Լիբանանի Դահուկարշաւի Նոր Ֆետերասիոնի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Ֆայսալ Քարամէի

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի դահուկարշաւի նոր ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ Շարպել Սալամէի:

Նախարար Քարամէ այս այցելութեան առիթով շնորհաւորեց նոր ֆետերասիոնը` անոր մաղթելով յաջողութիւն:

Իր կարգին, Սալամէ խօսելով ֆետերասիոնին ապագայի ծրագիրներուն մասին յայտնեց, որ այժմէն իսկ ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի յառաջիկայ յուլիս 2013-ին Ֆաքրայի մէջ խոտի վրայ տեղի ունենալիք դահուկարշաւի լաւ ախոյեանութիւն մը հիւրընկալելու:

Սալամէ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ նախարար Քարամէի տարած աշխատանքը` Լիբանանի մարզական կեանքին յառաջխաղացքին մէջ, կը նկատուի շատ կարեւոր եւ կենսական:

Ապա, պատուիրակութիւնը այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի:

 

Share this Article
CATEGORIES