորվեցաւ անոր մասին ուղղակի վկաներէն եւ անոնց զաւակներէն, թոռներէն, սահմանին երկու կողմի մարդոց հետ խօսելով, զանոնք լսելով:

Հ.- Ինչո՞ւ որոշեցիք իր ցուցահանդէսը Փարիզ կազմակերպել: Ցուցահանդէսին եկած ժողովուրդը ինչպէ՞ս մօտեցաւ Էրհանի աշխատանքին:

Շ. Ք.- «Անաքօ» տափանաւուն վրայ ամէն տարի հոկտեմբերը կ՛ըլլայ «Հայկական ամիս»: Կը փնտռէինք ցուցահանդէս մը` այս ամսուան ծրագրին համար: Մեզի հետաքրքրական թուեցաւ Էրհան Արըքի գործը, որ ցոյց կու տայ թուրքի մը նայուածքը` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին վրայ, եւ որ խօսք կու տայ սահմանին լուռ պահուած ձայներուն: Հայաստանցի մը, որ կը պատմէ Արաքս գետին մէջ իր մեծ մօրը խեղդամահ զաւակներուն մասին… Թուրք մանուկ մը, որ կը պատմէ իր երազը, որուն մէջ թիթեռնիկներ կը թռչէին դէպի «հայկական կողմը»…

Էրհան կ՛արտայայտուի լուսանկարներով, գրութիւններով ու շարժանկարներով: Լուսանկարները ցոյց կու տան իր ուղղակի եւ անկեղծ յարաբերութիւնը մարդոց հետ: Գրութիւններով Էրհան կը պատմէ Հայաստանի կողմի մարդոց պատմածները, իրենց եւ իրենց պապերուն յիշատակները եւ զգացումները Ցեղասպանութեան առնչուող դէպքերուն եւ իրենց գաղթին մասին` դէպի «սահմանին միւս կողմը»: Հակառակ անոր որ Էրհան Թուրքիոյ մէջ ալ մարդոց հետ խօսած էր, որոշեց ցուցահանդէսին ցուցադրել միայն Հայաստանի պատմուածքները` ցոյց տալու համար, որ Թուրքիոյ մէջ յիշողութիւնը որքա՛ն բացակայ է, եւ Հայաստանի մէջ` որքա՛ն ներկայ: Ցուցահանդէսին` Թուրքիոյ կողմը կայ միայն մէկ գրութիւն, որ է քիւրտ երեխային երազը: Ուրեմն, Թուրքիոյ մէջ յիշողութիւնը կ՛արտայայտուի երազներու մէջ, անտեսանելի ձեւով… Երկու կողմերուն մէջտեղը կը ցուցադրուին հինգ կարճ շարժանկարներ, պատրաստուած` նաեւ Էրհանին կողմէ: Շատ գեղեցիկ են եւ յուզիչ:

Անոնցմէ մէկը ցոյց կու տայ հատուածներ` Ցեղասպանութենէն վերապրած կնոջ մը հետ իր հարցազրոյցէն:

Ցուցահանդէսը այցելողները ընդհանրապէս շատ կ՛ազդուին եւ կը յուզուին: Էրհանին լուսանկարները, շարժապատկերները եւ գրութիւնները շատ գեղեցիկ են եւ մանաւանդ` շատ պարզ եւ անկեղծ: Այս անկեղծութիւնը շատ մարդկային մօտեցում մը յառաջ կը բերէ:

Հ.- Թուրքիոյ մէջ քանի տարի է «յիշողութեան» եւ «ընտանեկան» պատմութեան շուրջ աշխատանք կը տանին ոչ անպայման մտաւորական, այլ տարբեր խաւերու եւ տարբեր տարիքներու անձեր`  խմբական կամ անհատական ձեռնարկներով: Արդեօ՞ք համաձայն էք ինծի հետ: Պատահականութի՞ւն է, թէ՞ զարգացում կայ այս ուղղութեամբ: Եթէ այո, արդեօք այդ ձեռնարկողները մեծ ուժ կ՛ունենա՞ն հասարակութեան կարծրացած կարծիքը եւ գիտակցութիւնը փոխելու:

Շ. Ք.- Այո՛, այս վերջին տարիներուն շատ անհատներ եւ խումբեր կ՛արտայայտուին, կը զրուցեն, կ՛ուսումնասիրեն Թուրքիոյ մէջ բերանացի պատմութիւններուն եւ Ցեղասպանութեան յիշողութեան արտայայտութիւններուն մասին: Քանի որ պաշտօնական եւ հանրային միջոցներով գրեթէ անկարելի է այսպիսի գործեր յառաջացնել (բացի աւելի լայնամիտ քանի մը վայրերու մէջ, ինչպէս` Պոլսոյ քանի մը համալսարանները), երկար տարիներ թաքուն մնացած պատմութիւններ եւ յիշողութիւններ սկսած են այսօր ուրիշ միջոցներով լոյս տեսնել:

Ծանօթ է, օրինակ, Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի գրած հատորը` «Մեծ մօրս գիրքը» (2004), որուն մէջ կը պատմէ, թէ ինք ինչպէ՛ս իմացաւ իր մեծ մօրը հայ ըլլալը եւ անոր պատմութիւնը: Այս գիրքը, որ շատ անձնական պատմութիւն մը կը պատմէ, մեծ յաջողութիւն ունեցաւ, եւ շատ մարդիկ իրեն գրեցին շնորհակալութեան նամակներ` ըսելով, որ իրե՛նց ալ մեծ մայրը (եւ երբեմն մեծ հայրը) հայ էր…

2009-ին Ֆեթհիյէ Չեթին եւ Այշէ Կիւլ Ալթընայ հրատարակեցին «Թոռները» կոչուած գիրք մը, որուն մէջ հաւաքած են այսպիսի վկայութիւններ` այսօրուան Թուրքիոյ քաղաքացիներու, որոնք օր մը իմացան, որ իրենց ընտանիքին մէջ կային Ցեղասպանութենէն վերապրած հայեր: Այս բացայայտումը մարդոց համար ինքնութեան տագնապ մըն է, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ մեծցած ըլլալով` ընդհանրապէս կարեւորութիւն չեն տուած Հայկական հարցին եւ հայ ըլլալը չեն տեսած իբրեւ դրական բան մը: Հաստատութիւններ ալ գործեր կը տանին այս ուղղութեամբ, ինչպէս` «Անատոլու քիւլթիւր», որ կազմակերպած է, Հայաստանի «Հազարաշէն» հաստատութեան հետ գործակցելով, բերանացի պատմութեան ծրագիր մը, «Խօսենք միմեանց հետ», որուն շրջածիրին մէջ Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն ուսանողներ գացին արեւելեան Թուրքիա եւ Հայաստան` ժողովուրդին պատմածները լսելու եւ միասին զրուցելու համար: Նաեւ աշխատանք կը տանի «Հրանդ Տինք» հիմնարկը, որ, օրինակի համար, կատարեց Ֆեթհիյէ Չեթինի մեծ մօրը ծնած գիւղի (Հաւաւ գիւղ) հայկական երկու աղբիւրներուն վերանորոգումը, 2011-ին: Հայաստանցիներ, թուրքեր, Ամերիկայէն ու Եւրոպայէն եկած կամաւորներ աշխատեցան վերանորոգման համար, Հաւաւի բնակիչներուն հետ միասին: Ես ալ մասնակցեցայ այս ծրագրին: Այն երկու շաբաթներու ընթացքին, որ մնացի Հաւաւի մէջ, նորոգութեան գործով, տեղացիները եւ կամաւորները հետզհետէ պատմութիւններ բաժնեցին իրարու հետ: Այսպիսի ծրագիր մը առիթ հանդիսացաւ, որ գիւղացիներուն «լեզուները քակուին»: Այս հոկտեմբեր 25-ին «Անաքօ» տափանաւուն վրայ պիտի ներկայացնենք այս ծրագիրը եւ պիտի ցուցադրենք պատրաստուած շարժանկարը:

Իմ կարծիքովս, նոյնիսկ եթէ պետական նախաձեռնութիւնները կարեւոր են, այսպիսի ծրագիրներ շատ աւելի մօտ են Թուրքիոյ ժողովուրդին իրավիճակին եւ կրնան քայլ առ քայլ (նոյնիսկ եթէ շատ պզտիկ քայլեր են) ազդեցութիւն գործել: Սփիւռքահայութեան մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է այս շարժումներուն:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՆԱՅԻՐԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES