Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍՈՒՐԻՈՅ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող եւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զուղէյպ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ստանձնած է առեւանգեալներու թղթածրարին հետապնդումը, եւ իրենք կատարեալ վստահութիւն ունին անոր նկատմամբ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով տեղակալ Էլիզապեթ Ճոնզի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ ինք իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին կազմել չէզոք կառավարութիւն մը, որ մթնոլորտը կը հանդարտեցնէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատի անդամ, երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ իրենք չեն փափաքիր այս կամ այն կողմին հետ բանավէճի մէջ մտնել, որովհետեւ իրենք միջին դիրքի մը վրայ կը գտնուին:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ Լիբանան կը պատրաստուի «4 Ճի.»-ի փորձարկումներուն` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը յառաջիկայ 16 նոյեմբերին պիտի սկսի մատուցել այդ ծառայութիւնը, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կարելի պիտի ըլլայ ապահովել մինչեւ 13 ապրիլ 2013:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ տնտեսական երկխօսութեան նիստին նպատակն է աշխուժացնել երկրին տնտեսական կացութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն զարմանք յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անդամ երեսփոխանները պոյքոթի ենթարկած են խորհրդարանական յանձնախումբերու աշխատանքները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կատարուած վերջին սպանութիւնը ցուցանիշ է, թէ այս կառավարութիւնը հեռու է երկրին մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատելու իր առաքելութենէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման կոչ ուղղեց տապալելու կառավարութիւնը եւ ցաւ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը գումարած է իր ընթացիկ նիստը, կարծես ամէն բան սովորական ըլլար:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը կարիքը ունի այնպիսի պայմաններու, որոնք ներկայիս անկարելի է ապահովել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի աղբիւրներէն, նշեց, որ լիբանանեան ընդդիմութեան պահանջները անիրապաշտ է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը զօրակցին Ազգային երկխօսութեան, սակայն անոնց պայմանն է, որ այդ երկխօսութիւնը շարունակուի կառավարութեան հրաժարումէն ետք:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ իր յարաբերութիւնները բացառիկ են` աւելցնելով, որ ինք իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 600 լ. ոսկիով, 95 օքթան պենզինինը` 600 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 100 լ. ոսկիով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ խորհրդարանի նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու կեցուածքը սահմանադրական եւ ժողովրդավարական իրաւունք է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ կառավարութիւնը տապալելու իմաստով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի ըլլան արագ եւ մագլցողական:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆար Նասեր յայտնեց, որ առանց որոշ պատկերացումի կառավարութիւնը տապալել կը նշանակէ ուղղուիլ դէպի անորոշութիւն:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հարց տուաւ, որ արդեօք պահանջուածը այն է, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրա՞յ կատարուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն են, որոնք կը խանգարեն երկրին քաղաքական կեանքը, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնք մը հրապարակելու հաւանականութիւնը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինի եւ նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատելի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
ԴԵՐԳՆԴԱՊԵՏ Ժըրժես Ապու Նատեր նշանակուեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու Զահլէի բաժանմունքի պետ, իսկ քափիթեն Շաուքի Տամեն` Զահլէի բանտապետ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ խորհրդարանի յանձնախումբերուն նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու քայլերուն նպատակն է պահպանել 1960-ի ընտրական օրէնքը:

