50 Տարի Առաջ ( 3 Նոյեմբեր 1962 )
Վաղուան Աշխարհը
Ամերիկացիները Պիտի Երթեւեկեն
Պտուտակաւոր Կառքերով Եւ
Լոնտոնի Մէջ Պիտի Չանձրեւէ
Ամէն տեղ գիտնականները անձնատուր եղած են աննախընթաց մրցակցութեան մը, այնպէս որ, չափազանցութիւն պիտի չըլլայ ըսել, թէ արդէն ապագային մէջ կ՛ապրինք մասամբ մը:
Ամերիկացի եւ ռուս գիտնականներ կը պահանջեն, որ հիմակուընէ սկսի կեանքի եւ մարդկային գործունէութեան կարգ մը մարզերը ապագայ պայմաններուն յարմարցնելու քննութիւնը, որպէսզի 2000 թուականի մարդը 1962-ի մտածելակերպով չմնայ:
Անհատական Ալեհաւաքներ
Ամերիկացի մասնագէտներ կը հաւաստեն, թէ քսան տարուան ընթացքին իրենց հայրենակիցները ինքնաշարժի մայրուղիներուն վրայ պիտի երթեւեկեն պտուտակաւոր կառքերով, ղեկավարումի ինքնագործ դրութեամբ: Կառաշարերն ու նաւերը պիտի երթեւեկեն հիւլէական ուժով եւ օդային մեթրոները 200 ճամբորդ պիտի փոխադրեն ժամական 1200 քմ. արագութեամբ: Ասոնցմէ զատ, ամէն մէկ ամերիկացի պիտի ունենայ գրպանի ձայնասփիւռ-հեռախօս մը, որուն միջոցով պիտի կրնայ հաղորդակցիլ ոեւէ մէկուն հետ, ուր որ ալ գտնուի ան, բաւական է, որ գիտնայ անոր անձնական ալիքին երկարութիւնը:
Հիւանդութիւնները Պիտի Չքանան
Այս երջանիկ ժամանակաշրջանի միջակորեար ամերիկացին հիմակուան շահած տարեկան 3500 տոլարին տեղ ութ հազար տոլար պիտի շահի: Աշխատանքի ժամերը զգալապէս պիտի պակսին եւ կեանքի տեւողութիւնը պիտի երկարի առողջական վիճակի ընդհանուր բարելաւման շնորհիւ: Խլիրդը եւ սրտի հիւանդութիւնները յաղթահարուած պիտի ըլլան վերջնականապէս, իսկ ուրիշ հիւանդութիւններ ալ բոլորովին չքացած պիտի ըլլան:
Արձակուրդ` Լուսնին Վրայ
Ռուսերը աստղամիջեան համեմատութիւններ տուին հրաշատեսիլ տիեզերքի մը: Անջրպետի մէջ արձանագրած իրենց յաջողութիւններով հպարտ` կը հաւաստեն, թէ մարդիկ իրենց արձակուրդը պիտի անցընեն լուսինին վրայ, ուր գոյութիւն պիտի ունենան շքեղաշուք պանդոկներ եւ կամ` պիտի շրջին Ծիր Կաթինի մէջ, որուն շողարձակումները օգտակար են մարդոց:
Լոնտոնի Մէջ Պիտի Չանձրեւէ
Յատկապէս կեանքի հանգստաւէտ պայմաններով շահագրգռուող անգլիացիներուն համար զիրենք զբաղեցնող գլխաւոր հարցը օդն է եւ մասնաւորաբար` խոնաւութիւնը:
Սակայն 2600 թուականին կերպընկալ թեթեւ նիւթէ հաստատուն եւ թափանցիկ կամար մը պիտի ծածկէ Լոնտոնը եւ թոյլ պիտի չտայ, որ անձրեւն ու մառախուղը ազատօրէն մուտք գործեն քաղաքին մէջ:
Նամակները հրթիռներով պիտի ղրկուին Աւստրալիա եւ պատասխանը պիտի ստացուի նոյն օրը:
Ճորճ Մարտիկեան
Ս. Նշան Ազգ. Վարժարանին Մէջ
Ս. Նշան վարժարանէն կը գրեն մեզի.-
Չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբերի ժամը 11:00-ին, վարժարան այցելեց Ճորճ Մարտիկեան:
Վարժարանի մանկապարտէզի սրահին մէջ ամփոփուած աշակերտութիւնը, Նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններուն, ամբողջ ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնն ու թաղականութիւնը, ինչպէս նաեւ տէր Խորէն քահանան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչները ծափողջոյններով ընդունեցին հիւրը եւ, վարժարանին բարերարը` Սուրէն Խանամիրեան:
Վարժարանին տնօրէնը ներկայացուց օրուան հիւրը` ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր որպէս զտարիւն եւ մեծ հայ մը, որ իր պատանի հասակին սիրած է ուսուցչութիւնը, պահ մըն ալ Լենինականի որբանոցին մէջ զբաղած այդ «սուրբ գործով» (ինչպէս ինք կ՛ըսէ), բայց քսան տարեկանն իսկ չբոլորած` մեկնած է Ամերիկա, ուր շնորհիւ իր յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքին` հասած է տեղ մը, երբ այլեւս ամուր զգալով` ինքզինք ամբողջապէս նուիրած է ազգօգուտ աշխատանքներու: Տնօրէնը ջանաց Ճորճ Մարտիկեանին կենսագրութեան ընդմէջէն տալ քանի մը բարոյական դասեր` աշակերտութեան, քանի մը հիմնական բանալիներ` յաջողութեան:
Ապա խօսք առաւ ինքը` Ճորճ Մարտիկեան, չափազանց ուրախ երեւոյթով, բայց նաեւ յայտնապէս` յուզուած, հայրական շեշտով դիմեց աշակերտութեան, իր փորձառու մարդու լեզուով խրախուսեց զանոնք, քաջալերեց ու յորդորեց: Մասնաւորաբար դիտել տուաւ անոնց, որ պէտք է իրենք զիրենք հպարտ ու երջանիկ զգան այսպիսի հայաշատ գաղութի մը մէջ ապրելնուն, հայ վարժարան յաճախելու բախտաւորութիւնը ունենալնուն համար: Ճորճ Մարտիկեան, որ 40 տարիէ ի վեր հաստատուած է Խաղաղականի ափին, չէր կրնար չխօսիլ, սրտի անհուն թախիծով, այն սերունդներու մասին, որոնք օր-ցերեկով ծնողներու աչքերուն առջեւ կը հալին, կ՛այլասերին հայ դպրոցի չգոյութեան պատճառով:
Վարժարանին սան-սանուհիները իրենց տոհմիկ երգերով ու ազգաշունչ արտասանութեամբ յուզեցին ու կազդուրեցին (իր բառն է) օրուան հիւրը:
Աշակերտութեան ցրւումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր բաժակ մը ըմպելիի շուրջ հաւաքուեցան սրբազան հայրը, հոգաբարձութեան, թաղականութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ` տնօրէնն ու ուսուցչական կազմը: Այս մտերմիկ մթնոլորտին մէջ կենացներ խմուեցան եւ հիւրին փափաքին ընդառաջելով` իրեն տրուեցան զանազան մանրամասնութիւններ մեր վարժարանին մասին, մեր ներկայ վիճակը, աշակերտութեան թիւը, որ անցեալ տարուան չափ է միայն, տրուած ըլլալով, որ տեղ չկայ ուրիշ աշակերտներ ընդունելու, յաջորդ տարուան եւ առհասարակ ապագայի ծրագիրներու մասին եւ այլն:
Այս բոլորէն չափազանց գոհ` Ճորճ Մարտիկեան կրկին անգամ գնահատանքի խօսքեր ըսաւ մեր առաջնորդ հօր, խնամակալ մարմիններուն եւ մասնաւորաբար ուսուցչական կազմին:

