20-Ամեակ Մահուան. Կարօտով… Հրաչ Պետոյեանին
Դուն ծնար 1950-ին, վկայուեցար որպէս տոքթոր Օքսֆորտի համալսարանէն, քաղաքական գիտութիւն դասաւանդեցիր Հայկազեան ու Լիբանանեան համալսարաններուն մէջ: Եղար համալիբանանեան հակումներով լիբանանցի հայ, հաւատաւոր` ՀՅԴ-ի, 18 տարեկանէդ:
Աւա՛ղ, 1 նոյեմբեր 1992-ին, 40 տարեկանիդ կաթուածահար մահացար` առանձին ձգելով երիտասարդ կողակիցդ եւ մէկ հատիկ քառասնօրեայ զաւակդ` Հրակը, սուգի մատնելով բոլոր քեզ ճանչցողները:
Քու թաղումիդ առթիւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անունով Մկրտիչ Մկրտիչեան իր դամբանական խօսքին մէջ ըսաւ. «Կարելի չէր գտնել մէկը, որ մօտեցած ըլլար Հրաչին խնդրանքով մը եւ մերժուած ըլլար անկէ: Նկարագրային այս գիծին շնորհիւ է նաեւ, որ Հրաչին յարաբերութիւններուն մէջ բացարձակապէս տեղ չունէին ոխն ու քինախնդրութիւնը: Իր մասնագիտութեան ու մանաւանդ նկարագրային այս յատկանիշներուն շնորհիւ` Հրաչը հանրային-հասարակական-քաղաքական ասպարէզի մարդն էր: Իր ժամանակին մեծագոյն մասը ու բոլոր կարողութիւնները կը տրամադրէր ժողովրդային ծառայութեան մարզին: Իրեն կը դիմուէր, երբ օտարահպատակ հայեր իրենց կեցութիւնը Լիբանանի մէջ օրինականացնելու դժուարութեան մէջ էին: Իրեն կը դիմուէր, երբ երիտասարդներ համալսարան մտնելու կամ գործ գտնելու անկարելիութեան առջեւ կը գտնուէին»:
Մահուանդ 20-ամեակին առթիւ, յանո՛ւն ընտանեկան պարագաներուդ, բարեկամներուդ ու կուսակցական ընկերներուդ, ընդունէ՛, սիրելի Հրա՛չ, քեզ յիշողներուն այս մաղթանքը.
– Հողը թեթեւ գայ վրադ…
Ա. Կ.

