ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՀԱՐՍ ԷՔ ՀԱՆԴԱ՞ՐՏ, ԹԷ՞ ՏԱԳՆԱՊԱԾ

Ձեր պսակի օրը կը մօտենայ. պատմական այդ օրը անջնջելի յիշատակ պիտի մնայ ձեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան:

Իսկ այժմ ինչպէ՞ս կը զգաք. ամէն բան ձեր աչքին կը մեծնայ ու կը դժուարանա՞յ, թէ՞ դուք խառնուածքով հանդարտ անձ էք եւ համոզուած էք, որ ամէն բան լաւ պիտի ընթանայ:

Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 8 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1

Ի՞նչ յիշատակ ունիք ձեր մանկութեան տարիներու տարեդարձներէն.

ա.- Երկար ժամեր կը տրամադրէք հրաւէրի բացիկները պատրաստելու համար:
բ.- Չէիք ախորժեր այդ տարեդարձներէն:
գ.- Ձեր բոլոր ընկերները ներկայ կ՛ըլլային եւ տեսակաւոր նուէրներ կը ստանայիք:

2

Քառորդ ժամէն հանդիպում մը ունիք եւ յանկարծ կը նկատէք, թէ ձեր շապիկին վրայ արատ մը կայ…

ա.- Հոգ չէք ըներ, այդպէս ալ կ՛երթաք, քանի որ այլընտրանք չունիք:
բ.- Անմիջապէս ձեր բարեկամուհիին կը դիմէք եւ անկէ շապիկ մը փոխ կ՛առնէք:
գ.- Շալ մը կը նետէք ձեր ուսերուն, որպէսզի արատը ծածկէք:

3

Ձեր պսակը մօտեցած է, ի՞նչ բան կը մտահոգէ ձեզ.

ա.- Նկարները յաջող պիտի ըլլա՞ն:
բ.- Հրաւիրեալները հարսանեկան հագուստը պիտի հաւնի՞ն:
գ.- Փեսան ժամանակին պիտի հասնի՞:

4

Ձեր պսակը մօտեցած է, իսկ ձեր հարսանեկան հագուստը…

ա.- Տակաւին դերձակուհիին քով է:
բ.- Պսակէն 3 օր առաջ ձեզի յանձնուած պիտի ըլլայ:
գ.- Արդէն պահարանը կախուած է:

5

Ինչ կը վերաբերի ձեր պսակի հրաւէրներուն`

ա.- Մօտիկ ընկերներու յանձնած էք այդ պարտականութիւնը:
բ.- Արդէն բոլորը տեղ հասած են:
գ.- Ցրուելու պարտականութիւնը դուք ստանձնած էք եւ քիչ-քիչ կը ցրուէք:

6

Ձեր պսակի նախօրեակին ո՞ւր կարելի է գտնել ձեզ:

ա.- Գեղեցկագիտական սրահ մը:
բ.- Եկեղեցին` վերջին ստուգում մը կատարելու համար:
գ.- Ընկերուհիներու հետ փապի մը մէջ` զուարճանալու համար:

7

Պսակէն ետք ի՞նչ կը փափաքիք, որ ըսեն հրաւիրեալները:

ա.- Լաւ զուարճացանք, հաճելի մթնոլորտ կար:
բ.- Լաւ ընդունեցին եւ հիւրասիրեցին:
գ.- Սքանչելի զոյգ մը կը թուէին…

8

Ի՞նչ բան կրնայ խանգարել ձեր պսակի արարողութեան ընթացքը.

ա.- Եկեղեցի մտած ատեն ձեր ոտքը հագուստի փէշին անցնի եւ իյնաք…
բ.- Հարազատներէն մէկը անհանգստանայ:
գ.- Մատանիները տունը մոռնաք…

ՊԱՏԱՍԽԱՆ

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, դուք հանդարտ հարս մըն էք, ամէն բան կարգի դրած էք եւ վախ չունիք, որ անհաճոյ անակնկալի առջեւ կրնաք գտնուիլ:

Ձեր լաւատես նկարագիրն ալ մեծապէս կ՛օգնէ, որ պահէք ձեր պաղարիւնութիւնը, մնաք ձեր ջիղերուն տէրը եւ լաւ ժպիտով դիմաւորեցէք երազային այդ օրը:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, չափազանց կազմակերպուած անձ էք, նախատեսած էք մինչեւ յետին մանրամասնութիւնները, որպէսզի ամէն բան լաւագոյն պայմաններու մէջ ընթանայ, եւ ներկաները գոհ մնան: Ահա թէ ինչո՛ւ տագնապած չէք:

Լաւ կ՛ըլլայ, որ բոլոր պարտականութիւնները ձեր ուսերուն չառնէք, ուրիշներուն ալ բաժին հանեցէք, որպէսզի վերջին օրերուն սպառած չըլլաք:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, սթրեսը վերջին բանն է, որուն կը յանձնուիք: Կ՛ուզէք, որ ձեր պսակը ըլլայ պարզ, բնական եւ հարազատ:

Արտասովոր շպարներ եւ մազի յարդարանք չկան, հինգ աստղանի քոքթէյլներ չկան, լիմուզիններ չկան: Ահաւասիկ ձեր պատկերացումը, ահա թէ ինչո՛ւ հոգեպէս պատրաստ էք դիմաւորելու այդ անկրկնելի օրը:

 

ԱՅԼԱԶԱՆ

ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐԸ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ
ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՆԿՈՒՄԻ

Վերջերս հրապարակուած սպանական ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, թէ կենդանական իւղերու սպառումը, տապկուած ուտելիքները եւ նմանօրինակ ուտելիքներ հոգեկան անկումի կը մատնեն խնդրոյ առարկայ անձերը:

Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, նախապատուութիւնը պէտք է տալ օմեկա 3-ով հարուստ ուտելիքներուն, ինչպէս` կարգ մը իւղոտ ձուկերուն: Այս տեսակի ճարպաթթուները ոչ միայն կը պաշտպանեն սրտանօթային հիւանդութիւններէն, այլեւ կը պահպանեն մեր մտային հաւասարակշռութիւնը:

 

ՄՐԱՓԸ Կ՛ԱՄՐԱՊՆԴԷ…

Գերմանական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ոտանաւոր մը սորվելու լաւագոյն ձեւը զայն սորվելէ ետք մրափ մը առնելն է, քանի որ վերջինս կ՛օգնէ, որ անիկա ամրապնդուի, դրոշմուի յիշողութեան մէջ:

Այո, հաստատուած է, թէ որեւէ ոտանաւոր, գիտելիք, դաս շատ աւելի լաւ կ՛ամրապնդուի երեխային մտքին եւ յիշողութեան մէջ, եթէ ան կարճ մրափ մը առնէ սորվելէ ետք:

Կ՛արժէ փորձ մը կատարել…

ԱՆԶՈՒՍՊ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ…

Ամերիկեան ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, թէ այն երեխաները, որոնք իրենք զիրենք զսպելու ի վիճակի չեն, ապագային ձախող անձեր կը դառնան:

Այո, 3 տարեկանէն սկսեալ երեխան պէտք է կարենայ ինքզինք զսպել, որոշ կարգապահութեան ենթարկել, այլապէս 30 տարեկանէն ետք տեսակաւոր դժուարութիւններ կրնայ դիմագրաւել, ինչպէս` առողջական հարցեր, թմրեցուցիչի գործածութիւն, դրամական դժուարութիւն, օրինական եւ դատական հարցեր…

Չքաջալերել եւ չծիծաղիլ երեխայի մը անզսպուածութեան վրայ, այլ` փոքր տարիքէն ջանալ ուղղել զայն խօսքով եւ մեծ համբերութեամբ:

 

ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ

ԱՄՐԱՆ ՓԱՍԹԵԼ ԳՈՅՆԵՐԸ

Ամրան եղանակին պէտք է կրել փասթել գոյներ` աւելի զով եւ հանգիստ զգալու համար:

Ֆրանսացի ձեւագէտներ ամրան համար նախատեսած են շորթը` բարեձեւներուն համար, տաբատ եւ երկար թիւնիքը` բարձրահասակներուն, ծունկէն վար եւ տրափէ հագուստը` լեցուն անձերուն եւ, վերջապէս, կարճ եւ փոթով հագուստը` նիհար անձերուն համար:

Սանտալները ընդհանրապէս բարձրակրունկ են, քոմփանսէ կրունկներով:

Երկար մազերը ամփոփուած են շինիոնի կամ քէօ տը շըվալի ձեւով, իսկ կարճերը առհասարակ քառակուսի կտրուածք ունին:

Ձեզի կը մնայ ընտրել յարմարագոյնը:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ՄԻՍՈՎ ՄԱՏԻԿՆԵՐ` ՍՏԵՊՂԻՆՈՎ

Բաղադրութիւն

– 3 – 4 ստեպղին
– Կէս քիլօ համեմուած մանր յօշած միս
– 1 միջակ սոխ
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 3 հասուն լոլիկ
– 1 ապուրի դգալ լոլիկի մածուկ
– Բուսական ձէթ` տապկոցի համար
– Աղ, սեւ համեմ
– Քիչ մը օրեկանօ
– 1 գաւաթ ջուր

Պատրաստութիւն

Ստեպղինները կտրտել 12 սմ երկայնքով (եթէ շատ հաստ են, չորսի բաժնել, այլապէս` երկուքի):

Միսը գնդակներու բաժնել, ապա իւրաքանչիւրը փաթթել ստեպղինի մը շուրջ, պայմանաւ որ ստեպղինին երկու ծայրամասերը դուրս մնան:

Բուսական իւղը տաքցնել եւ միսերը տապկել, մինչեւ որ կարմրին: Ապա զանոնք հանել եւ մէկ կողմ դնել:

Տապակին յատակը քիչ մը իւղ ձգել եւ մէջը դարձնել մանրուած սոխը եւ ճզմուած սխտորը, աւելցնել ջարդուած լոլիկը, լոլիկի մածուկը, աղը, սեւ համեմը, օրեկանոն եւ ջուրը, բոլորը միատեղ խառնել:

Երբ եռալու սկսի, կրակը թեթեւցնել, աւելցնել միսերը եւ կափարիչը գոց 20-25 վայրկեան եփել:

Հրամցնել բրինձով եղինձի հետ:

 

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ

Մանուկներ հայոց, դրախտի ծաղիկ,
Մանուկներ հայոց, սիրասուն թոռնիկ,
Ծաղկեցէք ուրախ, եղէք երջանիկ,
Առանց ձեզ չկայ զուարթ ընտանիք:

Ձեր աճումն հրաշք մեր յոյսն է վաղուան,
Գալիքին շքեղ երթն էք յաղթական,
Մանկունք հայկազուն գրկին մայրական,
Լուսաղբիւր զուլալ, քաղցր կաթնահամ:

Ծնունդներ կայտառ երակէն Հայկի,
Սասունցի Դաւթի ժառանգներ արի,
Բազմացէք բիւրով մայրերու ծոցին,
Հայոց մանուկներ, մեր գանձն էք անգին:

Թոռներ Վահագնի ճանապարհ բարի,
Աստղեր ցանեցէք թող չարը կորչի,
Չտեսնէք Տէր Զօր, եաթաղան թուրքի,
Միլիոնին կորած յոյսը չմարի:

Մայրեր գթառատ եղէք բարեհաճ,
Ձեր գրկին տեսնենք նոր ծնունդներ քաջ,
Մէկի փոխարէն տասով աճեցէք
Որ ազգը հայոց յաւերժ օրհնէ ձեզ:

Մանուկներ հայոց կտակ հայ ազգի,
Տոհմին Վարդանի եղէք թագ ոսկի,
Ձեզմով թող ծաղկին սերունդներ հզօր
Ապրիք հայորդիք, մեր փառք դարաւոր:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

17 փետրուար, 2011

 

Կնոջական էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES