50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 28 ԱՊՐԻԼ 1961 )
ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ
Ապրիլեան եղեռնի 46-րդ տարեդարձը երկիւղած յարգանքով տօնուեցաւ Լիբանանի հայութեան կողմէ:
Հայկական բոլոր վարժարաններն ու վաճառատուները ամբողջ օրը փակ մնացին, եւ ժողովուրդը լեցուց եկեղեցիները` ջերմեռանդօրէն աղօթելու մեր բիւրաւոր նահատակներու հոգւոյն համար:
Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, հանդիսադրութեամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցան եկեղեցական վեհաշուք արարողութիւններ: Պատարագիչն էր Գարեգին վրդ. Սարգիսեան: Եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, եւ վեհափառը խօսեցաւ խորիմաստ քարոզ մը:
Ս. Նշան եկեղեցիին մէջ պատարագեց եւ աւուր պատշաճի խօսեցաւ լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան:
Տեղի ունեցան նաեւ այլ սգահանդէսներ եւ դասախօսական հաւաքոյթներ, գրեթէ ամբողջ օրը, Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
ԶՕՐ. ԿԻՒՐՍԵԼԻ ՄՕՏ
Ապրիլ 21-ին Թուրքիոյ նախագահ զօր. Կիւրսել Ֆլորիտայի թաղապետական տան մէջ ընդունած է Յունաց Տիեզերական պատրիարք Աթենակորասը եւ 15 վայրկեան տեւող տեսակցութիւն ունեցած է անոր հետ:
Յաջորդ օր նոյն ապարանքին մէջ Կիւրսել ընդունած է Թուրքիոյ հայոց պատրիարքը: Թուրքիոյ նախագահը երկրորդ անգամ է, որ կ՛ընդունի հայոց պատրիարքը: Մինչ Աթենակորաս առաջին անգամ ըլլալով ընդունուած է:
9 ՆՈՐԸՆԾԱՆԵՐ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՇԱՐՔԵՐԸ Կ՛ԱՆՑՆԻՆ
Զահլէէն կը գրեն մեզի.-
Ոչ իսկ տարի մըն է եղած, երբ տասնեւմէկ հաւատաւոր երիտասարդներ եկան բազմացնելու ՀՅ Դաշնակցութեան Զահլէի շարքերը: Ու ահա, հինգշաբթի, 21 ապրիլ 1961-ին ինը նորընծաներ, Շթորայէն եւ Զահլէէն, եկան իրենց ուխտը ընելու Դաշնակցութեան սրբազան խորանին առջեւ: Այդ առթիւ Պէյրութէն յատկապէս Զահլէ հրաւիրուած էր Հրանդ Սամուէլ:
Հինգշաբթի երեկոյին Զահլէի եւ Շթորայի ընկերները, առանց բացառութեան, ներկայ էին նորընծաներու երդման հանդիսութեան: Դաշնակցութեան շարքերը մտնող ինը ուխտեալները մեր կուսակցութեան զինանշանին վրայ իրենց աջ ձեռքերը դրած, հայ ժողովուրդին ծառայելու եւ ՀՅ Դաշնակցութեան հաւատարիմ ու կարգապահ մէկ անդամը դառնալու երդման ուխտը կատարելէ ետք, խօսք առաւ Հրանդ Սամուէլ: Յուզմունքով ունկնդրուեցան Հրանդ Սամուէլի խօսքերը: Ո՛չ թէ միայն նորամուտները, այլեւ ներկայ բոլոր ընկերները, աչք ու ականջ կտրած, մտիկ ըրին Հրանդ Սամուէլի խօսքերը, երբ ան շարժապատկերի մը նման, ներկաներուն կը պարզէր յեղափոխական անզուգական այն դրուագները, որոնք Դաշնակցութեան յարատեւման անվիճելի վստահութեամբ կը համակեն հին ու նոր բոլոր դաշնակցականները:
Խօսք առին տեղւոյն ընկերներէն ոմանք` վերակրկնելով իրենց ուխտը հայ ժողովուրդի անկատար քաղաքական դատին ծառայելու: Անոնք պարզեցին նորեկներուն, որ յեղափոխական կուսակցութեանց մարտունակութիւնը ի յայտ չի գար մի միայն զէնքի, զինեալ ապստամբութեան ճանապարհով: Հայ ժողովուրդին հանդէպ գործուած քաղաքական անարդարութեանց դէմ պայքարելու պատրաստակամութիւնը եւ զոհողութիւններու անսակարկ տրամադրութիւնը դաշնակցականին, մէկ տարբերակն է յեղափոխական այն զէնքով մարտնչումներուն, որոնք բազմած են Դաշնակցութեան անցեալ պատմութեան պսակադրուած էջերը:
Ինը նորամուտներու Դաշնակցութեան շարքերը մտնելու այս խանդավառ երեկոն փակուեցաւ Հ. Սամուէլի յուզումնառիթ խօսքերով, երբ մեր աւագ ընկերը, առանձին-առանձին, նորընծաներուն ճակատը համբուրելէ ետք, մաղթեց, որ իւրաքանչիւր դաշնակցական ունենայ գոհունակութեան այն ջերմիկ ապրումները, զորս ունեցաւ ինք, դառնալով կնքահայրը այս ինը հաւատաւոր նորամուտներուն:
ԹՂԹԱԿԻՑ