Ազգային Աբգարեան Վարժարանին Մեսրոպաբոյր Օրը

Վերամուտին զուգադիպող Թարգմանչաց տօնը կրկնակիօրէն կ՛իմաստաւորէ հայ դպրոցին գոյութիւնն ու խորհուրդը: Ան մեր ակունքներուն կը կապէ հայ աշակերտը, որ իր հաւատարմութեան ուխտը կարծես կը վերանորոգէ նոր տարեշրջանին առթիւ:

Ազգային Աբգարեան վարժարանի վերամուտի այլազան աշխատանքներուն առընթեր, հետզհետէ ձեւաւորուեցաւ վերամուտի ամիսը առաւել հետաքրքրական դարձնելու ծրագիրը` կազմակերպելով Թարգմանչաց համապարփակ տօնակատարութիւն մը, ընթացիկէն տարբեր: Շեշտը պիտի դրուէր այբուբենին վրայ, որմէ ծաղկած էր մեր գրականութիւնն ու դպրութիւնը:

Ծնողք-դպրոց գործակցութեամբ, ծրագրուեցաւ այդ առթիւ կազմակերպել ազգագրական իրերու ցուցահանդէս մը, որուն գերակշռող բաժինը պէտք էր ըլլար այբուբենը: Նկարչութեան ուսուցիչը` Հրաչ Այնթէպլեան, նաեւ յատուկ աշխատանքով պիտի մղէր աշակերտները, որ ներկայացնեն այբուբենը իրենց պատկերացումով:

Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ը տօնական օր էր Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ: Մանկապարտէզը, նախակրթարանը զարդարուած էին այբուբենով, իսկ բակին մէջ էր ցուցահանդէսը: Զբօսանքներուն աշակերտները նաեւ պիտի ճաշակէին այբուբենով պատրաստուած կրկնեփներ:

Ատենամարզանքով պիտի եզրափակուէր օրուան տօնակատարութիւնը: Նախակրթարանի աշակերտները դասարան առ դասարան ներկայացուցին իրենց արտասանութիւններն ու երգերը: Կիլիկիոյ միաբանութենէն Պարոյր վրդ. Շերնեզեանը, այս առթիւ հրաւիրուած, բացատրեց թարգմանչաց խորհուրդը եւ թելադրեց աշակերտներուն սիրել մեր մայրենին ու պահպանել զայն գանձի մը պէս: Մեսրոպ Մաշտոցի բոյրով յագեցած օր մըն էր 25 հոկտեմբեր 2012-ը` Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )