Բնութիւնը 100 Առ 100 Յարգող Երկիրը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պութանը պզտիկ թագաւորութիւն մըն է, որ կը գտնուի Չինաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ: 2011 թուականին անոր անունը ճանչցուեցաւ, երբ ան դարձաւ աշխարհի այն երկիրը, ուր բնակիչները ամէնէն աւելի  ուրախ են:

Ներկայիս Պութանը կ՛ուզէ դառնալ երկիր մը, որ միայն բնութիւնը յարգող միջոցներով երկրագործութիւն մը կը կիրարկէ: Երկրագործները կը մղուին քիմիական նիւթեր չգործածելու իրենց հունձքերը աճեցնելու համար:

46,500 քառ. քմ տարածքով Պութան ունի նուազ քան 700 հազար բնակիչ: Ան անտառներով ծածկուած է: Անոր մշակուած հողերը ամբողջ երկրին տարածքին միայն 3 առ հարիւրը կը գրաւեն: Երկրին երկրագործներուն մեծ մասը կ՛ապրի այնքան մեկուսացած շրջաններու մէջ, առանց ճամբաներու, որ իրենց համար քիմիական նիւթեր ձեռք ձգել դիւրին չէ: Միայն անոնք, որոնք քաղաքներուն մօտ կը բնակին, այդ նիւթերը կը գործածեն: Հետեւաբար Պութան արդէն գրեթէ բնութիւնը յարգող երկիր մըն է:

* * *

Այս պզտիկ թագաւորութեան բնակիչները պուտտայական կրօնին կը հետեւին: Այս կրօնը զիրենք կը քաջալերէ բնութեան հետ համերաշխ ապրելու: Ասիկա յաւելեալ պատճառ մըն ալ է, որպէսզի երկրագործները բնական նիւթեր գործածեն: Անոնք արդէն փճացած տերեւներ եւ փտած բնական նիւթեր կը գործածեն իրենց հողը պարարտացնելու համար:

Հարիւր առ հարիւր բնութիւնը յարգող երկիր մը դառնալը Պութանի համար առիթ մըն է անոր երկրագործական արտադրութիւնները աւելի սուղ ծախելու: Ան արդէն Ճափոնի կը հայթայթէ հազուագիւտ սունկեր, Հնդկաստանին` խնձոր, Միացեալ Նահանգներուն` բրինձ, իսկ Թայլանտին` բանջարեղէն: Եթէ այս բոլոր նիւթերուն վրայ դրուի «Բնութիւնը յարգող» արձանագրութիւն, անոնց գիները շատ աւելի կը բարձրանան: Ճիշդ է, որ ան փոքրիկ երկիր մըն է, սակայն ան նոյն ատեն մեծ պիզնիսմեն կրնայ ըլլալ…

* * *

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

– Պութանի հեռաւոր թագաւորութիւնը աշխարհի միակ երկիրն է, որ իր քաղաքականութիւնը հիմնած է երջանկութեան շուրջ:

– Պութան աշխարհի վերջին պետութիւնն էր, որ պատկերասփիւռը մտցուց երկիր, 1999 թուականին: Իսկ վերջին շրջանին ան արգիլեց կարգ մը կայաններու սփռումը, ինչպէս` կռփամարտի կայանները եւ` «Էմ. Թի. Վի.»-ն, որովհետեւ, ըստ պատասխանատուներուն, անոնք երջանկութիւն ունենալու չեն օգներ:

– Երկրին մայրաքաղաքը` Թիմփու, ծանօթ է ծանուցումներու ցուցանակներու սակաւութեամբ: Մսխումները սահմանափակել փորձելու համար քաղաքին պատասխանատուները` արգիլեցին Քոքա-քոլայի եւ Փեփսիի ծանուցումի ցուցանակները:

– Պութան նոյնիսկ արգիլած է կերպընկալէ տոպրակները եւ ծխախոտը` ըսելով, թէ անոնք երկիրը նուազ երջանիկ կը դարձնեն:

 

Գիտելիքներ

– Հնդկաստանի մէջ կը խօսուին 23 տարբեր լեզուներ:

– Գիտէի՞ր,  որ երբ դուն այս նախադասութիւնը կը կարդաս, աշխարհին շուրջ տեղի կ՛ունենան 2000 փոթորիկներ:

– Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին շուներու 358 տարբեր տեսակներ:

– Նորվեկիոյ մէջ Քիէրակ ժայռը երկու լեռներու միջեւ բռնուած տարօրինակ քարի կտոր մըն է:

– Աշխարհի ամէնէն բարձր երկաթգիծը կը գտնուի Թիպեթի մէջ: Գնացքը կ՛անցնի աւելի քան 5000 մեթր բարձրութեան վրայէն:

– Բանելու ընթացքին մազ չորցնող գործիքը օդ կը քաշէ: Այս օդը կ՛անցնի շատ տաք ելեկտրական թելերու մէջէն եւ դուրս կ՛ելլէ տաքցած:

– Եղունգները ամրան աւելի արագ կը բուսնին, քան ձմրան:

– Երկրագունդին վրայ հաւերը աւելի շատ են, քան` մարդ արարածները:

– Աշխարհի ամէնէն բարձր ծառը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Այս «սեքոա» տեսակի ծառին բարձրութիւնը կը հասնի 115 մեթրի:

– Գետնառիւծին լեզուն անոր մարմնէն աւելի երկար է:

– 1999-ին, նոյն ֆութպոլի խաղին ընթացքին, արժանթինցի մարզիկ Մարթին Փալերմօ երեք փենալթիներ չէ յաջողած կոլի վերածել:

– Աշխարհի ամէնէն փոքր գետաձին դրոշմաթուղթէ մը աւելի փոքր է:

– Եթէ մենք ժամական 100 մեթր արագութեամբ ընթանանք, կրնանք քշելով լուսին հասնիլ 98 օրէն:

– Ծամոնները ընդհանրապէս վարդագոյն են, որովհետեւ զայն հնարողը` Ուալթըր Տիմըր, միայն վարդագոյն ուտելիք ներկ ունէր իր գործարանին մէջ:

– Մեզի հետագային ծանօթ դարձած քոքա-քոլա խմիչքը սկիզբի շրջանին Աթլանթայէն, Միացեալ Նահանգներ, դեղագործ Ճոն Փեմպըրթընի կողմէ պատրաստուած է, գլխու ցաւերը դարմանելու համար:

– Աշնանային տերեւներուն կարմիր գոյնը կը յառաջանայ նիւթէ մը, զոր տերեւները միայն աշնան կ՛արտադրեն: Գիտնականները տակաւին չեն գիտեր ասոր պատճառը:

– Անջրպետի գիտահետազօտական կեդրոնին մէջ մնացող աստղանաւորդները ամէն օր 16 անգամ կը տեսնեն արեւու ծագում եւ 16 մայրամուտ:

– Մեծ ճերմակ շանաձուկերը կրնան մինչեւ երեք ամիս առանց ուտելու մնալ:

– Փուփ Սքուփ մարդամեքենան շինուած է ընտանի շուները պտտցնելու եւ անոնց աղտոտութիւնը հաւաքելու համար: Գին` 400 հազար տոլար:

– Ափաթոսորուս կոչուած հոյամողէսին քթածակերը անոր գլխուն վրայ կը գտնուէին: Ոչ մէկը գիտէ, թէ ինչո՛ւ:

 

Լուրեր Աշխարհէն

Բառերու Կռփամարտ

Փերուի մէջ, Հարաւային Ամերիկա, ազատ գօտեմարտը` քեչը, շատ սիրուած մարզաձեւ մըն է:

Հետեւաբար գիրքի հեղինակներ առաջարկած են գօտեմարտի մարզիկներու` ծպտուիլ եւ բառերու կռիւներ «մղել» իրենք զիրենք ծանօթացնելու համար:

Ասիկա կը կոչուի «Լուչա լիպրօ»: Ամէն երկուշաբթի, մինչեւ աւարտականը, որ տեղի կ՛ունենայ հոկտեմբեր ամսուն սկիզբը, դիմակաւորուած հեղինակներ իրարու դէմ «կը կռուին»:

Իրենց համակարգիչներուն առջեւ նստած` անոնք հինգ վայրկեան ունին գրելու համար հանդիսատեսներուն կողմէ ընտրուած երեք տառեր պարունակող պատմութիւն մը:

Վարձատրութի՞ւնը:

Անշուշտ` հանդիսատեսներուն ծափահարութիւնները, եւ կրնայ ըլլալ, որ իրենց գիրքերէն մէկը հրատարակուի… օր մը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի պարտուողներուն, ինչպէս` իսկական գօտեմարտերուն ընթացքին, անոնք խաղի վերջաւորութեան ստիպուած են հանելու իրենց դիմակը:

* * *

Նկարելու Մեքենայ Մը
Անջրպետին
Մէջ

Ատամ Քատուըրս 19 տարեկան անգլիացի պատանի մըն է: Սեպտեմբեր ամսուն ան տարօրինակ ծրագիր մը իրագործած է:

Ան համացանցի հ-պէյ կայքէջէն մօտաւորապէս 30 տոլարի նկարելու մեքենայ մը գնած է. ան զայն դրած է տուփի մը մէջ, Ճի. Փի. Էս. գործիքի մը, ձայնասփիւռի մը եւ մեքենան կանոնաւոր կերպով աշխատցնող փոքր գործիքի մը հետ: Ան այդ տուփը կապած է մեծ փուչիկի մը, որ երկինքին մէջ մինչեւ 30 քմ  բարձրացած է եւ հասած է երկրագունդին սթրաթոսֆերի խաւին:

Երբ փուչիկը ի վերջոյ պայթած է, կամ` անոր ուռեցքը իջած, այս «թռչող առարկան» ետ գետին իջած է: Ատամ զայն կրցած է գտնել անոր Ճի. Փի. Էս.-ին միջոցով, իր բնակավայրէն 50 քմ. հեռու: Այս ձեւով ան ստացած է անջրպետէն սքանչելի պատկերներ:

* * *

Մարզանք Սիրող Շուները

Միայն մարդ արարածները չեն, որոնք կը սիրեն ալիքներուն վրայ սըրֆ ընել: Գիտէի՞ր, թէ սեպտեմբեր ամսուան Քալիֆորնիոյ Հանթինկթըն ծովափին տեղի կ՛ունենայ… շուներու յատուկ սըրֆի մրցումը, Սըրֆ Սիթի Սըրֆ Տոկ:

Չորս ոտքերով մօտաւորապէս 50 «մարզիկներ» ալիքներուն վրայէն կը թռչին դատական կազմին եւ հանդիսատեսներուն աչքերուն առջեւ: Բոլոր անասունները ստիպողաբար հագած պէտք է ըլլան փրկութեան բաճկոններ. կարգ մը անասուններ կրնան աւելի քան 10 երկվայրկեան դիմանալ առանց իյնալու: Անոնց երկու կէտ կը տրուի, եթէ անոնք լաստակին վրայ պառկած ըլլան, 3 կէտ, եթէ կրնան նստիլ, եւ 4 կէտ, երբ անոնք ոտքի կը կենան: Իրենց տէրերուն կողմէ մարզուած այս իսկական մարզիկներէն իւրաքանչիւրը ունի իր անձնական ոճը:

Վերջաւորութեան, բոլոր մասնակցողները կը ստանան մետալ մը` իբրեւ մասնակցութեան գնահատանք:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շուները:

Կրնա՞ս գտնել ոսկորին հասցնող ճամբան:

Share this Article
CATEGORIES