Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մեծարեց Ծերակոյտի Մեծամասնութեան Ղեկավարը` Իբրեւ Հայ Դատի Մեծ Պաշտպան

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հոկտեմբեր 28-ին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մեծարեց ծերակոյտի դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Հարի Ռիտը` կազմակերպութեան բարձրագոյն եւ ամենահեղինակաւոր` «Ազատութիւն» մրցանակով:

Ցաւօք, ծերակուտական Ռիտը, երկու օր առաջ տեղի ունեցած ինքնաշարժի արկածի պատճառով չկրցաւ մասնակցիլ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած տարեկան հանդիսութեան: Ծերակուտականին շարասիւնը Լաս Վեկասի մայրուղիի վրայ յայտնուած էր վեց մեքենաներու խցանման մէջ: Բարեբախտաբար ծերակուտական Ռիտ լուրջ վնասներ չէր կրած` բացի կողոսկրերու քանի մը վնասուածքներէն:

Հանդիսութեան ժամանակ իմ ներածական խօսքիս մէջ նշեցի, որ Հայ դատի յանձնախումբը կը մեծարէ Ամերիկայի ամենաազդեցիկ օրէնսդիրներէն մէկը` ազգին մատուցած անոր բացառիկ ծառայութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի ձգտումներուն անոր երկարամեայ աջակցութեան համար:

Ես շեշտեցի, թէ` «մեծամասնութեան ղեկավարը ջանասիրաբար աշխատած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ամենաբարձր օղակներու մէջ, յաճախ լուռ ու մունջ`  ամերիկահայերու հարցերն ու արժէքները պաշտպանելու համար:

Ան հովանաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար ծերակոյտին կողմէ ներկայացուած բոլոր բանաձեւերը»:

Հանդիսութեան ընթացքին ծերակուտական Ռիտի յարգելի բացակայութեան պատճառով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան կարդաց ծերակուտականին պատրաստած ելոյթը եւ անոր անունով ընդունեց «Ազատութեան» մրցանակը: Ստորեւ կը ներկայացնենք ծերակուտական Ռիտի ելոյթին կարեւոր հատուածները.

«Կը ցաւիմ, որ ինքնաշարժի արկածի պատճառով չեմ կրնար ձեզի հետ ըլլալ այս երեկոյ: Ես բարձր կը գնահատեմ Յարութ Սասունեանը` լոպինկի բնագաւառէն ներս անոր կատարած երկարամեայ գործունէութեան համար, եւ ի վերջոյ, իր բարեկամութեան համար:

«Անշուշտ, Հայ դատի յանձնախումբը միշտ ալ առաջնակարգ եղած է Հայաստանին եւ ամերիկահայ համայնքին սատարելու գործին մէջ` անոնց համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերուն:

«Ես վայելած եմ ամերիկահայերուն ընկերութիւնը` մարաթոն վազքերու իմ մարզընկեր Արթ Դակեսեանէն սկսեալ, մինչեւ իմ ընկեր ու նախկին փաստաբանական գրասենեակի յաճախորդ Քըրք Քըրքորեանը:

«Ծնելով Սըրչլայթ, Նեւատայի տան մը մէջ, որ զուրկ էր ներքին պէտքարանէն, տաք ջուրէն եւ այլ ժամանակակից յարմարութիւններէ, ծանր կը տանէի այդ իրավիճակը: Իմ ծնողներս ուսում չունէին. հայրս չէր աւարտած ութերորդ դասարանը, իսկ մայրս` միջնակարգ դպրոցը: Պատանեկութեանս տարիներուն զիս շրջապատող բաները, մեծ մասամբ, օրինակելի չէին եղած:

«Երկար տարիներ անցան, մինչեւ որ ես իսկապէս ընդունեցի իմ ով ըլլալս: Բայց իմ պատանեկութիւնս, իմ ծննդավայրս ու պայմաններս զիս դարձուցած էին այն, ինչ եմ ես այսօր: Երբ ես այդ մէկը հասկցայ, դարձայ աւելի լաւ մարդ եւ աւելի լաւ ամերիկացի:

«Ուստի, կ’ըսեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին` ի՛նչ ալ ըլլան ձեր կեանքի պայմանները, ընդունեցէք զայն: Քանի որ Ամերիկայի մէջ անիկա կարեւոր չէ, ես կը վկայեմ այդ մասին: Կարեւոր չեն ձեր տնտեսական պայմանները, կրօնը, ծնողներու կրթութիւնը կամ ազգային ծագումը: Ամերիկայի մէջ բոլորս ալ կրնանք յաջողութեան հասնիլ: Կարճ ըսեմ, հպարտ եղէք անով, թէ ով էք դուք:

«Ես ուրախ եմ, որ կ’ընդունիմ այս մրցանակը եւ կը վերահաստատեմ իմ աջակցութիւնս ամերիկահայ համայնքին:

«Կը կրկնեմ` Հայ դատի յանձնախումբը միշտ ալ առաջնակարգ եղած է Հայաստանին եւ ամերիկահայ համայնքին սատարելու գործին մէջ` անոնց համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերուն:

«Դուք յաջողութեան հասած էք Հայոց ցեղասպանութեան իսկական պատմութիւնը պետութեան ղեկավարներու ուշադրութեանն արժանացնելու գործին մէջ:

«Իբրեւ մեծամասնութեան ղեկավար` ես հազուադէպ եղած եմ օրէնսդրական աքթերու համահովանաւոր: Սակայն ես Հայաստան այցելած եմ, գիտեմ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, այդ իսկ պատճառով եղած եմ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերու երկարամեայ համահովանաւոր:

«Որպէսզի առաջ երթաք, կարծեմ` պէտք է ընդունինք անցեալը, որքան ալ ան դժուար եւ ցաւալի ըլլայ: Պէտք է յարգենք զոհերու յիշատակը եւ յարգանքի տուրք մատուցենք վերապրողներուն:

«Ինծի բախտ վիճակուած է ներկայացնել Նեւատայի բարգաւաճ եւ կենսունակ հայկական համայնքը, որ շուտով պիտի աւարտէ նոր եկեղեցւոյ շինարարութիւնը Լաս Վեկասի մէջ: Հայաստան գտնուելուս ընթացքին ես այցելեցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպեցայ կաթողիկոսին հետ:

«Հայկական համայնքին տոկունութիւնը եւ ուժը Նեւատայի մէջ, ինչպէս նաեւ` ամբողջ Միացեալ Նահանգներու, վկայութիւն է եւ պատիւ անոնց համար, զորս կորսնցուցած էք Ցեղասպանութեան ժամանակ: Մենք պէտք է միշտ աչալուրջ ըլլանք Հայոց ցեղասպանութեան նման դաժանութիւններու հանդէպ, որպէսզի անոնք աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ երբեք տեղի չունենան»:

Ծերակուտական Ռիտ կոչ ուղղեց բոլորին` «յարգելու եւ յիշելու այդքան բազմաթիւ զոհերու կորուստը` շուրջ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին»:

Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավարը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ` «Օպամայի վարչակազմը եւ Քոնկրեսի շարք մը անդամներ խստօրէն դատապարտեցին Ազրպէյճանի կողմէ ազրպէյճանցի սպային ներում շնորհելը: Սպան ազատ արձակուած էր, հակառակ անոր որ դատապարտուած էր հայ սպան քնացած ժամանակ գազանաբար կացինահարելու համար: Անոնք երկուքն ալ կը մասնակցէին Հունգարիոյ մէջ կայացած ՕԹԱՆ-ի դասընթացներուն, ուր տեղի ունեցած էր սպանութիւնը»:

Ծերակուտական Ռիտն իր խօսքը աւարտեց` կոչ ընելով ամերիկահայութեան «շատ հպարտ ըլլալ անով, ուրկէ, որ դուք եկած էք եւ ձեր հայկական ժառանգութեամբ»:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ծերակուտական Ռիտի հետ միասին մեծարեց նաեւ գործարար Վարանդ Մելքոնեանը, պատուելի Յովսէփ Մաթոսեանը, տոքթ. Ռուբինա Փիրումեանը եւ գրող Քրիս Պոհջալեանը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Share this Article
CATEGORIES