Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Պըրրիի Ներկայացուցիչը Եւ Ժոմպլաթէն Ստացաւ Շնորհաւորագիր Մը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ գործուղուած էր:
Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ ինք Ռայի պատրիարքին փոխանցած է Պըրրիի շնորհաւորութիւնները` նշելով, որ Ռայի պատրիարքին ստացած կարտինալի կոչումը բոլոր լիբանանցիներուն կը վերաբերի:
Խալիլ հաստատեց նաեւ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ անիկա է միակ ելքը` դուրս գալու Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն:
Խալիլ ընդգծեց նաեւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային համագործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան շեշտեց կառավարութեան եւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն աշխատանքները բարելաւելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանին աշխատանքները պոյքոթի ենթարկելու քայլը վնասակար է բոլոր լիբանանցիներուն համար:
Ռայի պատրիարքը շնորհաւորական նամակ մը ստացաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն, որ Ռայի պատրիարքը շնորհաւորած էր անոր կարտինալ ընտրուելուն առիթով եւ շեշտած էր, թէ ինք այս առիթը կ՛օգտագործէ հաստատելու համար, որ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն կայացումը լիբանանցիներուն միջեւ քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելու, երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը ամրապնդելու միակ ձեւն է:
Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրը, որ շնորհաւորեց զայն եւ անոր հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պքերքէի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք Սուրիոյ նկատմամբ թշնամութիւն տածելու եւ երկրին մէջ անիշխանութիւն ստեղծելու իմաստով շահեր չունին:

