Լիբանանեան Բանակը Ստանձնեց Առեւանգուած Քաղաքացին
Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Նաքուրայի մօտ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջոցով ստանձնած է իսրայէլեան ուժերուն կողմէ նախանցեալ օր Շեպաայի շրջանին մէջ առեւանգուած լիբանանցի քաղաքացի Իսմայէլ Խալիլ Նապաան:
Բանակը Նապաան հարցաքննութեան ենթարկեց` իմանալու համար անոր առեւանգումին դրդապատճառները:
CATEGORIES Լիբանանեան

