Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Պահանջեց Յարգել Պետական Նշանակումներուն Պարագային Կիներուն Չափաբաժինը
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի դիւանը երէկ Պաապտայի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի, ներկայութեամբ խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրիի եւ դիւանի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամի:
Նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը
կը պահանջէ պետական նշանակումներուն պարագային յարգել կիներուն իրաւունքը` երկրին քաղաքական որոշումին մասնակցելու առումով եւ հետեւաբար յարգել անոնց նշանակման չափաբաժինը:
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը բարձր գնահատեց կառավարութեան հաւանութիւնը այն օրէնքին, որ պաշտօնեայ կիներուն առիթ կու տայ ծննդաբերութենէն ետք 60 օրուան հանգստեան շրջան մը ունենալու:
CATEGORIES Լիբանանեան


